Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ ՄԱՍԻՆ
Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական ժողովը 14 յուլիս 2020, երեքշաբթի, յետմիջօրէին, ժամը՝ 16.00-ին, գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր։
Ժողովոյս դիւանի 29 մայիս 2020 թուակիր ու 12150 համար զեկոյցով եկեղեցիներու հաւաքական պաշտամունքի վերաբացման համար նախատեսուած էր 19 յուլիս 2020 թուականը՝ Վարդավառի կիրակին։ Բնականոնացման շրջանի վերարժեւորմամբ, որոշուած է Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւոր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ գործող եկեղեցիներ հաւաքական պաշտամունքի վերաբանալ 19 յուլիս 2020, Վարդավառի կիրակիին՝ ճշդուած պայմաններուն համաձայն, որոնք պիտի յայտարարուին առանձնապէս։
Կը հաղորդենք առ ի տեղեկութիւն։
ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ
Չորեքշաբթի, Յուլիս 15, 2020