ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵԱՆԻ ՆԻՍՏ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան մօտ վերջերս տեղի ունեցաւ ատեանի նիստ։ Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան շարք մը հարցեր։
Մամուլի եւ հասարակութեան հետ բաժնի վարչութեան պետ Է. Պաղտասարեան զեկոյց մը ներկայացուց 2014-2015 թուականներու ժամանակաշրջանին իր բաժանմունքին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան կապակցութեամբ։ Ան մատնանշեց, թէ վարչութիւնը բծախնդրութեամբ գործադրած է նախարարութեան տեղեկատուական քաղաքականութիւնը՝ կապ ու համագործակցութիւն մշակելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն հետ։ Շփումներ մշակուած են նաեւ հասարակական կառոյցներու եւ այլ կազմակերպութիւններու հետ՝ հնարաւոր առաւելագոյն հասանելիութեամբ մատուցելու համար նախարարութեան գործունէութեան մանրամասնութիւնները։
Ամփոփելով նիստը, Հրանոյշ Յակոբեան գոհունակութիւն յայտնեց արդիւնքներուն կապակցութեամբ ու շեշտեց, որ 2015-ի տարելիցի մթնոլորտին մէջ լուսաբանութիւնները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն աւելի քան երբեք։