ՔԵՄՓ ՏԷՅՎԻՏԻ ԺՈՂՈՎԸ ՋՐԲԱԺԱՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔՆԵՐ ՈՒՆԻ
Ամերիկեան Մերի Լենտ նահանգի «Քեմփ Տէյվիտ» աւանին մէջ գումարուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Արաբական ծոցի երկիրներու միջեւ գագաթաժողովը: Քեմփ Տէյվիտի անունը մեզմէ շատերուն համար կարեւոր եւ պատմական հան-գըրւան մը կը յուշէ: Այսպէս 1978 թուականին Քեմփ Տէյվիտի մէջ կայացան արաբ-իսրայէլեան համաձայնութեան նախնական քննարկումները, որոնք պսակուեցան տարի մը վերջ՝ 1979 թուականին Ուաշինկթընի մէջ կնքուած համաձայնութեամբ: Համաձայնութիւնը նոր հանգրուան կը բանար իսրայէլեան հակամարտութեան օրագրութեան մէջ: Այդ ժողովին Եգիպտոսը կը ներկայացնէր Էնվէր Սետաթ, իսկ իսրայէլեան կողմը՝ Իսրայէլի Վարչապետ Մենահիմ Պեկին: Բանակցութիւնները տեղի կ՚ունենային Ամերիկայի «խաղաղարար» նախագահ Ճիմի Քարթըրի «օրհնութեամբ»: Եգիպտոս եւ Իսրայէլ կը շահէին այս համաձայնագրէն, հակառակ անոր, որ տարիներ վերջ՝ 6 Հոկտեմբեր 1981 թուականին Գահիրէի մէջ զօրահանդէսի մը ընթացքին Նախագահ Էնվէր Սետաթ զոհ կ՚երթար «իսլամ եղբայրներ»ու կողմէ արձակուած գնդակներու: Կը զոհուէր Սետաթը, սակայն Քեմփ Տէյվիտի համաձայնագրին հիման վրայ սկիզբ առած Եգիպտոս-Իսրայէլ փոխհասկացողութիւնը կը շարունակուի ցայսօր:
Այսօրուան Քեմփ Տէյվիտի հանդիպումը բոլորովին այլ հարթութեան մը վրայ է: Մինչ 1978 թուականին Քեմփ Տէյվիտը կը միտէր երկու թնշամի կողմերը իրարու մօտեցնել, ստեղծելով խաղաղ Միջին Արեւելքի նոր միջավայր մը, այսօր Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամա այս հանդիպումով կը փորձէ ո՛չ միայն միաւորներ շահիլ, այլ նաեւ իր Արաբական ծոցի «պատմական» դաշնակիցներուն ապահովութիւններ տալ, որ Իրանի հետ որեւէ համաձայնութիւն ուղղուած չէ անոնց դէմ: Սոյն ժողովին Օպամային տրուած ամենէն վատ «նուէր»ը Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորին ժողովէն բացակայութիւնն է: Ու հակառակ անոր, որ Սէուտական տարբեր լրատուական աղբիւրներ կը հերքեն, թէ սոյն բացակայութիւնը հասկնալի պատճառներու բերումով է, սակայն բացայայտ է, որ թագաւորը իրեն նախորդած Ապտուլլահ թագաւորին ձեւաչափերով չի շարժիր: Թագաւորութեան սեղանին վրայ կան կարեւորագոյն օրակարգեր, որոնց առընթեր Միացեալ Նահանգներ բաւական անպատասխանատու կեցուածքներ որդեգրեց: Դամկոլեան սուրի վերածուած սուրիական տագնապին առընթեր Միացեալ Նահանգներ կրնար աւելին ընել, բայց չըրաւ: Ան նոյնիսկ ձեռնպահ մնալէ անդին երթալով իր դիւանագիտութեան պետին՝ Ճոն Քերիի բերնով յայտարարեց, թէ կարելի է խօսիլ եւ երկխօսութեան նստիլ Էսատին հետ: Այս բոլորէն անդին Արաբական ծոցի երկիրներու համար բարդ հարց է Իրանի կորիզային երկիր դառնալու ընթացքը: Մինչ տարբեր աղբիւրներ կը խօսին, թէ Իրան արդէն 2008 թուականէն ի վեր կորիզային զէնքի կը տիրապետէ ու Միացեալ Նահանգներու հետ որեւէ համաձայնութիւն կրնայ Իրանը աւելի հզօրացնել: Այս առումով ալ պէտք է ըսել, թէ Քեմփ Տէյվիտի այս հանդիպումը ջրբաժան մըն է այն իմաստով, որ ժողովէն ետք պարզ պիտի դառնան Արաբական ծոց-Միացեալ Նահանգներ «առեւտուր»ին վերջին նիշերը: Սէուտական Արաբիոյ համար կան երեք կարեւոր պայմաններ, որոնք կը վերաբերին Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եէմէնի:
