ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀՐԵՇՏԱԿ

Հռո­մէա­կան Կա­թո­լիկ Եկե­ղեց­ւոյ Քա­հա­նա­յա­պետ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը շա­բա­թա­վեր­ջին Սուրբ Ա­թո­ռի մօտ հիւ­րըն­կա­լեց Պա­ղես­տի­նի ղե­կա­վար Մահ­մուտ Ապ­պա­սը։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Սրբա­զան Պա­պը Վա­տի­կա­նի Ա­ռա­քե­լա­կան պա­լա­տին մէջ Մահ­մուտ Ապ­պա­սին շնոր­հեց «Խա­ղա­ղու­թեան հրեշ­տակ»ի կո­չու­մը։ Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տը Մահ­մուտ Ապ­պա­սին յանձ­նեց մե­տայլ մը, որ կը խորհր­դան­շէ խա­ղա­ղու­թեան հրեշ­տա­կը, որ կը կոտ­րէ պա­տե­րազ­մի վատ ո­գին։

Իր հեր­թին, Մահ­մուտ Ապ­պասն ալ Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբազան Պա­պին նուի­րեց մա­սունք­նե­րը այն եր­կու սուր­բե­րուն, ո­րոնք Պա­ղես­տի­նի մէջ ապ­րած էին, երբ ան կը գտնուէր Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան կազ­մին մէջ։ Մահ­մուտ Ապ­պաս շա­բա­թա­վեր­ջին Վա­տի­կա­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ ա­նոնց սրբա­դաս­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։

Հարկ է նշել, որ ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ հա­ղոր­դուած էին նաեւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ, ըստ ո­րոնց Վա­տի­կան կը պատ­րաս­տուի Պա­ղես­տի­նը ճանչ­նալ որ­պէս ան­կախ, ինք­նիշ­խան պե­տա­կա­նու­թիւն։ Սուրբ Աթոռը պատրաստութիւն տեսած է համապատասխան համաձայնագրի մը բովանդակութեան յստակեցման ուղղութեամբ, սակայն այդ փաստաթուղթը տակաւին պիտի ստորագրուի։

Միւս կողմէ, Իսրայէլի Նախագահ Պենիամին Նեթանիյահու շաբաթավերջին խոստացաւ միասնական Երուսաղէմը ընդմիշտ պահպանել իր երկրի ինքնիշխանութեան ներքեւ։ Ըստ իրեն, ապագան կը պատկանի միասնական Երուսաղէմին, որ այլեւս երբեք պիտի չըլլայ բաժնուած։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015