ՌԱԿ-Ի ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ ԿԸ ՄՆԱՅ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՈՂՔԻՆ
Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Գերագոյն խորհուրդը շաբաթավերջին հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով տեղեկացուց, թէ կը շարունակէ մնալ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողքին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ յառաջացած են շարք մը ցաւալի լարուածութիւններ, որոնք խոր մտահոգութիւն կ՚ընկալուին ամբողջ սփիւռքին կողմէ։ Առաջին իսկ պահէն սկսեալ սփիւռքեան շրջանակներ զանազան յայտարարութիւններով կ՚արձագանգեն այս ցաւալի երեւոյթին։ Այդ արձագանգներուն շաբաթավերջին միացաւ նաեւ ՌԱԿ։ Միեւնոյն ժամանակ, սոյն յայտարարութիւնը ունէր լուսաբանութեան բնոյթ։ Արդարեւ, նոյն կուսակցութեան անունով շաբաթավերջին հրապարակուեցաւ նաեւ ուրիշ յայտարարութիւն մը, որու բովանդակութիւնը տարակուսանք յառաջացուցած էր՝ նկատի ունենալով, որ ուղիղ համեմատութեան մէջ չէր ռամկավարներու աւանդական գծին հետ։ ՌԱԿ-ի Գերագոյն խորհուրդի յայտարարութիւնը։
*
Հանրութեան ուշադրութեան ուղղուած անպատասխանատու հաղորդագրութիւն մը, արտատպուելով մամուլի կարգ մը օրկաններուն կողմէ, սփռուած է Հայաստանի եւ սփիւռքի շրջանակներուն մէջ:
ՌԱԿ-ի զինանշանի եւ անուան գործածութիւնը անպատասխանատու կերպով թիւրիմացութեան մատնած ըլլալ կը թուին կարգ մը խմբագիրներ, որոնք տեղ տուած են յիշեալ խաբեբայութեան:
ՌԱԿ-ի հաւատաւոր շրջանակներն ու կառոյցները կը շարունակեն կուսակցութեան պատմական վարկին ու հեղինակութեան վայել գործունէութիւն ծաւալել հայ կեանքին մէջ: Հետեւաբար ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդը կու գայ ամենայն պատասխանատուութեամբ զգուշացնելու հանրային կարծիքը եւ ազգային եկեղեցական ու քաղաքական իրաւասու մարմինները, թէ մայիս 15, 2020 թուակիր հաղորդագրութիւնը, որ կը կրէ «Ի խնդիր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պայծառութեան» վերնագիրը եւ հրապարակուած է ՌԱԿ-ի զինանշանի կողքին, բացարձակապէս չի ներկայացներ ՌԱԿ-ը. պարզապէս անոնք չարաշահելով կուսակցութեան խորհրդանշանները կը փորձեն շփոթութիւն ստեղծել հանրային կարծիքին մէջ, ստապատիր հոգածութեան պատրուակով՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ նկատմամբ:
Բարեբախտաբար այս չարաշահումին հեղինակները քաջութիւնն ունեցած են յականէ անուանէ հրապարակ գալու, ինքնատուր հանգամանքներով հանդերձ, որպէսզի ՌԱԿ-ի աշխարհասփիւռ շրջանակները գիտնան, թէ այս միեւնոյն արկածախնդիրներն են, որոնք պառակտումի սերմը ցանած են կուսակցութեան շարքերէն ներս եւ այսօր կը միտին միեւնոյն խարդաւանքը փոխադրել եկեղեցական կեանքէն ներս:
ՌԱԿ-ը աւանդականօրէն կանգնած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողքին եւ տասնամեակներով կուրծք տուած է անոր դէմ մղուած պայքարին:
Հայաստանեայց Եկեղեցին, ինչպէս ամէն ազգային կազմակերպութիւն, բնականօրէն ունի լուծելիք խնդիրներ, որոնց հանգամանօրէն կ՚անդրադառնան իրաւասու հեղինակութիւններ:
Վարկազրկուած գործունէութեամբ վերոյիշեալ բախտախնդիրները վերջին մարդիկն են, որ կրնան խօսք ունենալ եկեղեցւոյ մասին, կամ առ հասարակ՝ որեւէ ազգային լուրջ խնդրի մասին:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Գերագոյն խորհուրդը կու գայ հպարտութեամբ վերահաստատելու իր հաւատարմութիւնը Մայր Աթոռի հանդէպ եւ զգուշացնելու հանրութիւնը, թէ ՌԱԿ-էն հեռացած տարրեր միայն կրնան իրենց խեղաթիւրուած կարծիքները յայտնել եւ ոչ ՌԱԿ-ի շարքերուն տեսակէտներն ու կեցուածքը:
Շուտով աւելի հանգամանօրէն կ՚անդրադառնանք այս արկածախնդրութեան՝ ստուգելէ վերջ, թէ ո՞ր պղտոր աղբիւրներէն ջուր կը խմեն յիշեալ արկածախնդիրները: