ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՊՐԱԹԻՍԼԱՒԱՅԻ ՄԷՋ ԽՕՍԵՑԱՒ ՆՈՐ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ
Երէկ, Պրաթիսլաւայի մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան եւ Վիշեկրատեան քառեակի (Լեհաստան, Չեխիա, Սլովաքիա, Հունգարիա) երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ, ԵՄ-ի արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինի, Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհանէս Հան, ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Լիթվայի Արտաքին գործոց նախարար Էտկարս Ռինքեւիչ, Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Մարկոտ Վալսթրէոմ եւ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Կժէկոժ Սխեթինա։
Պրաթիսլաւայի մէջ կազմակերպուած այս հաւաքը բացուեցաւ Սլովաքիոյ Վարչապետ Ռոպէրթ Ֆիցոյի ելոյթով։ Այս առթիւ ան կարեւորեց Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան Ռիկայի մօտալուտ գագաթաժողովի նախօրեակին զուգադիպած սոյն ժողովը, որ առիթ ընձեռած է կարծիքներու փոխանակման։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հաւաքի ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ Նալպան-տեան, որ ըսաւ, թէ Արեւելեան գործընկերութեան վերաբերեալ նոր մարտահրաւէրները կը պահանջեն նոր համագործակցային մօտեցումներ։ Հայկական կողմը քաջ կը գիտակցի զանազան ձեւաչափերու մէջ ընդգրկուն համագործակցութեան կարեւորութեան։
«Ես կը փափաքիմ անդրադառնալ ԵՄ-ի հետ մեր ապագայ պայմանագրային յարաբերութիւններու մշակման գործին մէջ յառաջընթացին։ Նախորդ տարուան Նոյեմբերէն ի վեր մենք՝ մեր ԵՄ-ի գործընկերներուն հետ, կ՚աշխատինք նոր իրաւական հիմքին շրջանակը ձեւաւորելու ուղղութեամբ։ Ան կ՚արտացոլէ ԵՄ-ի հետ մեր նախկին բանակցութիւններու բովանդակութիւնը՝ նկատի ունենալով մեր պարտաւորութիւնները այլ միջազգային համարկման ձեւաչափերուն մէջ։ Մարտի կէսին Հայաստանի եւ ԵՄ-ի բանակցային խումբերը աւարտեցին ապագայ իրաւական հէնքի շրջանակին շուրջ խորհրդակցութիւնները ու կ՚ա-կընկալենք, որ ԵՄ-ի անդամ պետութիւնները պիտի հաստատեն եւրոպական բանակցային խումբի իրաւասութիւնը, ինչ որ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ սկսելու բանակցութիւններուն», ըսաւ Եդուարդ Նալպանտեան Պրաթիսլաւայի մէջ։