ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿ

Հա­յաս­տա­նի մէջ բնա­կող սու­րիա­հա­յե­րը տագ­նա­պած են։ Ա­նոնք եր­բեք այս­քան մտա­հոգ չեն ե­ղած Հա­յաս­տան գտնուե­լու ե­րեք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին: Խիստ վտան­գուած է Սու­րիոյ մէջ մնա­ցած ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն եւ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն ճա­կա­տա­գի­րը: Հա­լէ­պի հետ խզուած են բո­լոր հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րը: Չկայ հա­մա­ցանց, հե­ռա­խօ­սա­յին կա­պը շատ վատ կը գոր­ծէ, կամ գրե­թէ չի գոր­ծեր, օ­րե­րով հնա­րա­ւոր չէ կապ հաս­տա­տել եւ տե­ղե­կու­թիւն ստա­նալ մար­դոց կեան­քի մա­սին: Ստա­ցուած կցկտուր լու­րերն ալ յու­սադ­րա­կան չեն: Սու­րիոյ մէջ մնա­ցած հա­լէ­պա­հա­յե­րը, քա­ղա­քի միւս բնա­կիչ­նե­րուն պէս կը կրեն պա­տե­րազ­մի ողջ տա­ռա­պան­քը՝  ա­հու­սար­սա­փի մէջ ան­ցը­նե­լով ի­րենց իւ­րա­քան­չիւր օ­րը, ա­նոնք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ զրկուած են կեան­քի ա­պա­հո­վու­թեան բո­լոր պայ­ման­նե­րէ՝  ջու­րէ, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թե­նէ եւ այլ մի­ջոց­նե­րէ: Ա­մէն օր կը ռմբա­հա­րուի Հա­լէ­պը. զո­հե­րու եւ վի­րա­ւոր­նե­րու մէջ կան նաեւ հա­յեր:

Պա­տե­րազ­մի ե­րեք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին սպա­ռած են երկ­րին մէջ մնա­ցած մար­դոց գո­յու­թեան մի­ջոց­նե­րը, եւ Հա­լէ­պի մէջ գտնուող հա­յե­րը յայտ­նուած են մա­հուան գօ­տիի մէջ: Ա­նոնք չեն կրնար դուրս գալ երկ­րէն: Երբ պա­տե­րազ­մը սկսաւ, Սու­րիոյ հա­յե­րուն մեծ մա­սը լքած է եր­կի­րը՝  ա­ւե­լի ա­պա­հով վայ­րեր փո­խադ­րուե­լով՝ գլխա­ւո­րա­բար Հա­յաս­տան կամ Լի­բա­նան, իսկ փոքր մաս մը մնա­ցած է հոն՝  տէր կանգ­նե­լու հա­մար տա­րի­նե­րու ի­ր ս­տացուած­քին, տու­նե­րուն, կամ այն յոյ­սով մնա­ցած է, որ շու­տով կ՚ա­ւար­տի պա­տե­րազ­մը։ Ա­նոնք կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց կեան­քը, եւ այ­սօր ա­նոնք ձե­ւով մը պա­տան­դի կար­գա­վի­ճա­կով մնա­ցած են օ­րէ օր սաստ­կա­ցող պա­տե­րազ­մի գօ­տիին մէջ։ Տու­նե­րուն մեծ մա­սը փլած է, իսկ խա­նութ­նե­րը հիմ­նա­կա­նօ­րէն ան­գոր­ծու­թեան մատ­նուած են, փլած են, կամ ալ առգ­րա­ւուած են պա­տե­րազ­մող­նե­րու կող­մէ: Կան անձ­նա­կան գործ ու­նե­ցող կան շատ քիչ հայ գոր­ծա­տէ­րեր, ո­րոնք նախ­կի­նին նման կրնան աշ­խա­տիլ Հա­լէ­պի մէջ:

«Սու­րիա­հա­յե­րու փրկու­թեան միու­թիւ­նը», «Հա­լէ­պ» հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­լէ­պա­հա­յե­րու կամ սու­րիա­հա­յե­րու հար­ցե­րով զբա­ղող քա­նի մը կազ­մա­կեր­պու­թիւն օ­րեր ա­ռաջ՝  6 Մա­յի­սին Ե­րե­ւա­նի մէջ հրա­տապ ժո­ղով գու­մա­րած են՝  վճռե­լու հա­մար Հա­լէպ մնա­ցած ի­րենց ազ­գա­կան­նե­րուն ճա­կա­տա­գի­րը, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ա­ռանց ժո­ղով գու­մա­րե­լու ալ ա­մէն օր կը խօ­սուի այս նիւ­թին մա­սին: Բայց պաշ­տօ­նա­կան ժո­ղով գու­մա­րե­լը եւ կո­չով հան­դէս գա­լը ար­դէն օր­հա­սա­կան եւ ա­նե­լա­նե­լի վի­ճա­կի մը ար­դիւնքն է: Վճի­ռը մէկ է՝ ա­նոնք պէտք է ան­յա­պաղ լքեն եր­կի­րը եւ դուրս գան՝  ա­ւե­լի չվտան­գե­լու հա­մար ի­րենց կեան­քե­րը: Բայց ինչ­պէ՞ս: Անձ­նա­կան մի­ջոց­նե­րով անհ­նար է դուրս ել­լել երկ­րէն. մէկ կող­մէ ա­նա­պա­հով ճամ­բա­նե­րէ անց­նե­լու վտան­գը կայ, իսկ միւս կող­մէ՝  նիւ­թա­կան մի­ջոց­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը: Ի­րենց կար­գին օ­րերս յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս ե­կած են Սու­րիոյ Ա­ռա­քե­լա­կան, Կա­թո­լիկ եւ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­րեք ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ռաջ­նորդ­ներն ու ե­րեք կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը՝  ա­նոնք ո­րո­շած են Հա­լէ­պէն հա­յերու միաս­նա­կան ու զան­գուա­ծա­յին ար­տա­գաղթ չկազմա­կեր­պել, ին­չ որ կը նշա­նա­կէ լու­ծա­րել ու կազ­մա­քան­դել տաս­նա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող սու­րիա­հայ գա­ղու­թը: Այդ մէ­կը, ինչ­պէս ի­րենց յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նշած են հա­մայն­քա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, կրնայ սխալ քայլ մը ըլ­լալ պատ­մու­թեան առ­ջեւ, մա­նա­ւանդ երկ­րի մը մէջ, որ ժա­մա­նա­կին ա­պաս­տան տուած է հա­յե­րուն, իսկ այ­սօր հա­յե­րը, դժուար պա­հուն կը լքեն այդ եր­կի­րը: Այս յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը զար­ման­քի, զայ­րո­յթի եւ քննար­կում­նե­րու ա­լիք բար­ձրա­ցու­ցած է Հա­յաս­տա­նի տար­բեր շրջա­նակ­նե­րէն ներս, մա­նա­ւանդ սու­րիա­հա­յե­րու խնդիր­նե­րով մտա­հոգ մար­դոց եւ կազ­մա­կե­րու­թիւն­նե­րու մօտ։ Յայ­տա­րա­րու­թե­նէն կա­րե­լի է հասկ­նալ, թէ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ վտան­գուած է մար­դոց կեան­քը, բայց ա­նոնք հոն կը պա­հուին միայն գա­ղու­թի պատ­մու­թիւ­նը չքան­դե­լու հա­մար, իսկ միւս կող­մէ ալ չլքե­լու նպա­տա­կաւ եր­կիր մը, որ միշտ բա­րեա­ցա­կամ ե­ղած է հա­յե­րու հան­դէպ: Մե­ծի Տանն Կի­լի­կոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ մտայ­նու­թիւ­նը նոյնն է՝  չկազ­մա­կեր­պել հա­ւա­քա­կան ար­տա­գաղթ։ Այս ա­ռու­մով ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը ո­րո­շած է, որ իւ­րա­քան­չիւր հայ ըն­տա­նիք ինք պի­տի ո­րո­շէ՝  մնա՞լ, թէ հե­ռա­նալ։ Իսկ հա­մայն­քի ղե­կա­վար­ներն ալ ի­րենց կա­րե­լու­թեան սահ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ա­ջա­կից պի­տի ըլ­լան այն ան­հատ­նե­րուն, ո­րոնք հե­ռա­նա­լու ո­րո­շում ա­ռած են: Բայց ա­նոնք ալ շատ լաւ գի­տեն, թէ այ­լեւս իս­կա­պէս անհ­նար է դուրս գալ Սու­րիա­յէն ան­հա­տա­կան մի­ջոց­նե­րով, բա­ցի այն մար­դոց հա­մար, ո­րոնք տա­կա­ւին նիւ­թա­կան մի­ջոց­ներ ու­նին: Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, ե­թէ ազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պուած մի­ջամ­տու­թիւն չըլ­լայ, հա­զա­րա­ւոր հա­յեր դա­տա­պարտուած պի­տի ըլ­լան ան­կախ ի­րենց կամ­քէն Սու­րիոյ մէջ մնա­լու, տա­կա­ւին մէկ տո­կոսն ալ ջար­դի են­թա­կայ պի­տի ըլ­լայ: Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ի­րա­ւա­կան գետ­նի վրայ ի­րա­ւա­սու չէ մի­ջամ­տե­լու ո­րե­ւէ երկ­րի քա­ղա­քա­ցիի ո­րո­շու­մին կամ բնա­կու­թեան վայ­րէն տե­ղա­հան­մա­ն։ Բայց Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ը­սած են, որ ա­նոնք, ո­րոնք Ե­րե­ւան կա­րե­նան հաս­նիլ, պի­տի հո­գան սկզբնա­կան շրջա­նին: Սու­րիոյ մէջ մնա­ցած հա­յե­րը, թէեւ սկզբնա­կան շրջա­նին ինչ-ինչ նկա­տա­ռում­նե­րով չէին ու­զեր ար­տա­գաղ­թել՝ հա­մո­զուած էին, որ մնա­լը ա­ւե­լի ճիշդ է, քան ՝  հե­ռա­նա­լը, սա­կայն ներ­կայ դրու­թեամբ կը խոր­հին ճիշդ հա­կա­ռա­կը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով Հա­լէ­պի մէջ օ­րէ օր սաս­տակ­ցող վի­ճա­կը, ան­յա­պաղ կ՚ու­զեն երկ­րէն հե­ռա­նալ, սա­կայն չու­նին սկզբնա­կան տե­ղա­շար­ժի հա­մար անհ­րա­ժեշտ գու­մա­րը: Ըստ նախ­նա­կան հա­շուար­կի, ա­մէն մէկ հա­յու հա­մար այս պա­հուն տե­ղա­շար­ժի հա­մար անհ­րա­ժեշտ է 2000 ա­մե­րի­կեան տո­լար:

