ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ ԱՃԻԼ
Այս աշխարհի վրայ կեա՛նք մը տրուած է մեզի, կեանք մը, որ պարտաւոր ենք ապրելու՝ այսպէս կամ այնպէս, բայց անպայմա՛ն ապրելու ենք որոշուած ժամանակին մէջ։ Ինչպէս է կեանքի մասին այս իրականութիւնը, նոյնպէս է նաեւ անոր աճումը։ Դիտեցէ՛ք բնութիւնը՝ հոն կեանք կայ, հոն ուրախութիւն կայ, բայց կայ նաեւ տրտմութիւն, երջանկութիւն կայ, բայց կայ նաեւ ապերջանկութի՛ւն։ Կեանքը ա՛յս է ահաւասիկ, ա՛յս է «կեանքը ապրիլ»։ Սակայն բնութիւնը կը պարտադրէ նաեւ խնամել, հոգալ, աճեցնել կեանքը։
Արդարեւ Աստուած է, որ կը ծաղկեցնէ կոկոնը եւ նոյն ծաղիկը պտուղի կը փոխէ։ Այս կը նշանակէ՝ որ ստեղծել, ստեղծուածը ընդունիլ չի բաւեր, այլ նաեւ պէ՛տք է աճեցնել զայն։ Ունենալ չի բաւեր, այլ պէտք է զայն աւելցնել, աճեցնել, կատարելագործել։
Բնութեան մէջ Աստուած, իր ամենակարողութեամբ ու ամենազօրութեամբ է, որ սերմը կ՚աճեցնէ, սերմը կ՚ուռճանայ Աստուծմով. առաջ խոտը, ետքը հասկը, յետոյ լեցուն ցորենը հասկին մէջ…։ Ուստի Յիսուս կ՚ըսէ. «Նայեցէ՛ք դաշտի շուշաններուն՝ ի՛նչպէս կ՚աճին» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 27)։ Տունկեր ու ծաղիկներ կ՚աճին՝ ո՛չ թէ իրենց մտահոգութեամբ կամ ջանքովը, այլ ստանալով ի՛նչ որ Աստուած մատակարարած է անոնց կեանքին համար։
Մա՛րդ կարող չէ մտահոգութեամբ կամ ինքն իրեն ջանքերով, ու զօրութեամբը բարձրացնել իր հասակը։ Ո՛չ մէկը կարող է իր մտատանջութեամբ կամ ջանքովը հոգեւոր աճում ձեռք բերել։
Տունկը եւ տղան կ՚աճին բնութեան պայմաններուն տակ՝ զիրենք շրջապատող միջավայրէն ստանալով ի՛նչ որ պէտք է իրենց կարողութեանը եւ զօրութեանը համար։
Օդ, արեւ, սնունդ, եւայլն կ՚օգնեն, կը նպաստեն անոնց աճման։
Արդարեւ, բնութեան մէջ այդ պարգեւները ի՛նչ որ են որեւէ անասունի, կենդանի էակի եւ կամ բոյսի մը համար՝ ա՛յն է Քրիստոս Իրեն յուսացողներուն համար։
Յիսուս իրեն յուսացողներուն «յաւիտենական լո՛յս»ն է, Ան «արեւ» ու «վահան» է անոնց։
Արդարեւ, Ան կենդանի ջո՛ւրն է, Աստուծմէ տրուած «հաց»ը՝ որ երկինքէն կ՚իջնէ, եւ կեանք կու տայ համայն աշխարհի։
Իր միածին Որդիին աննման պարգեւովը՝ Աստուած աշխարհը շրջապատած է շնորհներու մթնոլորտով մը ա՛յնքան իրական՝ ո՛րքան ամբողջ երկրագունդը շրջապատող օդը։ Ամէն անոնք որ կ՚ուզեն այդ կենսատու մթնոլորտը շնչել՝ պիտի ապրին ու պիտի աճին մինչեւ հասնին Յիսուս Քրիստոսով այրերու ու կիներու հասակին։ Կեանքի մէջ աճիլ կը նշանակէ հոգեպէս զօրանալ, կատարելագործուիլ եւ արժանանալ խոստացուած «կեանք»ին։
Եւ ի՛նչպէս ծաղիկը բնականօրէն արեւուն կը դառնայ, որպէսզի անոր ճառագայթները գեղեցկութիւն, համաչափութիւն, կենդանութիւն տան իրեն, նոյնպէս եւ մենք պարտինք «Արդարութեան Արեգակ»ին դառնալ՝ որպէսզի երկնային լոյսը կարենայ փայլիլ մեր վրայ՝ եւ մեր նկարագիրները աճին ու զարգանան Քրիստոսի նմանութեամբ։
Յիսուս միեւնոյն բանը կը սորվեցնէ երբ կ՚ըսէ.
