ՎԻԹԽԱՐԻ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Չինաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Չէն Կոփին յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է ներդրում ունենալու Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման ուղղութեամբ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանէն եւ Սպիտակ Ռուսիայէն խումբ մը լրագրողներ այս օրերուն ճանաչողական բնոյթով ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնեն դէպի Փեքին։ Այս շրջագծով անոնց հետ զրուցած է փոխ-նախարարը, որ յայտնած է հետեւեալը. «Թէեւ Հայաստան եւ Չինաստան աշխարհագրական դիրքերով իրարմէ բաւական հեռու են, սակայն սա չի խանգարեր, որ կողմերը արդիւնաւէտութեամբ համագործակցին իրարու հետ։ Հայ եւ չինացի ժողովուրդները իրարու հետ համագործակցած են տակաւին հին ժամանակներէն սկսեալ, երբ կը գործէր Մետաքսի ճանապարհը եւ հիմա ալ այդ համագործակցութիւնը կը շարունակուի։ Չինաստան պատրաստ է իր ներդրումը ունենալու Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման գործին մէջ, յատկապէս փոխադրութեան ու ենթակառուցուածքներու ոլորտէն ներս»։
Կոփին միեւնոյն ժամանակ դիտել տուաւ, թէ Հայաստան հին երկիր մըն է, որ ունի հարուստ մշակութային ժառանգութիւն եւ հրաշալի պատմութիւն։ «Խելացի եւ աշխատասէր հայ ժողովուրդը մեր օրերուն ալ լծուած է իր երկիրը զարգացնելու եւ շէնացնելու գործին։ Հայաստանի եւ Չինաստանի համագործակցութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է։ Չինաստան շահագրգռուած է, որ այդ յարաբերութիւնները ալ աւելի խորանան։ Երկու երկիրները կապուած են ոչ միայն տնտեսական համագործակցութեամբ, որովհետեւ Չինաստանի երկու նահանգներուն մէջ հայկական ծիրան կ՚աճեցուի։ Հայկական ծիրանը այս պահուն կ՚աճի չինական հողին վրայ եւ դարձած է հայ-չինական բարեկամութեան իւրայատուկ խորհրդանշան մը», աւելեցուց փոխ-նախարարը։
Իր կարգին, Չինաստանի Գիտութիւններու ակադեմիոյ Ռուսաստանի, Արեւելեան Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով կաճառի ղեկավար Եան Ցզինն ալ ընդգծեց, թէ չինական կողմը կ՚ակնկալէ Հայաստանի աշխոյժ մասնակցութիւնը Մետաքսի ճանապարհին վերականգնման ծրագրին։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստան շատ կարեւոր նշանակութիւն մը ունի Մետաքսի ճանապարհի վերականգնման ուղղութեամբ։ Չինական կողմը կ՚ակնկալէ, որ Հայաստան աշխոյժ մասնակցութիւն պիտի ունենայ ճանապարհի վերանորոգման շրջանակներէն ներս ձեռնարկուած ենթակառուցուածքներու շինարարութեան։
«Մետաքսի ճանապարհի վերականգնման համար, բացի ենթակառուցուածքներու շինարարութենէն, շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ այդ ճանապարհը ընդգրկող երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ աշխոյժ շփումներու հաստատումը։ Դժբախտաբար, Հայաստանի եւ Չինաստանի ժողովուրդները քիչ բան գիտեն իրարու մասին», ըսաւ Ցզին եւ յոյս յայտնեց, թէ լրագրողներու ճանաչողական այցելութիւնը պիտի նպաստէ ժողովուրդներու միջեւ շփումներու առաւել աշխուժացման։ Մետաքսի ճանապարհի վերականգնման հարցին մէջ ան կարեւոր նշանակութիւն վերագրեց նաեւ երկու երկիրներու քաղաքական գործիչներու շփումներուն։
Եան Ցզին համոզուած է նաեւ, թէ Մետաքսի ճանապարհի վերականգնումը կրնայ նպաստել բազմաթիւ երկիրներու ներդաշնակ զարգացման՝ իրարու միջեւ փորձառութեան փոխանակման, զանազան քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու միաւորման եղանակով։ Չինաստան անցեալ տարի յատուկ հիմնադրամ մը հաստատեց՝ Մետաքսի ճանապարհի վերականգնման ծրագիրը կեանքի կոչելու առաջադրութեամբ։ Իսկ այս տարի, նոյնպէս Փեքինի նախաձեռնութեամբ հիմնուած է Ենթակառուցուածքներու եւ ներդրումներու Ասիական դրամատունը, որ վարկեր պիտի տրամադրէ վերոյիշեալ նպատակներուն ուղղութեամբ։ Եան Ցզին մատնանշեց նաեւ Մետաքսի ճանապարհի վերականգնման ծրագրին ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւնը։ Այդ ծիրէն ներս իւրաքանչիւր երկրին պիտի վիճակի իւրայատուկ դերակատարութիւն եւ նշանակութիւն։
Իր կարգին, Չինաստանի Առեւտուրի նախարարութեան Եւրոպայի եւ Ասիոյ հետ կապերու վարչութենէն Չժան Տուն յայտնեց, թէ չինացի գործարարները կը փափաքին օգտուիլ Հայաստանի Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան անդամակցութենէն։