ԼՈՒՐՋ ԴԷՊՔԵՐՈՒ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ
Մերձաւոր Արեւելքի առկայ թոհուբոհին մէջ շաբաթավերջին ապրուեցան ուշագրաւ զարգացումներ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերը Սուրիոյ տարածքէն ներս իրականացուցին ցամաքային գործողութիւն մը։ Բաց աստի, Սուրիոյ ռազմաօդային ուժերը՝ անօթաչու թռչող սարք մը խախտեց Թուրքիոյ օդային մարզը եւ այս պայմաններուն ներքեւ դարձաւ ռազմաօդային ուժերուն թիրախը։ Ընդհանուր Սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ այդ մէկը հարուածուելով վար առնուած է եւ ինկած՝ Սուրիոյ տարածքին մէջ։
Ի լրումն այս բոլորին, Եգիպտոսի մէջ մահապատիժի վճիռ արձակուեցաւ այդ երկրի նախկին նախագահ Մուրսիի դէմ՝ պետութեան գաղտնիքները բացայայտելու մեղադրանքով։ Անգարայի ղեկավարութիւնը բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ այս դատավճռին դէմ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս կապակցութեամբ նաեւ խիստ քննադատութիւններ հասցէագրեց եւրոպական երկիրներուն, որոնք կը հանդուրժեն այս կացութեան։
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ վերջին անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին Սուրիոյ բանակն ալ կատարած էր ռմբակոծումներ։ Միջազգային գետնի վրայ հետզհետէ կը տիրէր այն համոզումը, թէ առանց ցամաքային գործողութեան մը հնարաւոր պիտի չլլայ վերջնական արդիւնքներու հասնիլ ԻՇԻՊ-ի դէմ ձեռնարկուած միջազգային պայքարին գծով։ Ահա այս մթնոլորտին մէջ ամերիկեան զօրքերը շաբաթավերջին առին կարեւոր քայլ մը։ Այսպէս, Ամերիկեան մասնայատուկ ուժեր Սուրիոյ մէջ հազուադէպ տեսակարար ցամաքային գործողութեան մը ընթացքին սպաննեցին ԻՇԻՊ-ի բարձրաստիճան ղեկավարներէն Ապու Սայեաֆը եւ գերեվարեցին անոր կինը: Ապու Սայեաֆ ԻՇԻՊ-ի քարիւղի, կազի եւ ելեւմուտքի մարզի գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ հաղորդակցութեանց պատասխանատուն էր:
Փենթակոն յայտարարեց, որ ամերիկեան ուժերը փորձած են ձերբակալել զինք, սակայն ան հրացանաձգութեան ընթացքին սպաննուած է:
Ասիկա առաջին անգամն է, որ ամերիկեան ուժեր Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութիւն մը կը կատարեն: Գործողութիւնը կատարուած է Իրաքի մէջ հաստատուած ուժերու կողմէ` Նախագահ Պարաք Օպամայի հրամանով:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Ապու Սայեաֆ թունուզցի էր: Միացեալ Նահանգներ յայտնեցին, որ գործողութիւնը կատարուած էր իրաքեան իշխանութիւններուն «ամբողջական համամտութեամբ», սակայն սուրիական կառավարութիւնը նախօրօք տեղեակ չէ պահուած:
Միացեալ Նահանգներու Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբեր Պեռնատէթ Միհըն յայտնեց, որ «Մենք (Նախագահ Պեշար Էսատի) վարչակարգը զգուշացուցած ենք Սուրիոյ մէջ ԻՇԻՊ-ի դէմ մեր ընթացող գործողութիւններուն միջամտելէ»` աւելցնելով. «Էսատի վարչակարգը ԻՇԻՊ-ի դէմ կռիւին գործընկեր մը չէ եւ չի կրնար ըլլալ»:
Փենթակոն յայտարարեց, որ ամերիկեան մասնայատուկ ուժերը գերեվարած են Ապու Սայեաֆի կինը եւ ԻՇԻՊ-ի տասներեք զինեալներու դիակներու հետ փոխադրած՝ Իրաքի Մայատին քաղաքը: Գործողութեան ընթացքին սպաննուած են ԻՇԻՊ-ի երեսուներկու զինեալներ: