ՀՐԵՇՏԱԿԱՅԻՆ ԱԶԱՏԱՐԱՐ ԲԱԶՈՒԿՆԵՐ
Մութը ետիդ թողած լոյսին բերիր
Ով նուիրեալ հոգատար աղջի՛կ,
Անանուն, բարեգութ, ազնիւ հոգի
Հիւանդապահուհիի վկայականդ չէր
Որ քեզ մղեց ազատարարն ըլլալու
Երեք նորածին՝ ԱՅՈ՛,
Հոգիներուն այս մանրիկ ու նորածին
Նոր աշխարհ եկած՝ երեք անմեղ
Թեւերուդ մէջ գրկած ապահով Հասցուցիր լոյսի՛ն,
Խնայեցիր որ անոնք մնան անտես Ետիդ մնացած գեհենին
Կուրծքիդ սեղմեցիր, լոյսի՛ն բերիր
Փաստելու, յայտարարելու
Աշխարհին ի լուր թէ անոնք Կ՚ԱՊՐԻ՛Ն
Երեք նորածին, երեք փափուկ մարմին
Երեք զոյգ աչք եւ ականջ
Աշխարհ չտեսած՝ խլացա՛ն անոնք
Ահաւոր պայթիւնէն անմարդկային
Մարդ արարածին գեհենային քայլով
Արհաւիրք սփռող արարքով
Քանդելու միտումով․․․
Երե՛ք ՀՈԳԻ, եւ նորածի՛ն-
Չհասցուցին տեսնել թէ
Ինչե՜ր կը կատարուին իրենց ետին,
Նո՛յն սենեակին մէջ ուր աչք բացին…
Երեք նորածին- ՀԱՒԱՏՔ, ՅՈՅՍ ու ՍԷՐ
Ներարկելու աշխարհին
Ազատարար հրեշտակին թեւերուն մէջ
Երեք նորածին՝ շնորհուած այս կեանքով
Երեք պատգամ ունին տալիք աշխարհին
Անգութ ու խուլ այս աշխարհին,
ՀԱՒԱՏՔ, ՅՈՅՍ ու ՍԷՐ
Մէ՞կը՝ Ապրելու կամքն ու իրաւունքը մարդկային
ՀԱՒԱՏՔԸ -Որ ոչ ո՛ք իրաւունք ունի խլելու
Երկրորդը ՅՈՅՍՆ է՝ վերացնելու ԱԹՈՌՆԵՐԸ աննպատակ
Ոչնչացնելու բոլոր գամերը ամրապնդող
ԵՐՐՈՐԴ՝ Աշխարհին ընծայել ՍԷՐ ու միմիայն ՍԷՐ
Սահմանազանց Ծառայողներ ե՛ւ Անձնուրաց
Փայփայող, հոգատար բազուկներ ամէնուրեք,
Ապրելո՛ւ, ապրեցնելո՛ւ իրաւունքին հաւատացողներ
Հրեշտակային ազատարարներ, ԿԵԱ՛ՆՔ ապահովող հոգիներ։
ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Օգոստոս 7, 2020