183-ՐԴ ՈՍԿԷ ՕՂԱԿԸ…
Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 183-րդ տարեդարձը երէկ բարձր տրամադրութեամբ նշուեցաւ մեր համայնքէն ներս։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Համբարձման տօնին օրը համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի վրայ։ Հպարտութեան զգացումներով եւ յարատեւութեան մաղթանքով Գթութեան յարկի տարեգրութեանց մէջ թերթուեցաւ էջ մը եւս։ Մեր այս պանծալի հաստատութեան երթը խորհրդանշող ոսկէ շղթային վրայ աւելցաւ օղակ մը եւս՝ վերելքի իր փայլուն ընթացքին զուգահեռ։
Համբարձման տօնին եւ հիւանդանոցի տարեդարձին առթիւ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութիւններուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, մեր բոլոր վեղարաւոր հայրերն ու բազմաթիւ քահանայ հայրեր։ Ս. Փրկիչ մատրան մէջ առաւօտուն մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ, յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց բացօթեայ հանդիսաւոր Անդաստանը։ Ոգեկոչուեցան նաեւ Կիւլպէնկեան բարեյիշատակ գերդաստանի անդամները՝ հիւանդանոցի համալիրէն ներս գտնուող իրենց շիրմին մօտ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով։
Կրօնական արարողութիւններուն առընթեր հիւանդանոցի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ Համբարձման աւանդական սեղանը։ Աշխարհիկ հաւաքոյթին եւս հանդիսապետեց Նորին Սրբազնութիւնը։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած հոգաբարձութեան անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցին տարեդարձի մասնակիցները, որոնց շարքին կը գտնուէին հիւանդանոցի բարերարները, հասարակական գործիչներ, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, համակիրներ, հիւրեր, նաեւ մնայուն բնակիչները։ Ներկաներու կարգին էին նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Միքայէլ Վարդանեան, ներկայացուցչական խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, ինչպէս նաեւ երեսփոխանի թեկնածուներ՝ Սելինա Տողան եւ Կարապետ Փայլան։
Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պետրոս Շիրինօղլու, որ խօսեցաւ հիւանդանոցի արձանագրած վերելքին եւ հասած մակարդակին վրայ։ Ան խոր երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ Կապոյտ հրեշտակներուն մասին, որոնց առաքելութիւնը ստիպողաբար կը կասեցուի, քանի որ պատկան իշխանութիւններու կարգադրութեամբ անհրաժեշտ կը նկատուի անոնց արհեստավարժներու կողմէ փոխարինումը։ Պետրոս Շիրինօղլու եւ հոգաբարձութեան միւս անդամները մի առ մի յուշանուէրներ յանձնեցին Կապոյտ հրեշտակներուն, որոնք անխոնջ ծառայութիւն մատուցած են տասնամեակներէ ի վեր։ Իր ելոյթին մէջ Պետրոս Շիրինօղլու անդրադարձաւ նաեւ Մոնիք Երկանեանի Թոփգաբուի թաղային խորհուդէն հրաժարելուն։ Ան յոյս յայտնեց, որ Արէտ-Մոնիք Երկանեան բարերար ամոլը կը շարունակէ իր զօրակցութեան առարկայ դարձնել մեր բարենպատակ հաստատութիւները։
Պետրոս Շիրինօղլուէն վերջ Կապոյտ հրեշտակներուն անունով արտայայտուեցաւ Յասմիկ Ծատուր, որ եւս երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ հոգաբարձութեան կողմէ ցուցաբերուած համագործակցութեան ոգիին եւ խրախուսանքին համար։
Վահան Յակոբեանի գործադրած երաժշտական յայտագրով սիրոյ սեղանի տեւողութեան ներկաները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու միջեւ։ Համբարձման սեղանի եզրափակիչ փուլին համայնքային շրջանակներու ջերմ վերաբերմունքին առարկայ դարձաւ նաեւ Միքայէլ Վարդանեան, որու դիւանագիտական առաքելութեան ժամկէտը հասած է իր աւարտին։ Նորին Սրբազնութեան ձեռամբ իրեն յանձնուեցաւ յուշանուէր մը։ Իր խօսքին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախ նշեց, թէ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը պանծալի հաստատութիւն մըն է մեր համայնքին համար։ Ան յարգանքով վերյիշեց հիմնադիր Յարութիւն ամիրա Պէզճեանը եւ անցնող երկար ժամանակաշրջանին հաստատութեան վերելքին համար աշխատողները։ Ընդհանուր փոխանորդը միեւնոյն ժամանակ յաջողութիւն մաղթեց Միքայէլ Վարդանեանի ապագայ գործունէութեան համար։
Համբարձման սեղանը աւարտին հասաւ միաբերան արտասանուած Տէրունական աղօթքով։