ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ Ոստիկանութեան օրուան 97-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած հանդիսաւոր նիստին։ Հարկ է նշել, որ այս հաւաքոյթը նախատեսուած էր աւելի առաջ, սակայն այս տարի բացառութեամբ յետաձգուեցաւ՝ 2015-ի ոգեկոչումներու մթնոլորտին մէջ։ Հանդիսաւոր նիստին ընթացքին Սերժ Սարգսեան ունեցաւ ելոյթ մը, նաեւ կատարեց շարք մը պարգեւատրումներ։
«Համոզուած եմ, որ ձեր գործին նուիրումը, սկըզ-բունքայնութիւնը եւ արհեստավարժութիւնը ոչ միայն պիտի շարունակեն բարձրացնել Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան հեղինակութիւնը եւ մեր երկրէն ներս օրինապահութեան մակարդակը, այլ նաեւ պիտի դառնան ժողովրդավարական պետութեան ու ազատ հասարակութեան կարեւոր բաղկացուցիչներ», ըսաւ Սերժ Սարգսեան հաւաքոյթի ընթացքին եւ աւելցուց, թէ յառաջիկային լուսարձակի տակ պիտի առնուին ոստիկանութեան մօտ ձեռնարկուած բարեփոխումները, արդիւնաւէտութեան մակարդակով հանդերձ։
Բաց աստի, Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ ոստիկանութեան համակարգը մշտապէս կը գտնուի բարեփոխումներու գործընթացի մը մէջ։ Այդ բարեփոխումները կու տան դրական արդիւնքներ ու ներկայիս իսկապէս երեւելի դարձած են այդ արդիւնքները։ «Ես կը հաւատամ, որ անոնք վաղը աւելի տեսանելի պիտի ըլլան», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ աւելցուց, որ երկրի հասարակութեան մօտ ոստիկաններու գործողութիւններուն նկատմամբ վերաբերմունքը միանշանակ չէ, ինչպէս որ է պարագան այլ բազմաթիւ երկիրներու մէջ։