ՏԻԳՐԱՆԻՆ «ԻՏԷԱԼԸ»

«Հայրենասէր մըն էր Պատուելին…»։

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ամբողջ առանցքին, աշխարհական առաջնորդներու կողքին՝ ունեցած ենք նաեւ եկեղեցականներ, որոնք կարեւոր եւ մեծ ներդրում ունեցած են մեր ազգային, հայրենասիրական ու քաղաքական կեանքի ոլորտներուն մէջ։ Հայ ժողովուրդի պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն մէջ, ներառելով նաեւ 1915-ի արհաւիրքի օրերը, եկեղեցականներն ու հոգեւոր առաջնորդները նաեւ մնացած են պատնէշի վրայ եւ իրենց ժողովուրդին հետ «գացած են մինչեւ վերջ»։

Կղերականներու եւ հոգեւոր առաջնորդներու այս փաղանգին մէջ եւ յատկապէս այդ պատմութեան ժամանակահատուածին ընթացքին, իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունեցաւ Վերապատուելի Տիգրան Գունտաքճեան։

Թէեւ 9 Սեպտեմբերի 1915-ին անոր նահատակութիւնը լրագրական շրջագայութեան ուշադրութեան չարժանացաւ, սակայն անոր մահուան գուժը, այն օրերուն անթել հեռագիրի նման տարածուեցաւ ամէն կողմ՝ Եգիպտոսէն մինչեւ Պաղտատ, Փոր Սայիտէն Տէր Զօրի անապատները ցրուած սիրեցեալ իր հօտին…։

Հօրս մօրեղբայրը, որուն անունը ամուր կերպով առընչուած է Քեսապի եւ շրջանի հայութեան պատմութեան, որպէս գաղութի «տոկուն» ղեկավար, նոյնիսկ ժողովուրդի այն հատուածը, որ տարակարծիք եղած է պատուելիին գաղափարներուն եւ իր աշխատանքային ոճին՝ անվարան կը վկայէին, թէ «հայրենասէր մըն էր պատուելին»։ Այս հայրենասիրութիւնը՝ Տիգրան Գունտաքճեան ժառանգած էր իր ընտանիքէն եւ անոր դաստիարակութենէն եւ հետեւաբար ան իր համակ կեանքը նուիրեց նոյնինքն այդ «իտէալին»։

Անկախ այն իրականութենէն, թէ Տիգրան ծնած էր հաւատացեալ եւ եկեղեցիին ծառայող ընտանիքի մը մէջ՝ հայրը Վեր. Յակոբ Գունտաքճեան եւ մայրը երիցուհի Մարիամ, սակայն անոր «ճամբան» դիւրին չեղաւ հասնելու համար «հոգեւոր» կոչումին եւ իր կեանքը տրամադրելու իր ժողովուրդի ծառայութեանը համար…։ «Կեանքի ճամբա»ն գտնելու անոր փորձառութիւնը եղաւ փորձութիւններով լեցուն՝ ներառելով հայր-որդի տարակարծութիւնները, կեանքի մէջ «իտէալը» կերտելու տեսլականին ի խնդիր…։

Տիգրանի հայրը՝ Վեր. Յակոբ Գունտաքճեան եկած էր Ամանոսի լեռներու վրայ գտնուող Հասան Պէյլէն։ Ան իր աստուածաբանական ուսումը կատարելագործելու նպատակով կը մեկնի Մարաշ, իր կնոջ՝ Մարիամին հետ, ուր 5 Սեպտեմբեր 1878-ին, կը ծնի Տիգրան։

Եւ Տիգրանի «կեանքի ճամբու» փորձառութիւնները կը սկսին մանուկ հասակէն, երբ ան Մարաշի մէջ կը վարակուի ծաղիկի համաճարակով։ Ծնողքը գրեթէ յուսահատած էին եւ կ՚ապաւինէին Աստուծոյ բուժումին։ Եւ ահա փոքրիկն Տիգրանի կեանքը կը խնայուի, ի գին անոր դէմքին վրայ մնացած հետքերուն, որոնք ցկեանս իրեն պիտի ընկերանային…։