Գործ­նա­կան շատ դժուա­րու­թիւն­ներ կան Հա­լէ­պէն դուրս գա­լու պա­րա­գա­յին:

Են­թադ­րենք, որ հա­լէ­պա­հայ մը այ­սօր ո­րո­շեց Հա­լէ­պէն դուրս գալ: Ա­ռա­ջին հեր­թին պէտք է ա­պա­հո­վէ սու­րիա­կան անձ­նա­գիր, որ ընդ­հան­րա­պէս քա­նի մը ա­միս կը տե­ւէ եւ ո­րոշ գու­մար կը պա­հան­ջէ:

Ա­պա պէտք է, ե­թէ Հա­յաս­տան պի­տի գայ, հայ­կա­կան մուտ­քի ար­տօ­նու­թիւն (վի­զա) ա­պա­հո­վէ, որ ներ­կա­յիս հնա­րա­ւոր չէ Հա­լէ­պէն, քա­նի որ հա­մա­ցան­ցը չի գոր­ծեր, իսկ Հա­լէ­պի մօտ Հա­յաս­տա­նի հիւ­պա­տո­սու­թիւ­նը այդ ար­տօ­նագ­րե­րը կը տրա­մադ­րէ միայն հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցով: Կա­րե­լի է ար­տօ­նու­թիւ­նը ստա­նալ նաեւ մայ­րա­քա­ղաք Դա­մաս­կո­սէն, բայց այս պա­րա­գա­յին ալ Հա­լէպ-Դա­մաս­կոս ճա­նա­պար­հը շատ վտան­գա­ւոր է եւ մեծ հա­մար­ձա­կու­թիւն է՝  կեան­քի գի­նով հաս­նիլ մայ­րա­քա­ղաք:

