ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԼՈՒԾՈՒՄ

Յու­նաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Նի­քոս Քո­ցիաս ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան, Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու տե­սակ­ցե­ցան հիւր նա­խա­րա­րին հետ։ Էր­տո­ղան Քո­ցիա­սը հիւ­րըն­կա­լեց նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ։ Քո­ցիա­սի շփում­նե­րը հե­տաքրք­րա­կան էին ի­րենց ժամ­կէ­տին ա­ռու­մով, ո­րով­հե­տեւ այս Ուր­բաթ՝ Մա­յի­սի 15-ին պի­տի վերսկս­ին կիպ­րա­կան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։

Չա­վու­շօղ­լու եւ Քո­ցիաս հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քե­ցին «Ան­գա­րա փա­լաս»ի մէջ։ Այս առ­թիւ հիւր նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, որ Յու­նաս­տան եւ Թուր­քիա տա­րած­քաշրջա­նէն ներս կը հան­դի­սա­նան կա­յու­նու­թեան ազ­դակ եր­կու եր­կիր­ներ։ Ե­րէ­կուան խորհրդակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին կող­մե­րը հա­մա­կար­ծիք գտնուած են ծո­վու անվ­տան­գու­թեան շուրջ։ Ներ­կա­յիս օ­րա­կար­գի վրայ կը գտնուին շարք մը թէք­նիկ խնդիր­ներ։ Քո­ցիաս յայտ­նեց, թէ կող­մե­րու հա­սա­րա­կաց ցան­կու­թիւնն է Ե­գէա­կա­նի վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րուն հա­մար լուծ­ման գտնուի­լը եւ լա­րուա­ծու­թեան նուա­զու­մը։

Չա­վու­շօղ­լուն ալ հաս­տա­տեց, որ հա­մա­կար­ծիք գտնուած են շարք մը նա­խազ­գու­շա­կան մի­ջոց­նե­րու շուրջ, ո­րոնք ուղ­ղուած են վստա­հու­թեան մթնո­լոր­տի ամ­րապնդման։

Տե­ղա­կան մա­մու­լը կը մատ­նան­շէ, թէ եր­կու նա­խա­րար­նե­րը ամ­փոփ գի­ծե­րու մէջ Ե­գէա­կա­նի պա­րա­գա­յին բա­րե­կա­մու­թեան, իսկ Կիպ­րո­սի պա­րա­գա­յին լուծ­ման ուղ­ղեալ պատ­գամ­ներ փո­խան­ցած են։

Միւս կող­մէ, այ­սօր Ան­թա­լիոյ մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ՆԱ­ԹՕ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն ժո­ղո­վը։ Եր­կօ­րեայ նիս­տե­րուն հա­մար Քո­ցիասն ալ Ան­գա­րա­յէն ան­ցած է Ան­թա­լիա։  Ժողովականներու շարքին է նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով։ Նստաշրջանը կը բացուի Ահմէտ Տավուտօղլուի ելոյթով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015