ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ե­րէկ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Վրաս­տան։ Այս­պէս, Պա­թու­մի մէջ ան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Ի­րակ­լի Ղա­րի­պաշ­վի­լիի հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան եւ Ի­րակ­լի Ղա­րի­պաշ­վի­լի անդ­րա­դար­ձան Հա­յաս­տան-Վրաս­տան բա­րե­կա­մա­կան ու բա­րիդ­րա­ցիա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ շարք մը հար­ցե­րուն։ Վար­չա­պետ­նե­րը քննար­կե­ցին երկ­կող­մա­նի տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման ու խո­րաց­ման վե­րա­բե­րեալ շարք մը հար­ցեր՝ կա­րե­ւո­րե­լով զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման ուղ­ղեալ ծրագ­րե­րը։  Ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցի ա­ւար­տին Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի վար­չա­պետ­նե­րը շրջայց մըն ալ կա­տա­րե­ցին Պա­թու­մի զբօ­սայ­գիին մէջ։

Հարկ է նշել, որ այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Թիֆ­լի­զի մէջ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան մը ձե­ւա­ւո­րու­մէն ան­մի­ջա­պէս վերջ։ Վրաս­տա­նի մէջ վեր­ջին շրջան­նե­րուն ներ­քին քա­ղա­քա­կան բար­դու­թիւն­ներ յա­ռա­ջա­ցած էին, մաս­նա­ւո­րա­պէս հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին եւ կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջեւ յա­ռա­ջա­ցած տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։ Ա­լե­կո­ծեալ այդ կա­ցու­թե­նէն վերջ, ներ­կա­յիս հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը վե­րա­ձե­ւա­ւո­րուած ըլ­լալ կը թուին Վրաս­տա­նի մէջ։

Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը վա­ղուց կեն­սա­կան նշա­նա­կու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ եր­կու եր­կիր­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն։ Վեր­ջին շրջան­նե­րուն կող­մե­րը ձեռ­նա­մուխ կ՚ըլ­լան շարք մը նոր ծրագ­րե­րու, ո­րոնք կ՚ա­ռըն­չուին ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռին, մա­նա­ւանդ եր­կու եր­կիր­նե­րու ե­լեկտրա­կան ու­ժա­նիւ­թի ցան­ցե­րու հա­մարկ­ման։ Բաց աստի, ծանօթ է, որ հաղորդակցութիւններու եւ փոխադրութեան բնագաւառ-ներու վիճակն ալ միշտ առաջ-նահերթ է կողմերուն համար։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015