ԼԵՆԱ ՇԱՄԱՄԵԱՆԻ ՀԱՄԵՐԳԸ

Իս­թան­պու­լի Հա­մա­գու­մար­նե­րու կեդ­րո­նին մէջ, Հար­պի­է, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ սու­րիա­հայ յայտ­նի մե­ներգ­չու­հի Լե­նա Շա­մա­մեա­նի հա­մեր­գը։ Ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ այս ե­րե­կոյ­թը, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին կը գտնուէին նաեւ մեր հա­մայն­քէն ա­րուես­տա­սէր­ներ։ Այս առ­թիւ Լե­նա Շա­մա­մեան ա­ռար­կայ դար­ձաւ հան­դի­սա­տես­նե­րու ջերմ հա­մակ­րան­քին ու ող­ջու­նուե­ցաւ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով։

Շա­մա­մեա­նի հա­մեր­գը մաս կազ­մեց AVEA-ի կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած «Ար­տա­սո­վոր հա­մերգ­նե­րու» շար­քին, որ այս տա­րի կազ­մա­կեր­պուած է 6-րդ ան­գամ ու միշտ կը ստեղծէ լայն արձագանգ։

Լենա Շա­մա­մեա­նի եր­գա­ցան­կին վրայ գե­րակ­շիռ էին ա­րա­բե­րեն եր­գե­րը, ինչ որ ե­զա­կի հա­ճոյք մըն էր ե­րե­կոյ­թին մաս­նա­կից հոծ թի­ւով սու­րիա­ցի ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րուն հա­մար։ Ան քա­նի մը թրքե­րէն եւ հա­յե­րէն երգ ալ հրամ­ցուց ունկն­դիր­նե­րուն, ո­րոնք խո­րա­պէս տպա­ւո­րուե­ցան իր ձայ­նով։ 2015-ի մթնո­լոր­տին հա­մա­հունչ՝ ան հայ­կա­կան գոր­ծե­րը ձօ­նեց Մեծ ե­ղեռ­նի զո­հե­րու յի­շա­տա­կի­ն։

Շաբաթ, Մայիս 16, 2015