Ան­ձը Պէյ­րութ հաս­նե­լու հա­մար պէտք ու­նի 100-150 տո­լար փո­խադ­րա­ծախ­սի եւ ճա­նա­պարհն ալ կը տե­ւէ 17 ժամ՝ ա­նա­պա­հով շրջան­նե­րէ անց­նե­լէ ետք: Լի­բա­նան մտնե­լու պա­հուն հա­լէ­պա­հա­յը պէտք է վճա­րէ 300 տո­լար, որ­պէս­զի կե­ցու­թեան ի­րա­ւունք ստա­նայ, ո­րու ըն­թաց­քին պի­տի կա­րե­նայ վի­զա­յի հա­մար դի­մել Պէյ­րու­թի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւն: Լի­բա­նան մտնե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է նաեւ ներ­կա­յաց­նել ո­րոշ փաս­տա­թուղ­թեր, ինչ­պէս նաեւ լի­բա­նա­նահ­պա­տակ ան­ձի մը ե­րաշ­խա­ւո­րու­թիւ­նը: Տա­րան­ցիկ մեկ­նող­նե­րը, այ­սինքն ոչ թէ Հա­յաս­տան, այլ ու­րիշ եր­կիր գա­ցող­նե­րը կրնան Լի­բա­նան մտնել ա­ռանց 300 տո­լար վճա­րե­լու, պայ­մա­նով որ ու­նե­նան ամ­րագ­րուած օ­դա­նա­ւա­յին տոմս, իսկ ի­րենց թռիչ­քը պէտք է տե­ղի ու­նե­նայ յա­ջոր­դող 48 ժա­մե­րու ըն­թաց­քին, այ­լա­պէս կը սպա­սեն լի­բա­նա­նեան սահ­մա­նին վրայ:

Պէյ­րու­թի մէջ կա­րե­լի է մէկ ննջա­րա­նով տուն մը վար­ձել 500-700 տո­լա­րով: Հայ­կա­կան վի­զա ստա­նա­լու պա­րա­գա­յին կա­րե­լի է Ե­րե­ւան մեկ­նիլ 700-800 տո­լար օ­դա­նա­ւա­յին տոմս ա­պա­հո­վե­լէ ետք, իսկ ա­մա­ռը սո­վո­րա­բար այս գի­նե­րը ա­ւե­լի կը սուղ­նան, ու­րեմն ար­դէն սկսած է օ­դա­նա­ւա­յին տոմ­սակ­նե­րու գի­նե­րու բարձր շրջա­նը: Ե­րե­ւան հաս­նե­լու պա­րա­գա­յին կա­րե­լի է 200-400 տո­լա­րի մէկ ննջա­րա­նով բնա­կա­րան մը գտնել, ան­շուշտ տե­ղին հա­մե­մատ: Սկզբնա­կան շրջա­նին աշ­խա­տանք կա­րե­լի է գտնել ամ­սա­կան 150-200 տո­լա­րով:

Թէ ինչ­պէ՞ս սու­րիա­հայ մը պի­տի վճա­րէ այս բո­լո­րը ՝  հաս­նե­լու հա­մար Ե­րե­ւան, դժուար է ե­րե­ւա­կա­յել: Այս օ­րե­րուն մէկ տո­լա­րը կը հաշուէ 330 սու­րիա­կան լի­րա: Այ­սինքն միայն լի­բա­նա­նեան սահ­մա­նին վրայ վճա­րե­լիք 300 տո­լա­րը կը հա­շուէ 99.000 սու­րիա­կան լի­րա, որ կը կազ­մէ ազ­գա­յին վար­ժա­րան աշ­խա­տող ու­սու­ցի­չի մը չորս-վեց ամ­սա­կա­նը: Վեր­ջին օ­րե­րուն սու­րիա­կան լի­րան կորսն­ցու­ցած է իր ար­ժէ­քին 50 առ հա­րիւ­րը։ Այս ար­ժեզր­կու­մէն ետք նկա­տե­լիօ­րէն նուա­զած է ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի մէջ ու­սուց­չա­գոր­ծող սու­րիա­հայ ու­սու­ցի­չի մը ամ­սա­կա­նը, ին­չ որ չնչին գու­մար մըն է՝  տե­ղա­շար­ժի հա­մար: Հա­լէ­պի մէջ ժա­մա­նա­կին ե­ղած է տա­սը վար­ժա­րան, իսկ այ­սօր ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րը միա­ւո­րուած են եր­կու կա­ռոյ­ցի մէջ: Տնտե­սա­կան ա­ռու­մով սղա­ճը, ան­գոր­ծու­թիւնն ու սու­րիա­կան դրա­մին հա­մե­մա­տա­կան ան­կու­մը ա­նել կա­ցու­թեան կը մատ­նեն յատ­կա­պէս բազ­ման­դամ ըն­տա­նիք­նե­րը:

Այ­սօր շուրջ տա­սը հա­զար սու­րիա­հայ դի­մած է Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեա­ն՝  ան­յա­պաղ օ­ժան­դա­կու­թեան կո­չով։ Բայց ինչ­պէս նշե­ցինք, ի­րա­ւա­կան գետ­նի վրայ ոչ մէկ հիմք գայ՝  մի­ջամ­տե­լու այլ երկ­րէն մար­դոց տե­ղա­հա­նու­թեա­ն, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ մէկ կող­մէ ալ մեծ ցան­կու­թիւն կայ ա­ջակ­ցե­լու մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն: Ձե­ւով մը փակ գօ­տի ստեղ­ծուած է Հա­լէ­պի մէջ, եւ հա­յը յայտ­նուած է այդ փակ գօ­տիին մէջ:

ՀՈ­ԳԵ­ՒՈՐ ԿԵԴ­ՐՈ­ՆԸ՝ ՌՄԲԱ­ՀԱ­ՐՈՒԱԾ

Հա­լէ­պի մէջ վեր­ջերս ռմբա­հա­րուած եւ մա­սամբ ա­ւե­րուած է Սրբոց Քա­ռաս­նից Ման­կաց հո­յա­կերտ ե­կե­ղե­ցիի հա­մա­լի­րը: Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռաւ ե­կե­ղե­ցին գրե­թէ եր­կու տա­րիէ ի վեր փակ էր, բայց կը նկա­տուի հա­լէ­պա­հա­յու­թեան հո­գե­ւոր կեդ­րո­նը, ո­րուն փլու­զու­մը յու­սա­հա­տու­թեան մատ­նած է զա­նոնք։ Հա­լէ­պա­հա­յե­րուն հա­մար մխի­թա­րու­թիւն էր Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին կից Հա­լէ­պի Մայր ե­կե­ղե­ցիին գո­յու­թիւ­նը։

Ե­կե­ղե­ցին ու­նի դա­րե­րու պատ­մու­թիւն։ Ան կա­ռու­ցուած է 15-րդ դա­րուն եւ ե­ղած է Հա­լէ­պի մէջ բնա­կող հա­յուն հո­գե­ւոր ա­ջա­կի­ցը. հա­լէ­պա­հա­յու­թեան ան­թիւ, ան­հա­մար ու­րախ ու տխուր ա­ռիթ­նե­րու, ու­րա­խու­թեան ու մխի­թա­րու­թեան սրբա­տե­ղին:

Այս տխուր ա­ռի­թով ինչ­պէս հա­լէ­պա­հա­յեր, այն­պէս ալ այս խնդրով մտա­հոգ բազ­մա­թիւ հա­յեր ի­րենց բո­ղո­քի ձայ­նը բարձ­րա­ցուցած են ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րէն ու զանգուա­ծա­յին լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րէն՝ ը­սե­լով, որ հա­յու­թիւ­նը այ­սօր մեծ գու­մար­ներ կը ծախ­սէ պատ­մա­կան ինչ-ինչ փաս­տեր ա­պա­ցու­ցե­լու եւ ո­գե­կոչ­ման հա­մար, այն պա­րա­գա­յին, երբ կա­րե­լի է կան­խել ներ­կա­յիս տե­ղի ու­նե­ցող մարդ­կա­յին մա­հե­րը, քան­դում­ներն ու փլու­զում­նե­րը: Մա­մու­լին մէջ խո­րագ­րեր յայտ­նուած են, այն մտա­հո­գու­թեամբ, որ այ­սօր պատ­մա­կան Սի­սի մա­սին ա­ւե­լի շատ կը խօ­սուի եւ աշ­խա­տանք կը տա­րուի այդ ուղ­ղու­թեամբ, քան՝  Հա­լէ­պի քանդ­ման եւ հոն բնա­կող հա­յե­րու փրկու­թեան մա­սին:

Ա­ՌԱՋ­ՆՈՐ­ԴԱ­ՆԻՍՏ Ե­ԿԵ­ՂԵ­ՑԻՆ

Ըստ հա­մայ­նա­գի­տա­րա­նէն եւ մա­մու­լէն քա­ղուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու, մա­սամբ հրթի­ռա­կո­ծուած եւ եր­կու տա­րի պար­տադ­րա­բար ան­գոր­ծու­թեան մատ­նուած Ս. Քա­ռաս­նից Ման­կանց Մայր ե­կե­ղե­ցին, որ կը գտնուի Հա­լէ­պի Սա­լի­պէ թա­ղա­մա­սին մէջ, ԺԴ. դա­րէն մին­չեւ այ­սօր Բե­րիոյ Թե­մի ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ ե­կե­ղե­ցին է եւ պատ­մա­կա­նօ­րէն ա­ռա­ջին ան­գամ յի­շուած է 1476 թուա­կա­նին: Ան­ցեա­լին ե­ղած է նաեւ կա­թո­ղի­կո­սա­նիստ ե­կե­ղե­ցի, ուր կա­տարուած են ե­պիս­կո­պո­սա­կան ու կա­թո­ղի­կո­սա­կան ձեռ­նադ­րու­թիւն­ներ եւ սրբա­լոյս միւ­ռո­նի օրհ­նու­թիւն­ներ՝ 1849 թուա­կա­նին Սի­սի Մի­քա­յէլ Բ. Ա­ջա­պա­հեան եւ 1923 թուա­կա­նին՝ Սա­հակ Բ. Խա­պա­յեան կա­թո­ղի­կոս­նե­րուն կող­մէ: Մինչ նախ­նա­կան մա­տու­ռը ե­ղած է կա­թո­ղի­կոս­նե­րու, ա­ռաջ­նորդ­նե­րու եւ ա­կա­նա­ւոր ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րու եւ աշ­խար­հա­կան­նե­րու դամ­բա­րա­նը, ուր թա­ղուած են Ա­զա­րիա Ջու­ղա­յե­ցի (1601), Պետ­րոս Կար­կա­ռե­ցի (1608), Մկրտիչ Քէյֆ­սի­զեան (1894), Բաբ­գէն Ա. ա­թո­ռա­կից վե­հա­փառ հայ­րա­պետ­ները։ Թէեւ վերջ­նոյն ա­ճիւն­նե­րը 1966 թուա­կա­նին փո­խադ­րուած են Ան­թի­լիա­սի Զա­րե­հեան դամ­բա­րա­նը:

Ա­ւան­դու­թեան մը հա­մա­ձայն, Ս. Քա­ռաս­նից Ման­կանց Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ եւ նախ­կին Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ վայ­րը քրիս­տո­նէա­կան գե­րեզ­մա­նա­տուն մը ե­ղած է՝ իր փոք­րիկ մա­տու­ռով:

Մին­չեւ 1500 թուա­կա­նը, եկե­ղե­ցին ներ­կա­յա­ցած է որ­պէս փոքր ա­ղօ­թա­տե­ղի-մա­տուռ մը:

1499-1500 թուա­կան­նե­րուն, հա­լէ­պա­հայ գա­ղու­թի ե­րե­ւե­լի­նե­րէն «Ը­ռա­յիս Պա­րոն Ե­սա­յի»ի բա­րե­րա­րու­թեամբ, ե­կե­ղե­ցին ըն­դար­ձակուած է դէ­պի ա­րե­ւելք-ա­րեւ­մուտք ուղ­ղու­թեամբ: 1616 թուա­կա­նին հա­լէ­պա­հայ իշ­խան Պե­տիկ Չէ­լէ­պիի նուի­րա­տուու­թեամբ եւ եղ­բօ­րը՝ Խո­ճա Սա­նոս Չէ­լէ­պիի վե­րա­կա­ցու­թեամբ, ե­կե­ղեց­ւոյ հիւ­սի­սա­կող­մը կա­ռու­ցուած է ըն­դար­ձակ ե­կե­ղե­ցի մը՝ ե­րեք խո­րան­նե­րով, ո­րոնք վե­րա­շինուած են Ի. դա­րու երկ­րորդ կէ­սուն:

Ս. Քա­ռաս­նից Ման­կանց Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կէն ներս պա­տե­րազ­մէն ա­ռաջ կը գոր­ծէին նախ­կին ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը, հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ կի­րակ­նօ­րեայ դպրոց­նե­րու կեդ­րո­նա­կան բա­ժի­նը, Հա­մազ­գա­յի­նի «Նի­կոլ Աղ­բա­լեան» մաս­նա­ճիւ­ղը, «Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեան» հան­դի­սաս­րա­հը եւ Ազ­գա­յին Հայ­կա­զեան վար­ժա­րա­նի աղջկանց բա­ժի­նը:

ՏԵ­ՂԵ­ԿՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ

Սու­րիոյ մէջ բնա­կող հա­յե­րու թի­ւին վե­րա­բե­րեալ ո՛չ ան­ցեա­լին, ո՛չ ալ ներ­կա­յիս պաշ­տօ­նա­կան տուեալ­ներ ե­ղած են: Ըստ մօ­տա­ւոր հաշուարկ­նե­րու, մին­չեւ պա­տե­րազ­մին սկսի­լը Սու­րիոյ մէջ ե­ղած է 60-70 հա­զար հայ, պա­տե­րազ­մէն ետք այդ թի­ւը նուա­զած է մին­չեւ 20 հա­զա­րով: Միայն Հա­լէ­պի մէջ այ­սօր հա­յե­րու թի­ւը կը հա­շուի շուրջ 9-10 հա­զար:

