ՍԿԱՒԱՌԱԿՆԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Օ­փե­րա­յի յայտ­նի մե­ներգ­չու­հի սոփ­րա­նօ Ա­րաքս Ման­սու­րեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պուած շնոր­հան­դէ­սով մը իր ա­րուես­տի հա­մա­կիր­նե­րու դա­տին յանձ­նեց նոյ­նա­ժա­մա­նակ ե­րեք ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­ներ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­ւա­քոյ­թի մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր մե­ծա­նուն ե­րա­ժիշտ Տիգ­րան Ման­սու­րեան, որ այս առ­թիւ ը­սաւ. «Սա ամ­բողջ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քի մը փոք­րիկ մէկ մասն է՝ հան­րա­գու­մա­րի բե­րուած ե­րեք ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կի մէջ, ուր Ա­րաքս Ման­սու­րեան լա­ւա­գոյնս դրսե­ւո­րած է ինք­զին­քը»։

Շնոր­հան­դէ­սին ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նի տնօ­րէն Տ. Վար­դան Եպսկ. Նա­ւա­սար­դեան։ «Այ­սօր մենք վկան ու մաս­նա­կիցն ենք շատ գե­ղե­ցիկ ծրագ­րի մը, որ կը կո­չուի Ման­սու­րեա­նա­կան ա­րուեստ։ Այս պա­հուն է, որ հասկ­նա­լի է, թէ որ­քան մեծ է հայ­կա­կան ծի­նը, որ փո­խան­ցուած է մին­չեւ Շու­շան։ Ա­րաք­սը միշտ մե­զի հետ է՝ աշ­խար­հի որ ծայ­րին ալ ապ­րի։ Ուր ալ ըլ­լայ՝ ան կը ներ­կա­յաց­նէ հայն ու Հա­յաս­տա­նը։ Ես կը խո­նար­հիմ ա­նոր առ­ջեւ, իր ա­րուես­տին առ­ջեւ», ը­սաւ Յա­կո­բեան։ 

Այս ե­րեք ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­նե­րը թո­ղար­կուած են Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ա­ջակ­ցու­թեամբ։ Ա­ռա­ջին ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կը հո­գե­ւոր եր­գե­րու հա­ւա­քա­ծու մըն է։ Երկ­րոր­դին մէջ ներ­կա­յա­ցուած են Տիգ­րան Ման­սու­րեա­նի եւ Ա­րաքս Ման­սու­րեա­նի՝ եղ­բօր ու քրոջ հա­մա­տեղ աշ­խա­տանք­նե­րը։ Եր­րոր­դին մէջ ամ­փո­փուած են Ա­րաքս Ման­սու­րեա­նի գոր­ծե­րը։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015