ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու ԱԳ կուսակցութեան կողմէ երեսփոխանական թեկնածու առաջադրուած Մարգար Էսաեանը, որուն կ՚ընկերանային իր օգնականներն ու կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավարութենէն ներկայացուցիչներ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Մարգար Էսաեան մեզի յայտնեց, թէ կը փորձէ ընտրութիւններուն ընդառաջ հասարակութեան բոլոր խաւերուն եւ շրջանակներուն հետ ըլլալ շփման մէջ։ Արդարեւ, իր նպատակն է առաջին հերթին զգալի դարձնել բոլորին նկատմամբ տածած յարգանքը ու մանաւանդ արտայայտել բոլորին նկատմամբ ընծայած համահաւասար կարեւորութիւնը։ Անմիջական տեսակցութեան ընթացքին ան բացատրեց որ նախընտրական իր շփումները յառաջ կը տանի ոչ թէ քուէ պահանջելու առաջնահերթութիւնով, այլ հաղորդակցութիւն մշակելու կամ թարմացնելու նախապատուութեամբ՝ որպէսզի մնացեալը ընթանայ աւելի առողջ հունի մը մէջ, մարդոց ազատ վերաբերմունքով եւ կամքի անկաշկանդ դրսեւորմամբ։
Մարգար Էսաեան մեզի յայտնեց, թէ ներկայ նախընտրական հանգրուանին շօշափելի ձեւով կը զգայ համայնքային շրջանակներուն կողմէ իրեն ի նպաստ համակրանքի եւ զօրակցութեան տրամադրութիւնները, որոնք զգացականօրէն մեծ խրախուսանք կ՚ըլլան իրեն համար։ Ըստ իրեն, այժմու բոլոր կանխատեսումները կը վկայեն, թէ ԱԳ կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ մնալ իշխանութեան գլուխ եւ այս մէկը միեւնոյն ժամանակ հնարաւորութիւն մը պիտի ըլլայ, որպէսզի երկրի փոքրամասնութիւններու կեանքի բարելաւման, խնդիրներու յաղթահարման առաջադրութեամբ ձեռնարկուած բարեփոխումներն ալ շարունակուին նոյն թափով։