ԲԱՆԱԿՑԻԼ ԱՒԵԼԻ ԱՇԽՈՅԺ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք «Ամերիկայի ձայն»ին հարցազրոյց մը տալով մեկնաբանեց վերջերս Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ ունեցած հանդիպման արդիւնքները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ամերիկացի դիւանագէտը այս առթիւ մատնանշեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները կը փափաքին աւելցնել հանդիպումներու յաճախականութիւնը եւ բանակցիլ աւելի աշխոյժ։ Ըստ իրեն, նախագահներու հաւանական հանդիպման թուականը տակաւին չէ որոշուած, սակայն այժմ միջնորդները հնարաւորութիւն կը փնտռեն նման երկխօսութեան մը կազմակերպման համար։ Ճէյմս Ուորլիքի խօսքերով միջնորդներու դերակատարութիւնը կը կայանայ այդպիսի բանակցութիւններու շրջանակներու նախապատրաստման մէջ։ «Մենք շուտով տարածքաշրջան պիտի այցելենք նախագահներու տեսակցութիւնը նախապատրաստելու նպատակով», յայտնեց Ուորլիք։
Սարգսեանի հետ Ուաշինկթընի մէջ ունեցած զրոյցին արդիւնքները դրական գնահատելով՝ Ուորլիք նշեց, թէ իր տպաւորութեամբ, հակամարտ բոլոր կողմերը կը փափաքին հասնիլ խնդրի խաղաղ կարգաւորման։ «Ես կը հաւատամ, որ թէ՛ նախագահ Սարգսեան եւ թէ նախագահ Ալիեւ կը փափաքին բանակցութիւններու միջոցաւ լուծում մը գտնել այս հակամարտութեան, որ կը շարունակուի չափազանց երկար ժամանակէ ի վեր եւ չափէն աւելի մարդու կեանք խլած է։ Մենք կը փափաքինք այս բոլորին վերջ դնել», ըսաւ ամերիկացի համանախագահը, ըստ որու դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան նախատեսուած ուղեւորութեան ընթացքին միջնորդները կրնան հանդիպիլ նաեւ Արցախի իշխանութիւններուն հետ։
Միջնորդներու հերթական այցելութեան եւ նախագահներու միջեւ նոր հանդիպման մը հաւանականութեան վերաբերեալ այս յայտարարութիւնները զուգադիպեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած հրադադարի 21-րդ տարեդարձին։
Այս մթնոլորտին մէջ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանն ալ յայտարարեց, որ սպառազինութեան առումով երկիրը կը պահպանէ հաւասարակշռութիւնը։ Դէպի Տաւուշի մարզ կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Սէյրան Օհանեան նշեց, թէ հայկական զինեալ ուժերը կը հետեւին այն գործընթացներուն, որոնք տեղի կ՚ունենան հարեւան պետութիւններու մէջ, մասնաւորապէս սպառազինութեան ձեռք բերման առընչութեամբ։ Հայկական զինեալ ուժերը սպառազինութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ ստանալու զուգահեռ կը փորձեն համապատասխան աշխատանքով պահել հաւասարակշռութիւնը։ «Այսօր զինեալ ուժերու հաւասարակշռութեան եւ նոր սպառազինութեան ու ռազմական սարքաւորումներու ապահովման, բարոյահոգեբանական մակարդակի եւ որակական պատրաստուածութեան շնորհիւ կը պահպանուի ուժերու հաւասարակշռութիւնը», ըսաւ Օհանեան եւ աւելցուց, թէ Ատրպէյճանի կողմէ Ռուսաստանէն սպառազինութեան գնման հարցը բնականաբար կը մտահոգէ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։ Բայց եւ այնպէս, սահմանի վրայ կանգնած հայ զինուորը գիտէ, թէ ամէն տեսակ սպառազինութեան օգտագործման պարագային ի վիճակի է հակահարուած տալու։
«Ռուսական զէնքի յայտնուիլը Ատրպէյճանի մէջ, ի հարկէ, մեզ կը մտահոգէ։ Սա իւրաքանչիւր ինքնիշխան պետութեան խնդիրն է։ Կը կարծեմ, որ Ռուսաստանի ղեկավարութիւնը այս բոլորով հանդերձ վերահսկելի վիճակի մէջ կը պահէ մեր տարածքաշրջանն ու հարեւանները, մանաւանդ որ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են յատկապէս ռազմաթէքնիկ համագործակցութեան առումով։ Սահմանի վրայ կանգնած ոեւէ զինուոր չունի հոգեբանական ընկճուածութիւն» ըսաւ ան։
Ըստ Սէյրան Օհանեանի, Ատրպէյճան թիզ մը անգամ չէ կրցած յառաջ տանիլ շփման գիծը։ Հայկական զինեալ ուժերու առօրեան ու ռազմադաստիարակչական ամբողջ գործընթացը, մարտական հերթապահութիւնը վերջին մէկ տարուան ընթացքին գտնուած են միշտ օրակարգի վրայ։ Այս ժամանակահատուածին մարտական հերթապահութիւնը նշանաւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերու շփման գծին վրայ էական լարման դէպքերով, որոնք չէին հասած այսպիսի մակարդակի մը։ Սա արտայայտուեցաւ նաեւ անցեալ տարուայ ամրան փոքր պատերազմով եւ ուսումնավարժական թռիչք իրականացնող ուղղաթիռի դաւադիր ռմբահարմամբ, տարեմուտի նախայարձակ գործողութիւններով։ «Դիրքապահներու հմուտ քայլերուն եւ հակառակորդի դէմ պայքարի նոր մարտավարութեան շնորհիւ, անոնց գործողութիւնները չեն ապահոված ռազմավարական նպատակներու