ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ՀԻԼԹԸՆԻ»Ի ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

«Հիլ­թըն» աշ­խար­հահռ­չակ պան­դոկ­նե­րու ցան­­ցը կը պատ­րաս­տուի մաս­նա­ճիւղ մը հաս­տա­տել Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Հա­յաս­տա­նեան լրաս­փիւռ­նե­րը կը հա­ղոր­դեն, որ յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն պաշ­տօ­նա­պէս պի­տի բա­ցուի այս նոր հին­գաստ­ղա­նի հիւ­րա­նո­ցը, որ պի­տի գոր­ծէ Ե­րե­ւա­նի կրկէ­սին մօտ կա­ռու­ցուած բարձ­րա­յարկ շէն­քէն ներս։

Ներ­կա­յիս «Հիլ­թըն» աշ­խա­տա­կից­նե­րու հա­ւա­քագր­ման գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ Ե­րե­ւա­նի նոր մաս­նա­շէն­քին հա­մար։ Ըստ հա­ղոր­դուած ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն, թէեւ պան­դո­կին բա­ցու­մը նա­խա­տե­սուած էր ա­ւե­լի կա­նուխ, բայց շի­նա­րա­րու­թեան զա­նա­զան պատ­ճառ­նե­րով յե­տաձգ­ման հե­տե­ւան­քով ապ­րուե­ցաւ ան­խու­սա­փե­լի յա­պա­ղում մը։

Մի­ջազ­գա­յին համ­բա­ւով պան­դոկ­նե­րու ցան­ցե­րու շար­քին այս­պէ­սով «Մա­րիոթ»էն վերջ «Հիլ­թըն»ի խմբակն ալ մուտք գոր­ծած կ՚ըլ­լայ Հա­յաս­տա­նի շու­կայ։ Մաս­նա­գէտ­նե­րու կար­ծի­քով «Հիլ­թըն»ի ներ­կա­յու­թիւ­նը կրնայ էա­պէս փո­խել Հա­յաս­տա­նի պան­դոկ­նե­րու շու­կա­յին ի­րադ­րու­թիւ­նը։

«Հիլ­թըն»ի Ե­րե­ւա­նի մաս­նա­ճիւ­ղին բա­ցու­մը կը յա­ջոր­դէ նաեւ «Քար­ֆուր»ի Ե­րե­ւա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի բաց­ման։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015