ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Թեհ­րա­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի նո­րան­շա­նակ դես­պան Ար­տա­շէս Թու­մա­նեան նա­խըն­թաց օր իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը յանձ­նեց Ի­րա­նի նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիին։ Այս առ­թիւ Հա­սան Ռու­հա­նի գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց Հա­յաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի բա­րե­կա­մա­կան ու փոխ­շա­հա­ւէտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ըստ ի­րեն, եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հա­մար ո­րե­ւէ խո­չըն­դոտ գո­յու­թիւն չու­նի։ Տնտե­սա­կան, մշա­կու­թա­յին ու քա­ղա­քա­կան ո­լորտ­նե­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայ­նու­մը կը հա­մընկ­նի եր­կու եր­կիր­նե­րու շա­հե­րուն։ Հա­սան Ռու­հա­նի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին փո­խան­ցեց նաեւ իր ջերմ ող­ջոյն­նե­րը Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հա­մար։

Իր կար­գին, Ար­տա­շէս Թու­մա­նեան հա­ւաս­տիա­ցուց, թէ ջանք պի­տի չխնա­յէ Հա­յաս­տա­նի եւ Ի­րա­նի մի­ջեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ա­ռա­ւել զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ան կանգ ա­ռաւ նաեւ միջ­պե­տա­կան նա­խագ­ծե­րու կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ։ Թու­մա­նեանն ալ, իր կար­գին, Ռու­հա­նիին փո­խան­ցեց Սերժ Սարգ­սեա­նին կող­մէ ող­ջոյն­ներ։

Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Հա­սան Ռու­հա­նի կա­րե­ւո­րեց հա­մա­տեղ նա­խագ­ծե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեան ցու­ցա­բե­րու­մը։ Ան ա­ւել­ցուց, թէ բա­ցի երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թե­նէն, Հա­յաս­տան եւ Ի­րան լա­ւա­գոյնս կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին նաեւ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ։ Ռու­հա­նի բարձր գնա­հա­տեց Ի­րա­նի հայ հա­մայն­քին դե­րը եւ ա­ւել­ցուց, թէ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ա­ռա­ւել սերտ փո­խա­դարձ ճա­նաչ­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ է աշ­խու­ժաց­նել շփում­նե­րը՝ օգ­տուե­լով զբօ­սաշր­ջու­թեան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն, ինչ­պէս նաեւ աշ­խու­ժաց­նե­լով գի­տա­կան եւ հա­մալ­սա­րա­նա­կան փո­խա­դարձ կա­պե­րը։

Յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով նո­րան­շա­նակ դես­պա­նին գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար՝ Հա­սան Ռու­հա­նի յոյս յայտ­նեց, թէ իր ա­ռա­քե­լու­թեան ըն­թաց­քին երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բո­լոր ո­լորտ­նե­րէն ներս ա­ռա­ւել պի­տի ընդ­լայ­նուին ու պի­տի խո­րա­նան։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015