Պա­տե­րազ­մէն ետք սու­րիա­հա­յե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը Հա­յաս­տան գա­ցած է, մաս մը տե­ղա­ւո­րուած է Լի­բա­նան, իսկ ո­րոշ մաս մըն ալ ՝  փո­խադ­րուած է եւ­րո­պա­կան կարգ մը եր­կիր­ներ։ Բայց պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռաւ ար­տա­գաղ­թող սու­րիա­հա­յե­րուն զգա­լի թի­ւը կեդ­րոն­ցած է Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ա­նոնք Հա­յաս­տա­նի մէջ ալ ու­նին բա­զում դժուա­րու­թիւն­ներ. օ­րի­նակ՝ բնա­կա­րա­նի վար­ձավ­ճա­րի, աշ­խա­տան­քի խնդիր: Եր­կու տա­րի ա­ռաջ սու­րիա­հա­յե­րու հա­մար Աշ­տա­րակ քա­ղա­քին մէջ սկսած «Նոր Հա­լէ­պ» թա­ղա­մա­սի շի­նա­րա­րու­թեան ծրա­գի­րը այ­սօր սա­ռե­ցուած է ՝  մի­ջոց­ներ չլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով, իսկ սու­րիա­հա­յե­րը կը շա­րու­նա­կեն Ե­րե­ւա­նի մէջ ապ­րիլ ընդ­հան­րա­պէս վար­ձու բնա­կա­րան­նե­րու մէջ: Ե­րե­ւա­նի մէջ նոյն­պէս սպա­ռած են ա­նոնց տա­րի­նե­րու խնա­յո­ղու­թիւն­նե­րը, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ շատ մը սու­րիա­հա­յեր ա­ռանց աշ­խա­տան­քի են եւ կը բնա­կին ըն­տա­նիք­նե­րով:

Իսկ ա­մե­նադ­ժուա­րը այն է, որ սու­րիա­հա­յը այ­սօր թէ' Ե­րե­ւա­նի մէջ եւ թէ այ­լուր, կանգ­նած է ա­նո­րո­շու­թեան առ­ջեւ։ Ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ ի­րենց ա­պա­գան, ի՞նչ ճա­կա­տա­գիր կը սպա­սէ սու­րիա­հա­յե­րուն եւ Հա­լէ­պի եր­բեմ­նի ծաղ­կուն գա­ղու­թին, որ տա­րի­նե­րով նկա­տուած է Սփիւռ­քի մայր գա­ղու­թը: Հար­ցեր, ո­րոնց պա­տաս­խան­նե­րը այ­սօր ոչ մէ­կը գի­տէ, քա­նի դեռ ա­նո­րոշ է սու­րիա­կան պա­տե­րազ­մին ել­քը: Ո­մանք զա­ւեշ­տա­կան կը նկա­տեն փլա­տակ քա­ղա­քի մը մէջ, որ զուրկ է կեն­սա­պա­հո­վու­թեան բո­լոր են­թա­կա­ռու­ցածք­նե­րէ, կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, ազ­գա­յին միու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը… Հա­ւա­նա­բար այս մէ­կը ինք­նամ­խի­թա­րան­քի ձեւ մըն է, կամ ալ ՝  մնա­ցած հա­յե­րը ձե­ւով մը պա­տանդ պա­հե­լու մի­ջոց: Մի­թէ ըն­դու­նե­լի՞ է մար­դոց կեան­քի գի­նով գա­ղու­թը պա­հե­լու կամք դրե­ւո­րուել…

Հա­յաս­տա­նեան եւ սփիւռ­քեան մա­մու­լի մէջ չեն դա­դա­րիր այս հար­ցե­րու քննար­կում­նե­րը:

ՍՈՒ­ՐԻԱ­ՀԱՅ ՍՏԵ­ՓԱՆ ՐԱՖ­ՖԻ ՔԱ­ՅԱ­ՊԱ­ԼԵԱՆ. «ՀԱ­ԼԷ­ՊԻ ՄԷՋ ՄՆԱ­ԼԸ
ՏԵ­ՍԱԿ ՄԸ ԻՆՔՆԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԻՒՆ Է, ԻՍԿ ԴՈՒՐՍ ԳԱ­ԼԸ` ՄԵԾ ՈՂ­ԲԵՐ­ԳՈՒ­ԹԻՒՆ»

