ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վերջին օրե-րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան բարձ­րա­գոյն կրթու­թեան տա­րած­քի նա­խա­րա­րա­կան հա­մա­ժո­ղո­վը եւ Պո­լո­նիա­յի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան չոր­րորդ ֆո­րու­մը։ «Կա­րէն Տէ­միր­ճեան» մար­զա­հա­մեր­գա­յին հա­մա­լի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցան քննար­կում­նե­րը, ո­րոնց մաս­նակ­ցե­ցան բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու կող­մէ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ, նե­րա­ռեալ Թուր­քիան։ Աշ­խա­տանք­նե­րու սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։

Իր ե­լոյ­թին մէջ Սարգը­ս-եան բա­ցատ­րեց, թէ բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւ­նը այն հիմ­նա­սիւնն է, ո­րու վրայ կը կա­ռու­ցուին գի­տե­լի­քա­հէնք հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, այս ա­ռու­մով Պո­լո­նիա­յի բա­րե­փո­խում­նե­րը վե­րա­փո­խե­ցին Եւ­րո­պա­յի բարձ­րա­գոյն կրթու­թեան նկա­րա­գի­րը՝ ա­պա­հո­վե­լով ու­սա­նող­նե­րու շար­ժու­նա­կու­թիւ­նը եւ ստեղ­ծե­լով կրթա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու լայն բազ­մա­զա­նու­թիւն։ «Պարզ է նաեւ, որ ա­ռանց հա­մա­կար­գա­յին հիմ­նախն­դիր­նե­րու յաղ­թա­հար­ման, հնա­րա­ւոր չէ ա­պա­հո­վել կրթա­կան հա­մա­կար­գի մրցու­նա­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս Հա­յաս­տա­նի, այն­պէս ալ եւ­րո­պա­կան բարձ­րա­գոյն կրթա­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ։ Հա­յաս­տան, 2005 թուա­կա­նին ան­դա­մակ­ցե­լով Պո­լո­նիա­յի գոր­ծըն­թա­ցին, ի­րեն հա­մար հա­մա­գոր­ծակ­ցա­յին նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու հար­թակ մը ձե­ւա­ւո­րեց եւ­րո­պա­կան տա­րած­քին հետ եւ ստա­ցաւ նոր դրոյթ­ներ՝ լա­ւա­գոյնս կի­րար­կե­լու հա­մար մի­ջազ­գա­յին փոր­ձա­ռու­թիւ­նը», ը­սաւ Սարգ­սեան։

Ա­ւե­լի վերջ ան մատ­նան­շեց, թէ եւ­րո­պա­կան կրթա­կան հա­մա­կար­գը, յան­ձինս Պո­լո­նիա­յի գոր­ծըն­թա­ցին, մեծ ներդ­րում ու­նե­ցած է աշ­խար­հի այլ տա­րած­քաշր­ջան­նե­րու կրթա­կան բա­րե­փո­խում­նե­րուն հա­մար՝ կրթա­կան զա­նա­զան ծրագ­րե­րու, քա­ղա­քա­կան եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կով երկ­խօ­սու­թեան մի­ջո­ցաւ։ Հա­յաս­տա­նի կրթու­թեան հա­մա­կար­գին հա­մար կա­րե­ւոր ձեռք­բե­րում մը ե­ղած է 2012 թուա­կա­նին Պո­լո­նիա­յի քար­տու­ղա­րու­թեան ստանձ­նու­մը Ե­րե­ւա­նի մէջ, ինչ որ պա­տաս­խա­նա­տու, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ պա­տուա­բեր պար­տա­կա­նու­թիւն մըն է։ «Սա եւ­րո­պա­կան կրթա­կան ար­ժեհա­մա­կար­գի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը բաժ­նե­լու եւ Հա­յաս­տա­նի բարձ­րա­գոյն կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը այս գոր­ծըն­թա­ցին լա­ւա­գոյնս հա­մար­կե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն մըն է», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ հա­մալ­սա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գէ ներս եր­կի­րը ու­նի յա­ռա­ջըն­թա­ցի մի­տում­ներ թէ՛ ո­րա­կի եւ­րո­պա­կան չա­փա­նիշ­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան եւ թէ ու­սա­նող­նե­րու շար­ժու­նու­թեան ա­ռու­մով։ «Հա­յաս­տա­նի կրթա­կան մշա­կոյ­թը, որ սկիզբ ա­ռած է հնա­գոյն ժա­մա­նակ­նե­րէն՝ որ­պէս իր դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան ան­քակ­տե­լի մաս, մշտա­պէս աշ­խար­հին ներ­կա­յա­ցած է իր նուա­ճում­նե­րով։ Հայ ժո­ղո­վուր­դը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ակ­նա­ծանք ու­նի գի­տե­լի­քի եւ ուս­ման նկատ­մամբ։ Գու­ցէ այս է պատ­ճա­ռը, որ իր հա­զա­րա­մեայ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, երբ կո­ղոպ­տուած, թա­-լանուած ու հա­լա­ծուած է, միակ ար­ժէ­քը, որ չեն կրցած խլել իր­մէ եւ որ լու­սա­ւո­րած է իր դժուա­րին ու­ղին, ե­ղած է գի­տե­լի­քը, հա­րիւ­րա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին կեր­տած հո­գե­ւոր եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։

 

Շաբաթ, Մայիս 16, 2015