Վեր. Յակոբ նոյն տարին կը վերադառնայ իր ծննդավայրը Հասան Պէյլ։ Որոշ շրջան մը ան կը մեկնի նաեւ Պէյլան, դարձեալ հովուական ծառայութեամբ։ Տիգրան դպրոց կը յաճախէ Հասան Պէյլի եւ Պէյլանի մէջ, որմէ ետք ան կը ղրկուի Այնթապ, ուր կը յաճախէ Կեդրոնական գոլէճի նախակրթարանը։ 1895-ի համիտեան ջարդերուն ընթացքին, Տիգրանի մէջ կ՚արթննայ հայրենասիրութիւնը եւ կը կերտուի անոր հայրենասէրի նկարագիրը։ Խումբ մը դասընկերներ, իրենց հայերէնի ուսուցիչին ընկերակցութեամբ՝ խոյս կու տան գոլէճէն։ Խոյս տուող հայ պատանիներուն մէկ մասը բռնած էին Քիլիսի ճամբան եւ հոն սպան-նըւած։ Տիգրան եւ անոր երկու բարեկամները կ՚առնեն Հասան Պէյլի ճամբան եւ հոն կը հանդիպին աւազակներու, որոնք կը կողոպտեն զիրենք բայց կը «խնայեն» իրենց կեանքերը։

Տիգրան, որոշ ժամանակ մը մնաց դպրոցէն հեռու՝ Հասան Պէյլի մէջ, փորձելով կեանքը լեցնել տարբեր զբաղումներով։ Հօրը մտահոգութիւնը եւ նեղութիւնը միշտ առկայ էր, այդ ժամանակաշրջանին։ Ան կը մտածէր, թէ տղան ձգած էր դպրոց եւ ուսում, եւ հետեւաբար կորսնցուցած՝ կեանքին մէջ «իտէալի» մը հասնելու գիտակցութիւնը։ Բայց եւ այնպէս հօրը վճռակամութիւնն ու հետեւողականութիւնը՝ իր զաւկին, անպակաս չէր մնար։ «Իմ փափաքս է, որ քարոզիչ դառնաս եւ հոգեւոր առաքելութեան ստանձնես», եղած էր հօրը խիզախ առճակատումի տեսակէտը՝ իր զաւկին հետ։ Տիգրանի հայրը յաճախ կրկնած էր հայրական իր յանկերգը. «Կ՚ուզե՞ս դարձեալ դպրոց երթալ»։ Տիգրան միշտ ալ մնաց իր որոշումին վրայ եւ հաստատած, թէ հետաքրքրուած չէր հոգեւոր ծառայութեամբ։

Սակայն հետզհետէ Տիգրան համոզուած էր, որ կեանքի մէջ անհրաժեշտ էր ձգտիլ «իտէալ»ի մը։ Երբ Վեր. Յակոբ դարձեալ մեկնեցաւ Պէյլան՝ հովուական ծառայութեամբ, իր հետ տարաւ Տիգրանը, ուր ան ուսուցիչի պաշտօն վերցուց տեղւոյն հայկական վարժարանին մէջ։

Եւ Պէյլանի մէջ սկսաւ Տիգրանի կեանքի «ճամբուն» յստակեցումը։ Ան սկսաւ օրական դրութեամբ Աստուածաշունչ կարդալ եւ միշտ հօրը պատրաստ նեցուկը ըլլալ ու մասնակից դառնալ հոգեւոր եւ եկեղեցական ծառայութիւններուն։ Հայր ու որդի սկսած էին զիրար հասկնալ եւ զիրար վայելել։

Պէյլանէն ետք Տիգրան, որպէս ուսուցիչ կը մեկնի Քեսապ։ Այդ պաշտօնէն ետք, ան կ՚որոշէ դարձեալ Այնթապի գոլէճ վերադառնալ՝ երեւի «Անառակ որդիին» վերադարձին նման։

Իսկ զղջո՞ւմը…։ Տիգրան այս անգամ ինքզինք կը գերազանցէ իր կարգապահութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ։ Այնթապի գոլէճէն ետք կ՚անցնի աստուածաբանական ճեմարան, որուն կրթական երեք տարիները ամբողջացնելէ ետք 1905 թուականին, կը վերադառնայ Քեսապ՝ ստանձնելով եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի ծառայութիւնը։