«Իմ մէ՛ջս կեցէք, եւ Ես ձեր մէջը։ Ինչպէս որ ճիւղը չի՛ կրնար ինքն իրեն պտուղ տալ եթէ որթին վրայ հաստատուած չըլլայ, նո՛յնպէս ալ դուք չէք կրնար՝ եթէ Իմ վրաս հաստատուած չըլլաք…։ Առանց Ինծի բան մը չէք կրնար ընել» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 4-5)։
Սուրբ կեանք ապրելու համար ա՜յնքան կախեալ ենք Քրիստոսէն, ո՛րքան ճիւղը կախեալ է մայր-որթէն՝ աճելու, զարգանալու եւ պտուղ տալու համար։
Առանց Անոր կեանք չունի մարդ։
Փորձութիւններու դիմադրելու կամ շնորհներու եւ սրբութեան մէջ աճելու համար զօրութիւն չունի մա՛րդ։
Երբ կը խօսինք «կեանք»ի մասին, պէտք է անդրադառնալ «կեանքի էութեան», թէ ի՞նչ է կեանքը։ Երբ կը փորձենք ճանչնալ կեանքը, հարկ է ճանչնալ Աստուծոյ հետ մարդուն խորունկ կապը, քանի որ այս առընչուածութենէն դուրս՝ կարելի չէ ճշմարիտ իսկութեան մէջ դիմակազերծել անվերջ պայքարը մարդուն, որ կը շարունակէ իբր բեռ ճնշել մարդուն կեանքին եւ պատմութեան վրայ։
Ուստի առանց ճանաչումի, զոր ան կու տայ մարդուս Աստուծոյ մասին, կարելի չէ յստակօրէն գիտանալ, ճանչնալ կեանքը՝ իր բազմատեսակ երեսներով, վիճակներով։ Այս պարագային՝ մարդս կը փորձուի բացատրել կեանքը իբրեւ աճումի ընթացք, իբրեւ հոգեբանական ամբողջացում, իբրեւ կատարելութեան ձգտո՛ւմ…։ Այս իմաստով՝ կեանքը անխուսափելի ընկերային ու անհատական պատասխանատուութեան կառոյցք մըն է։ Կեանքը հասկնալ՝ աստուածային ընդհանուր ստեղծագործման ծրագրի ճանաչումը կը նշանակէ, այդ աստուածային ծրագրի տարրերը հասկնալ կեանքը ճանչնալ, կեանքը ապրիլ գիտակցաբար եւ ունենալ՝ նպատակ եւ ընթանալ ըստ նպատակի մը, ահաւասիկ ա՛յս է կեանքը ապրիլ…։
Արդարեւ «կեանք»ը անողոք պայքա՛ր մըն է՝ մարդ էակին պատասխանատուութեանը տակ։
Ուստի «Չար»ին իշխանութեան ամբողջութեամբ ենթարկուած աշխարհի այս «ողբերգական» կացութիւնը մարդուն կեանքը կը վերածէ պայքարի մը։
Մարդոց ամբողջ պատմութեան մէջէն խաւարին ու չարին զօրութիւններուն դէմ կը ծաւալի, կը տարածուի «անողոք պայքա՛ր» մը, պայքար մը ծնած ստեղծագործութեան առաջին օրէն՝ սկիզբէն իսկ, եւ որ պիտի տեւէ մինչեւ վերջին օրը աշխարհին։
Մարդը՝ լծուած այս անողոք պայքարին, պարտաւոր եւ պատասխանատու է անդադար պայքարիլ, մաքառիլ՝ յարելու համար «բարի»ին։ Կեանքին մէջ աճիլ կը նշանակէ, ուրեմն ի գին մեծ ճիգերու եւ Աստուծոյ շնորհքով կարող ըլլալ ներքին խաղաղութիւնը, ներդաշնակութիւնը եւ միութիւնը իրագործե՛լ։
Աստուած, որպէս Արարիչ եւ Նախախը-նամ, որպէս Հա՛յր միշտ հաւատարիմ մնաց իր հայրութեան եւ երբեք չլքեց մարդը՝ իր անկումէն ետք իսկ։ Եւ ահաւասիկ, կեանքի մէջ աճիլ կը նշանակէ անդրադառնալ ու գիտակցիլ Աստուծոյ այս հաւատարմութեան եւ կարելին ընել կատարելագործուելու եւ հաւատարիմ մնալու ինք եւս իր կոչումին։ Քրիստոնեայ վարդապետութիւնը այս իրողութեան մէջ կը նկատէ «Նոր Ադամ»ը իր հնազանդութեամբ մինչեւ Խաչին մահը՝ Ադամին անհնազանդութեանը փոխարէն։
Կեանքի մէջ աճիլ՝ կ՚ենթադրէ այս պայքարը…։
Շատեր կը կարծեն, թէ իրենց վերածնունդի գործը կրնան մասամբ առանձին կատարել։ Անոնք կ՚ուզեն ապրիլ իրենց անձնական զօրութիւններով։
Բայց ամէն ջանք ամուլ կը մնայ։
Յիսուս կ՚ըսէ. «Առանց Ինծի ո՛չինչ կրնաք կատարել»։ Շնորհներու մէջ մարդուն աճումը՝ իր ուրախութիւնը, օգտակարութիւնը, բոլորն ալ կախեալ են Քրիստոսի հետ իր մտերմութենէն ու միութենէն։ Ամէն օր եւ ամէն ժամ Անոր հետ հաղորդ ըլլալով է, որ կ՚իրականանայ այս։
Ան ո՛չ միայն մեր հաւատքին առաջնո՛րդն է՝ այլ ե՛ւ կատարողը։
Քրիստո՛սն է առաջինը եւ վերջինը, «ալֆա»ն եւ «օմէկա»ն։ Ան է սկիզբը եւ վերջը կեանքին։ Քրիստոսի հետ ըլլալու համար պէ՛տք է նախ եւ առաջ ընդունիլ զԱյն։ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Ինչպէս ընդունեցիք Յիսուս Քրիստոսը՝ Տէրը, Անո՛վ քալեցէք», եւ նաեւ. «Արդարը հաւատքէ՛ն պիտի ապրի»։ Աստուծոյ նուիրուիլ՝ կեանքը ապահովելու եւ աճեցնելու լաւագոյն ճամբա՛ն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 4, 2015, Իսթանպուլ