Եէմէնի մէջ սկիզբ առած զինուորական գործողութիւնները տակաւին երկար ժամանակ կրնան տեւել եւ այդ առումով սիւննի աշխարհը Իրանին կողմէ հաուսիներու ցոյց տրուած նեցուկին դադրեցումը պիտի պահանջէ: Եէմէնի խնդրին հանգուցալուծումը կրնայ նոյնիսկ Սուրիոյ տագնապին համար լուծման նոր ճանապարհներ բանալ, մանաւանդ, որ սուրիական ընդդիմութեան ջոկատներ սկսած են երեւելի առաւելութիւններ գրանցել: Պակաս կարեւոր չէ նաեւ Իրաքի մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն անվտանգութեան հարցը ու այնտեղ շիի խմբաւորումներու յառաջընթացին կասեցումը: Միացեալ Նահանգներու համար այս բոլորէն անդին կարեւոր է Նախագահ Պարաք Օպամայի անկում ապրած վարկին դրական նոր լիցք հաղորդել ու նաեւ Իրանը սիրաշահիլ: Բացի այդ երեւելի է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ շրջանին համար նոր ծածկագիր մը ունի եւ այս առումով Իրաքի քրդական ինքնավարութեան ղեկավար Մեսուտ Պարզանիի շաբաթներ առաջ Սպիտակ տուն տուած այցելութիւնը բնաւ պատահական չէ:
Սուրիական տագնապին հանգուցալուծման ուշացումը եւ անկարելի թուիլը կապ ունի «մէկ տան» մէջ առկայ տարակարծութիւններուն հետ: Քեմփ Տէյվիտի հանդիպումները նաեւ այս ուղղութեամբ որոշիչ դեր կրնայ ունենալ: Հոն կայացած նախնական համաձայնութեան մը պարագային յառաջիկայ օրերուն այդ տագնապին նոր դրական հուն մը մտնելու առաջին նախանշանները կրնան երեւիլ: Արաբները համաձայնելու համար գացին Միացեալ Նահանգներ: Իսկ Միացեալ Նահանգներու համար աղօտ քաղաքական խաղերու ժամանակը արդէն աւարտած է: Շրջանը կարիք ունի յստակ ձեւակերպումներու եւ քաղաքական նոր համաձայնութիւններու:
Այս հանդիպումը կարեւոր է, սակայն շրջանին համար աւելի անհրաժեշտ է, որ շիի Թեհրանն ու սիւննի Ռիատը նոյն սեղանին շուրջ նստին: Այդ հանդիպումը ցարդ հորիզոնին վրայ չ՚երեւիր, սակայն բացորոշ է, որ եթէ Օպամայի նախագահութեան հանգրուանին երկու «ոխերիմ» կողմերը երկխօսութեան չյաջողին երթալ, ապա Միացեալ Նահանգներու ապագայ նախագահի օրերուն այդ ոխը աւելիով պիտի աճի եւ Ամերիկա լաւագոյնս պիտի օգտուի այդ հակամարտութենէն: Իրանի նախագահը կը զբաղի Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութեամբ, Իրաքի նախագահը ընդունելով եւ Եէմէն ու Պէյրութ ուղղակի միջամտութիւններով մոռնալով, որ որեւէ ժամանակէ աւելի ինք կարիք ունի սիւննի աշխարհին հետ երկխօսութեան:
Պատմական կարեւոր պատգամներ պարունակող եւ խաղաղութեան համար կերտուած Քեմփ Տէյվիտի ոգին այսօր կը բացակայի աշխարհէն:
Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան այդ վայրի ընտրութիւնն անգամ անտեղի է, որովհետեւ ուզենք կամ ոչ, այսօրուան հանդիպումը կը փոխկապակցուի խաղաղութիւն կերտած Քեմփ Տէյվիտին հետ:
Սխալ չէ, որ Միացեալ Նահանագներ կը մնայ իր հզօրութեան վրայ, բայց Նախագահ Պարաք Օպամայի «աշխարհը փոխելու» եւ խաղաղութիւն կերտելու բոլոր խոստումները արդէն ջուրը ինկած են: Նոյնը կարելի է ըսել Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութեան համար, որ այսօր ուռած եւ պալարով լեցուն վէրքի տեսք ունի:
Քեմփ Տէյվիտի ժողովը դրական նշան մը կրնայ դնել Օպամայի ան-ւան առջեւ, սակայն, անոր Դեմոկրատական կուսակցութեան համար յառաջիկայ ընտրութիւններուն յաղթանակ տանելու բոլոր կամուրջները կարծես թէ այրած են: Ու ամենակարեւորը այն է, թէ այդ հանգրուանին շրջանին մէջ խաղաղութեան համար կայանալիք «Քեմփ Տէյվիտ»ներ դժուար թէ իրականութիւն դառնան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան