ՃԱՆԱՉՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԲԱՆԱՁԵՒ
Տաճարական ասպետներու բարձրաստիճան պատ-ւիրակութիւն մը շաբաթավերջին այցելեց Երեւան, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մօտ եւ յարգանքի տուրք մատոյց՝ Հայոց եղեռնի նահատակներու յիշատակին առջեւ։ Տաճարականները, միեւնոյն ժամանակ, 2015-ի մթնոլորտին մէջ ստորագրեցին ճանաչման բանաձեւ մը, որով իւրացուցած եղան ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։ Ռումանիոյ Տաճարական միաբանութեան գերագոյն առաջնորդ Շթեֆան Սորին Փրելիփչիանոյի կողմէ գլխաւորուած խումբին մաս կը կազմէին աւելի քան տասը երկիրներու Տաճարական ասպետներու միաբանութեան գերագոյն մարմիններու ներկայացուցիչները, որոնք Ծիծեռնակաբերդի մէջ յաւերժական կրակին առջեւ յարգանքի տուրք մատուցելու առընթեր, այցելեցին նաեւ յարակից թանգարանը։ Այնտեղ է, որ անոնք ստորագրեցին ճանաչման բանաձեւը։
Ներկայիս տաճարականներու միաբանութիւնը ներկայացուած է քսանհինգ քրիստոնէական երկիրներու մէջ։ Շուրջ քսան հազար ասպետ կ՚անդամակցի այս միաբանութեան։ Հայաստանի Երուսաղէմի Տաճարական ասպետներու միաբանութեան գերագոյն առաջնորդ Բագրատ Լալայեան յայտնեց, որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հաւաքին ներկայ գտնուեցան տասներեք երկիրներու պատուիրակներ։ Այս միաբանութիւնը գոյութիւն ունի շուրջ հազար տարիէ ի վեր, սկսեալ առաջին Խաչակրաց արշաւանքներէն։ Անոնք հետամուտ են քրիստոնէական արժէքներու պահպանման, հետամուտ են քրիստոնեաներու շահերու պաշտպանման։ Միաբանութիւնը ունի միջեկեղեցական բնոյթ ու չի պատկանիր որեւէ քրիստոնէական եկեղեցւոյ։
Տաճարականները, որոնք իրենց աւանդական հանդերձանքով մեկնած էին Ծիծեռնակաբերդ, եղեւին մըն ալ տնկեցին յիշատակի պուրակին մէջ։
Անոնք «Արմէնփրէս»ի թղթակցին յայտնեցին, թէ անցեալի մէջ տաճարականներու զէնքը սուրն էր, իսկ այսօր այդ մէկը փոխարինուած է խօսքով։