իրականացումը եւ խուճապի պատճառ չեն դարձած բանակի եւ հասարակութեան շարքերէն ներս։ Հասարակութիւնը աւելի համախմբուած է։ Այդ ոտնձգութիւնները կասեցնելու համար հայկական կողմը վճարած է թանկ փոխարժէք», ըսաւ Սէյրան Օհանեան ու կանգ առաւ միջազգային երաշխիքներու փոխլրացեալ համակարգի պահպանման վրայ։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան շեշտեց, թէ հայկական ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը, զինեալ ուժերու ամբողջ հրամանատարական կազմը ամէն ինչ կ՚ընեն հակառակորդին հետ խելացի յարաբերութիւններու ձեւաւորման, խելացի պաշտպանութեան իրականացման եւ հրադադարի ապահովման համար։ Արցախի հակամարտութեան գծով հաստատուած հրադադարի 21-րդ տարեդարձին առթիւ Սէյրան Օհանեան զօրամասերէն մէկուն մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Այսօր ալ ամէն ինչ կ՚ընենք, որպէսզի խնդիրը լուծուի խաղաղ ճանապարհով։ Հետեւողականօրէն կ՚ընենք այս բանը։ Եթէ արդիւնք չկայ, ապա պէտք է հարցնել հարեւաններուն։ Մենք ամէն ինչ կ՚ընենք, որպէսզի յարաբերութիւնները չսրուին ու հարցերը լուծուին փոխադարձ ըմբռնման եւ մեր շահերու գերակայման պայմաններուն մէջ», շարունակեց Սէյրան Օհանեան, որու համոզմամբ տարիներու ընթացքին հրադադարի դրութիւնը չէ պահպանուած լիարժէք ձեւով։
Միեւնոյն ժամանակ նախարարը ընդգծեց, թէ հակամարտութեան կարգաւորման միակ ճանապարհը կը համարէ քաղաքական երկխօսութիւնը, խաղաղ բանակցութիւնները։ «Տարածքաշրջանային իրավիճակն ու շփման գծին վրայ հրադադարի պարբերական խախտումները թոյլ կու տան ըսելու, որ մենք պէտք է շարունակենք այն գործընթացը, որու նպատակն է խնդրի խաղաղ, քաղաքական ճանապարհով լուծումը։ Այս հարցով իւրաքանչիւր քաղաքական հանդիպումէն ակնկալութիւնը այն է, որ հարցը լուծուի հաւասար, փոխադարձ հասկացութեան եւ երկխօսութեան, շփման գծին վրայ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման պայմաններուն ներքեւ», ընդգծեց Սէյրան Օհանեան եւ աւելցուց, թէ հայկական կողմը կը փափաքի, որ հարեւաններն ալ հասկնան, թէ պէտք է ամէն ինչ ընել լարուածութիւնը ցած մակարդակի վրայ պահելու համար։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան բարձր գնահատական տուաւ դիրքերուն մօտ գործադրուող դիտարկման համակարգին համար։ Զուգահեռաբար, Հայաստանի զինեալ ուժերը անընդհատ կը կատարելագործեն իրենց ռազմական սարքաւորումները։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հրադադարի տարեդարձին կապակցութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան վստահութիւն յայտնեց, թէ ուշ կամ կանուխ պիտի վերականգնուի բանակցային լիարժէք ձեւաչափը։ Ըստ իրեն, բնականաբար, հրադադարով ամբողջովին չէ կարգաւորուած հակամարտութիւնը, սակայն դադրած է պատերազմը եւ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն ներս սկսած է նոր փուլ մը, որ հետագային արդէն շարունակուած է դիւանագիտական, քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական ոլորտներուն մէջ։ Պապայեանի խօսքերով, հրադադարը ոչ միայն Արցախին, այլ Ատրպէյճանին նոր հնարաւորութիւն ընձեռեց՝ զարգանալու եւ պատերազմի վէրքերը ապաքինելու համար։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Իր կարգին, Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեանն ալ ըսաւ, թէ այսօր Ատրպէյճան կը փորձէ վերսկսիլ պատերազմը, ինչ որ տեղի պիտի տայ կրկին իրեն պարտադրուելիք հրադադարի մը եւ այս անգամ աւելի ցաւոտ։ «Երբ Ատրպէյճան պիտի հասկնայ, որ կարելի է երթալ փոխադարձ զիջման եւ այդ փոխադարձ զիջումը ճիշդ պիտի ընկալէ, կը կարծեմ, թէ խաղաղութիւնը այս տարածքաշրջանին մէջ պիտի հաստատուի վերջնականօրէն. բան մը, որու բոլոր նախադրեալները կան եւ որեւէ գաղտնիք այս ժամանակաշրջանին մէջ չկայ», դիտել տուաւ Յակոբեան եւ ընդգծեց, թէ իրենք ամբողջութեամբ կը տիրապետեն տուեալներուն եւ կարիք չունին Ատրպէյճանի սպառազինութեան սպառնալիքներուն, որոնք որեւէ բան պիտի չփոխեն։
Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԱՓԱԹՈՒՐԱՅ
Միւս կողմէ, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայն ալ յայտնեց, որ դաշինքը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը կը տեսնէ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով ու կ՚աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան գործընթացին։ Ափաթուրայ միեւնոյն ժամանակ անհանգստութիւն յայտնեց շփման գծի իրավիճակի վատթարացման կապակցութեամբ։