1907 թուականին, պատուելի Տիգրան կը կազմէ ընտանիք՝ ամուսնանալով Մարաշի աղջկանց վարժարանի նախկին ուսուցչուհիներէն Եսթէր Գըրըգեանի հետ։ Բայց արդեօք քանի՞ տարիներու վրայ պիտի երկարէր ընտանեկան այս բոյնը։

1909 թուականին, Քեսապի շուկային մէջ տեղի ունեցած միջադէպի մը պատճառով Վեր. Տիգրան կ՚ամբաստանուի եւ կը կանչուի Ժըսըր Շուղուրի ոստիկանատունը, ուր արգելափակուած կը մնայ երեք ամիս։ Ազատ արձակուելէն ետք, կը հասնին Ատանայի դէպքերուն լուրերը։

Տիգրանի հայրը՝ Վեր. Յակոբ, քսաներկու հովուապետներու հետ կը նահատակուի դէպի Ատանա իրենց ուղեւորութեան ճամբուն վրայ, երբ անոնք կ՚ուղղուէին մասնակցելու Կիլիկիոյ Աւետարանական եկեղեցւոյ միութեան համաժողովին։ Ասոր պիտի յաջորդէին իր երկու կրտսեր եղբայրներուն ու տակաւին այլ հարազատներուն նահատակութիւնը։ Այս բոլորը եկան համոզելու Տիգրանը, թէ իր ողջ մնացած ըլլալը կը պարտէր իր բանտարկուած ըլլալուն։

Այս բոլոր դժբախտութիւնները կրնան ընկճել մարդ արարածը, բայց Տիգրանին համար անիկա եղաւ նոր արթնութիւն մը՝ աւելիով ծառայելու իր ժողովուրդին։

Հզօրացած այս կամքով, Տիգրան վերադարձաւ Քեսապ, ուր իրեն կը սպասէր քանդուած եկեղեցի մը եւ սգակիր ժողովուրդ։

Քեսապի մէջ Տիգրան արտակարգ աշխուժութիւն ցուցաբերեց։ Ան նպատակ դարձուց կառուցել խոշոր եւ ամրակուռ եկեղեցի մը, ուր միանգամայն կրնային ապաստանիլ հազարաւոր մարդիկ՝ երբ այլ դժբախտ դէպքեր կրկնուէին։ Տիգրան կրցաւ Քեսապի մէջ բոլորին համար խանդավառութիւն ստեղծել, առանց համայնքային եւ կուսակցական խտրականութեան։ Ան բոլորը համախմբեց հայ աւետարանական Ս. Երրորդութեան եկեղեցւոյ շէնքին շինարարութեան ծրագրին շուրջ։

Վեր. Տիգրան նիւթական օժանդակութիւններ կրցաւ ապահովել աշխարհի տարբեր երկիրներէ։ Եկեղեցին եւ Վեր. Տիգրանը եղան հայութիւնը միացնող օղակները։

Բայց դժբախտութիւնը ուրուականի մը նման միշտ ալ երեւի պիտի հալածէր Տիգրան Գունտաքճեանը։ 1913 թուականին, իր կողակցին երրորդ զաւկին ծննդաբերութեան ընթացքին, կինը կ՚անհանգստանայ եւ երեք ամիս ետք կը մահանայ։

Ճիշդ է, որ Տիգրանին կեանքին մէջ դարձեալ «մութը» կոխած էր, բայց ընկճուիլ չգիտցող այս հայորդին դարձեալ փարեցաւ իր առաքելութեան։ Չէ՞ որ երկա՜ր «ճամբայ» կտրած էր գտնելու համար այս «իտէալը» եւ առաքելութիւնը։ Անկարելի էր զայն կորսնցնել։ Ան իր երեք մանուկ զաւակները յանձնեց իր մօր եւ շարունակեց իր ծառայութիւնը իր ժողովուրդին եւ Քեսապի գաղութին համար։ Եկեղեցւոյ նորակառոյց շէնքը գրեթէ ամբողջացած էր եւ մնացած էր միայն տանիքի մասը ծածկելը, երբ այս անգամ վրայ հասան 1915-ի դէպքերը։ Ինչպէս որ այս արհաւիրքը քանդեց հայկական ամէն անկիւն, նաեւ քանդեց Տիգրանին թափած ջանքերը ու նպատակը։