Մօտ ե­րեք եր­կար տա­րի­ներ «վա­յե­լե­լէ» ետք Հա­լէ­պի քաո­սա­յին ի­րա­վի­ճակն ու սար­սա­փը, վեր­ջա­պէս կա­րո­ղա­ցայ ողջ ա­ռողջ ըն­տա­նի­քիս հետ հաս­նիլ Լի­բա­նան, ուր սկսաւ մեր երկ­րորդ ող­բեր­գու­թիւ­նը։ Ար­դէն ա­ւե­լորդ է նկա­րագ­րել՝ ճա­նա­պար­հա­յին ու մուտ­քի տա­ժա­նա­կիր չար­չա­րան­քը, իսկ ա՛լ ա­ւե­լին՝ Լի­բա­նա­նի մէջ կե­ցու­թեան ար­տօ­նագ­րի եր­կա­րաձգ­ման դժուա­րու­թիւն­նե­րը։ Եւ եր­բեք չա­փա­զան­ցած չեմ ըլ­լար՝ ե­թէ ը­սեմ, թէ պահ մը ինք­զինքս, որ­քան մարդ­կու­թե­նէ ան­ջա­տուած ու ան­ճար զգա­ցի, յանձն ա­ռած մեծ չար­չա­րանքն ու հսկա­յա­կան ծախ­սե­րը, թէ՛ կե­ցու­թեան եւ թէ բնա­կա­րա­նի ա­պա­հով­ման։ Օ­րի­նակ՝ վեց ա­միս եր­կա­րա­կե­ցու­թեան հա­մար եւ լի­բա­նա­նահ­պա­տակ ե­րաշ­խա­ւո­րի մը միջ­նոր­դու­թեամբ՝ իւ­րա­քան­չիւր անձ պէտք է վճա­րէ 200 տո­լար, իսկ բնա­կա­րա­նի մը ամ­սա­կան վարձ­քը 500 տո­լա­րէն կը սկսի: Իսկ ար­դեօք Լի­բա­նա­նի մեր ազ­գա­յին պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ան­տե­ղեա՞կ են, թէ ան­հոգ ի­րենց ազ­գա­կից­նե­րու կրկնա­կի տա­ռա­պան­քէն։

Ա­հա­ւա­սիկ իս­կա­կան պատ­կե­րը «դրախ­տա­յի­ն» Լի­բա­նա­նի եւ սու­րիա­հայ դժբախտ ու որ­բա­ցած խեղճ ժո­ղո­վուր­դին։ Իսկ անձ­նա­պէս վեր­լու­ծե­լէ ետք բո­լոր այս դժբախ­տու­թեանց պատ­ճառ­նե­րը կա­րե­լի է միայն մե­ղադ­րել։

-Սու­րիա­կան վար­չա­կար­գը, որ նա­խընտ­րե­լով իր փա­ռա­մո­լու­թիւնն ու ա­թո­ռա­պաշ­տու­թիւ­նը պատ­ճառ դար­ձաւ իր իսկ ժո­ղո­վուր­դին ա­կա­մայ տե­ղա­հան­ման ու գաղ­թին։

-Մեր մե­ծա­յարգ ու ար­ժա­նա­պա­տիւ՝ ե­րեք հա­մայ­նա­գէտ հա­մայն­քա­պե­տե­րը եւ ազ­գա­յին ջո­ջե­րը, ո­րոնք հա­կա­ռակ բո­լոր ան­մարդ­կա­յին իրա­վի­ճա­կին, եւ ամ­բողջ ե­րեք եր­կար տա­րի­ներ անց՝ տա­կա­ւին միամ­ի­տօ­րէն կը քա­րո­զեն «մնալ, տո­կալ ու գո­յա­տե­ւե­լ» յա­նուն գա­ղու­թա­պահ­պան­ման ու քա­րա­պահ­պան­ման ի գին մարդ­կա­յին ան­մեղ ու ան­հա­մար ող­ջա­կիզ­ման։

Այս­տեղ տե­ղին է մէջ­բե­րել զօ­րա­վար Նժդե­հի մար­գա­րէա­ցած գա­ղա­փա­րը. «Չկայ ա­ւե­լի մեծ չա­րա­գործ, քան ա­ռաջ­նոր­դը, որ իր ժո­ղո­վուր­դը պա­հում է ան­գի­տակ իր դժբախ­տու­թեան պատ­ճառ­նե­րի­ն»։

Եւ ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ող­բեր­գու­թիւն տե­սած ու ապ­րած ազգ մը, հա­րիւր տա­րի անց ոչ մէկ բան սոր­ված ենք մեր ան­ցեա­լի ա­ղի­տա­լի պատ­մու­թե­նէն։

2 Մա­յիս

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2015