ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբին կողմէ խումբ մը։ Վարչութեան ատենապետ Ալէն Թէքպըչաքի գլխաւորութեամբ շիշլիցիները Նորին Սրբազնութեան բացատրութիւններ տուին ամսավերջին կայանալիք «Նորածագում» հաւաքոյթին շուրջ, որու պատրաստութիւնները յառաջ կը տարուին Նատիա Շատեանի կողմէ գլխաւորուած կարգադիր յանձնախումբին կողմէ։ Այս նուիրահաւաքման ծրագիրը էական նշանակութիւն ունի շիշլիցիներուն տեսակէտէ։
Նորին Սրբազնութիւնը գնահատանքով արտայայտուեցաւ միութեան կողմէ ծաւալուած գործունէութեան շուրջ։ Ան ըսաւ, թէ պատմական այս ակումբը պէտք է պահել կենսունակ ու պէտք է աշխուժութեամբ տեւականացնել անոր գործունէութիւնը։ Ընդհանուր փոխանորդը փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը։
Միւս կողմէ, Նորին Սրբազնութիւնը Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց նաեւ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, որոնք իր այցելութեան փութացած էին ուղեկցութեամբ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Սրբազան Հայրը եւ թաղականները խորհրդակցեցան եկեղեցւոյ մօտալուտ տարեկան մատաղօրհնութեան շուրջ։ Ընդհանուր փոխանորդը օրհնութիւններ եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Գուզկունճուքի թաղականներուն։