ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍՊԱՅ ՄԸ Կ՚ՈՒՂԱՐԿԷ ԴԷՊԻ ՄԱԼԻ
Հայաստան կը շարունակէ աշխոյժ մասնակցութիւն բերել միջազգային խաղաղարար առաքելութիւններուն՝ երկրի սահմաններէն դուրս ծագած հակամարտութիւններու մեղմացման ու յաղթահարման նպատակով։ Ցարդ մասնակցած խաղաղարար առաքելութիւններուն մէջ Հայաստան արձանագրած է յաջողութիւններ եւ իր նպաստը բերած՝ համաշխարհային անվտանգութեան պահպանման։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նշեց, որ հայկական զինեալ ուժերը յառաջիկայ շրջանին խաղաղարար առաքելութիւն պիտի իրականացնեն Մալիի մէջ։ Հայկական զինեալ ուժերը համաձայն գտնուած են, որպէսզի մասնակցին այդ գործողութեան։ Ներկայիս Հայաստան արդէն խաղաղարար առաքելութիւն կ՚իրականացնէ Աֆղանիստանի, Քոսովայի եւ Լիբանանի մէջ։
«Հայ խաղաղապահները իրենց խաղաղարար առաքելութիւնը կ՚իրականացնեն Աֆղանիստանի, Քոսովայի եւ Լիբանանի մէջ։ Այժմ համաձայնութիւն կայ, որպէսզի Յունիս-Յուլիսէն սկսեալ Հայաստանի զինեալ ուժերէն սպայ մը ուղեւորուի դէպի Մալի», ըսաւ Սէյրան Օհանեան։
Հայաստանի կողմէ միջազգային խաղաղարար առաքելութիւններուն բերուած մասնակցութիւնը միշտ կ՚արժանանայ բարձր գնահատանքի։