Իր ժողովուրդին ծառայելու Տիգրանի անհատնում ուժականութիւնը դարձեալ փաստեց իր զօրութիւնը։ Տարագրութեան առաջին կարաւաններուն հետ աքսորուեցաւ նաեւ պատուելի Տիգրան։ Ան միշտ իր ժողովուրդին հետ էր, կը փորձէր ամէնուն հասնիլ։ Կարաւանի երթուղիին վերջին կէտն էր Հոմս քաղաքը։ Համայի քաղաքներէն մէկուն մէջ հաստատուած գաղթակայանի մը մէջ հաւաքուած էին ամէն կողմէ եկած տարագիր հայեր։ Տիգրան դարձաւ բոլորին պատուելին. ան գործ, դրամ, կարեկցանք, հաց եւ ջուր հասցուց բոլորին եւ ամենէն կարեւորը՝ յոյս ներարկեց բոլոր հայերուն սրտերուն։ Իր հարազատներէն ստացած նիւթական օժանդակութիւնները բաժնեց բոլոր կարօտեալներուն։ «Քանի դեռ օրը լոյս է, կատարելու եմ զիս Ուղարկողին կամքը։ Գիշերը մարդ չի կրնար աշխատիլ»։ Այս ըսելով՝ կը բազմապատկէր իր ջանքերը, տարագիր հայ ժողովուրդին «ցաւերը» կիսելով եւ անոնց կարեկցելով։

Երեւի Տիգրան նախազգաց, թէ «գիշերը» պիտի գայ…։

1 Սեպտեմբեր 1915-ին, շատերու կողքին, Վեր. Տիգրան եւս վարակուեցաւ թիֆիւզէ եւ անկողին ինկաւ։ Եթէ անոր կեանքին բոլոր փորձառութիւնները չկրցան իր ուժը խլել իրմէ, անողոք հիւանդութիւնը կրցաւ։ Տիգրան չէր կրնար շարժիլ այլեւս։

Անշարժանալով հանդերձ Տիգրան չկորսնցուց իր «իտէալը»։ Այն «իտէալը», զոր գտած էր անցնելով իր կեանքի տարբեր փորձառութիւններէն։ «Ասպարէզիս մէջ ցարդ հինգէն մէկ քարոզիչ էի», ըսաւ ան, աւելցնելով. «Երբ ապաքինիմ, հինգէն հինգ քարոզիչ պիտի ըլլամ»։

Տիգրան չապաքինեցաւ, որպէսզի «հինգէն հինգ քարոզիչ ըլլար»։ Բայց ան մինչեւ իր վերջին շունչը սիրեց իր «իտէալը»։ Իտէալը հաւատքին եւ իր տարագիր ժողովուրդին ծառայութիւնը։ «Դիմացս երեք Լոյսեր կան (կ՚ակնարկէր Հօրը, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին), մէկն ալ գաղթականինը թող ըլլայ», ըսաւ ան։

Երեսունութ տարեկանին Վեր. Տիգրան Գունտաքճեան մահացաւ իր տարագիր հայ ժողովուրդին հետ։ Իր գերեզմանը մնաց անյայտ, ինչպէս բոլոր տարագիրները, բայց մնաց իր «իտէալը». եւ այդ «իտէալէն» ժայթքած իր շատ սիրած Լոյսը։ Լոյսը, որուն մէջէն ան տեսաւ, թէ իր ժողովուրդը ու անոր քրիստոնէական հաւատքը ապրեցան, նոյնիսկ երբ ինք ու իր տարագիր ժողովուրդը մեռան…։

«Հայրենասէր մըն էր պատուելին…»։

Որովհետեւ հաւատաց եւ հաւատարիմ մնաց իր հայկական «իտէալին»։ Տիգրանի «Իտէալը» հայուն «Իտէալն» էր, որ սակարկութեան չենթարկուեցաւ, ի գին նահատակութեան։

​ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԵՊԵՃԵԱՆ

 

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2015