ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Զ.

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Խօսք. «Մարմինս ճշմարիտ կերակուր է» (Յհ 6.55):

Մեկնութիւն. Այստեղ ցոյց կու տայ չորրորդը կերակրելէն, թէ Քրիստոս Աստուած է. նախ՝ նկանակներուն համար ըսաւ: Երկրորդ՝ որ աշակերտներուն ըսաւ, թէ՝ «Ես եմ, մի՛ վախնաք» (Յհ 6.20): Երրորդ՝ որ ըսաւ, թէ Ի՛նքն է Կենաց Հացը: Չորրորդ՝ այստեղ պատարագուեցաւ, որ կ՚ըսէ. «Մարմինս ճշմարիտ կերակուր է»:

Չորս բանի համար ճշմարիտ կ՚ըսէ. նախ՝ որովհետեւ այստեղ Քրիստոսի մարմինը կայ ըստ իրին եւ ոչ ըստ օրինակին: Երկրորդ՝ որովհետեւ ճշմարտապէս կը կերակրեն ու կը սնուցանեն հոգին, որ անմահ է: Երրորդ՝ որովհետեւ ճշմարտապէս պատճառ եւ առիթ է յաւիտենական կեանքի: Չորրորդ՝ որովհետեւ հոգիին մշտնջենաւոր կերակուր է, այստեղ, մահէն ետք եւ յարութենէն ետք, այդ պատճառով կը խնդրենք՝ «ամէնօրեայ մեր հացը այսօր եւս մեզի տուր»:

Եւ թէ ֆռանգներու ազգը սուտ են. նախ՝ որովհետեւ բազմաթիւ հացեր կը դնեն Պատարագին: Երկրորդ՝ սուտ են, քանի որ օրհնուած հացէն չեն տար ժողովուրդին, այլ՝ սոսկ հաց սեղանէն: Երրորդ՝ որովհետեւ ժողովուրդին արիւն չեն տար: Չորրորդ՝ սուտ են, որովհետեւ մանուկները կը զրկեն հաղորդութենէն: Հինգերորդ՝ որովհետեւ անապական Խորհուրդին ջուր կը խառնեն:

Ասոնց պատճառն ու պատասխանը տե՛ս Հարցմանց գիրքին մէջ, իններորդ հատոր, երեսունմէկերորդ համար:

Կերակուրին ճշմարիտ ըլլալու մասին ըսելէ ետք, այժմ Խորհուրդի զօրութեան մասին կ՚ըսէ:

Խօսք. «Ով որ մարմինէս կ՚ուտէ եւ արիւնէս կը խմէ՝ մէջս կը բնակի եւ Ես՝ անոր մէջ» (Յհ 6.56):

Մեկնութիւն. Վեց բան կը ցուցնէ բնակիլ ըսելով.

Նախ՝ ինչպէս կերակուրը կը միաւորուի մեր բնութեան, այդպէս ալ Քրիստոսի մարմինը կը միաւորուի մեր հոգիին անբաժանելիօրէն:

Երկրորդ՝ ինչպէս մարմինը մեզմէ առնելով փառաւորուեցաւ Աստուած ըլլալով ու անապական, այդպէս ալ մեր մէջ բնակելով մեր մարմինը կը փառաւորէ յարութեան ժամանակ անապական ընելով, ըստ այնմ. «Իրեն նման պիտի ըլլանք» (Ա. Յհ 3.2):

Երրորդ՝ մենք հաւատքով եւ յոյսով կը բնակինք Անոր մէջ, իսկ Ան շնորհքով կը բնակի մեր մէջ այստեղ, իսկ այնտեղ՝ փառքով:

Չորրորդ՝ սիրով իրարու մէջ կը բնակինք, քանի որ սիրելին սիրով կը բնակի սիրեցեալին մէջ, եւ անդրադարձեալ:

Հինգերորդ՝ իրարու մէջ կը բնակինք, ինչպէս անդամներ՝ ի գլուխն, եւ գլուխը՝ անդամներուն շարժումով եւ զգայութեամբ:

Վեցերորդ՝ ինչպէս Բանը մարմինին միաւորուած է, եւ մարմինը ի Բանն կ՚ըսուի, նոյնպէս մարմինով Ան մեր մէջ կը բնակի, իսկ մենք՝ Անով, Հօր մէջ, ինչպէս ուրիշ տեղ մը կ՚ըսէ. «Ինչպէս Դուն, Հայր, մէջս ես եւ Ես Քու մէջդ, այդպէս ալ ասոնք մեր մէջ ըլլան» (հմմտ. Յհ 14.20):

Հարցում. ինչո՞ւ համար Քրիստոս Ինքզինք մարմինի ու արեան կը բաժնէ, եւ ո՛չ թէ ջիղի, կամ ոսկորի, եւ այլն:

Պատասխան. Չորս պատճառով.

Նախ՝ որովհետեւ արիւնը Քրիստոսի մարմինէն աւելի պատշաճ է խմուելու, քան՝ այլ մասունքները, այդ պատճառով Քրիստոս միայն սա կը յիշէ՝ մարմին եւ արիւն, ցոյց տալու համար կատարեալ սնունդը մեր հոգիին՝ Քրիստոսէն:

Երկրորդ՝ որովհետեւ Քրիստոսի չարչարանքներուն ժամանկ մարմինն ու արիւնը իրարմէ բաժնուեցան, եւ ո՛չ թէ՝ մարմինը եւ ջիղը եւ ոսկորը:

Երրորդ՝ արիւնը հոգին կը նշանակէ, որովհետեւ հոգիին հիմքն ու տեղն է, քանի որ ամբողջ մարմինին մէջ սփռուած է, ինչպէս եւ հոգին, ինչպէս որ Քրիստոսի չարչարանքներու ժամանակ բանական հոգին մարմինէն բաժնուեցաւ:

Չորրորդ՝ որովհետեւ կրկին կերպով կ՚ընդունինք աստուածայինները, ինչպէս կը գրէ Դիոնէսիոսը Տիտոսի թուղթին մէջ՝ առակացին խօսքը մեկնելով. «Իմաստութիւն զէն զզէնլիս եւ խառնեաց ի խառնարանս զգինի» (հմմտ. Առ 9.1-2), այդ պատճառով Հայաստանեայց Եկեղեցին կը խառնէ ու կը միաւորէ մարմինն ու սուրբ արիւնը:

Եւ դարձեալ՝ խօսքին էութենէն ետք բոլորովին Քրիստոս է նշխարին մէջ եւ բոլորովին՝ գինիին մէջ, որ անմահական կեանք կու տայ արժանապէս ուտողներուն եւ խմողներուն:

Խօսք. «Ինչպէս ղրկեց զիս կենդանի Հայրը» (տե՛ս Յհ 6.57):

Մեկնութիւն. այժմ իրարու մէջ բնակելուն եւ կենդանի ըլլալուն պատճառը կը ցուցնէ, որովհետեւ Քրիստոս մարդացեալ Աստուած է եւ Աստուածութեամբն ու մարդկութեամբն կենդանի է Հօր համար, քանի որ Աստուածութեան բնութիւնն ու կենդանութիւնը Հօրմէ ունի, որու պատճառով Հօր պատճառով կենդանի է կ՚ըսուի, իսկ մարդկութիւնը, որովհետեւ միացած է Աստուծոյ բնութեան, այդ պատճառով մարմինը կենդանի է կ՚ըսուի Հօր պատճառով, իսկ մենք՝ միաւորութեամբն առ Աստուած Պատարագին խորհուրդով կենդանի ենք հոգեւորապէս, ո՛չ ըստ միութեան բնութեան, քանի որ ան միայն Քրիստոսին է, այլ՝ ըստ միութեան հաւատքի եւ սիրոյ, այդ պատճառով կ՚ըսէ. «Անոնք որոնք կ՚ուտեն զիս, այդպիսիները Ինծի համար կ՚ապրին» (հմմտ. Յհ 6.55), որովհետեւ անով կը միաւորուի հոգեւոր կեանքի սկիզբին: Ասկէ ետք կ՚եզրակացնէ Քրիստոս ճշմարիտ ըլլալը անոր, որովհետեւ հրեաները սուտ կը համարէին ու կը տրտնջային:

Խօսք. «Այս է կեանքի հացը» (տե՛ս Յհ 6.58):

Մեկնութիւն. Ըստ հացի գոյացութեան Քրիստոսի նոյն մարմինն է, որ Հօր աջ կողմն է, եւ նոյն մարմինը, որ Սեղանին վրայ կը պատարագուի, տակաւին՝ Ան մարմինի քանակութեան տակ է, իսկ ա՛սիկա հացի եւ գինիի որակութեան ու քանակութեան տակ է:

Եւ մարմինը, որ Կոյսէն է եւ երկինքէն իջած է կ՚ըսուի. նախ՝ որովհետեւ երկինքէն իջած միացեալ Բանն է: Երկրորդ՝ որովհետեւ Սուրբ Հոգիէն կազմուեցաւ մարմինը արգանդին մէջ:

Եւ Քրիստոսի նոյն մարմինը, որ այս խորհուրդին մէջ կայ, երկինքէն իջած է կ՚ըսուի. նախ՝ որովհետեւ Աստուծոյ խօսքով էացաւ, երկրորդ՝ որովհետեւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ ձեւացաւ Քրիստոսի մարմինը:

Ասկէ ետք դարձեալ Քրիստոս ցոյց կու տայ այս Խորհուրդին օգտակարութիւնը:

Խօսք. «Ո՛չ ինչպէս ձեր հայրերը մանանան կերան ու մեռան» (տե՛ս Յհ 6.58):

Մեկնութիւն. Ուրկէ՞ յայտնի է, թէ մանանան ճշմարտապէս երկնային կերակուր չէր, այլ՝ միայն անոր օրինակը, որովհետեւ հոգեւոր կեանք չէր տար: Այսպիսի կերպով. քանի որ մանանան կերակուրի բոլոր բաղձանքները ունէր բարի մարդոց բերաններուն մէջ, ինչպէս Սողոմոնը Իմաստութեան մէջ կը գրէ. «Անոր համը ճաշակողներէն իւրաքանչիւրն մատակարարուելով, իւրաքանչիւրին ցանկութեան համապատասխան կը փոփոխուէր» (տե՛ս Իմաստ. 16.21), իսկ չար մարդոց համար անախորժ էր, ինչպէս գրուած է Թուոցին մէջ. «Ժողովուրդը Աստուծոյ դէմ ու Մովսէսին դէմ խօսեցան՝ ըսելով. “…այս չն չին հացէն մեր սիրտը զզուեր է”» (տե՛ս Թւ 21.5): Նոյնպէս Սուրբ Պատարագի այս Խորհուրդը արժանաւորութեամբ ընդունողներուն համար մխիթարութիւն է եւ հոգեւոր կեանքի պատճառ, իսկ անարժանութեամբ ընդունողներուն համար անձին համար դատաստան, այդ պատճառով ետքէն Քրիստոս կ՚ըսէ.

Խօսք. «Ով որ այս հացէն կ՚ուտէ, յաւիտեան կ՚ապրի» (Յհ 6.59):

Մեկնութիւն. Ասիկա արժանաւորութեամբ ընդունողներուն համար կ՚ըսէր:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 63

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020