«GENEALOGY». ՄԵԾ ՀՆԳԵԱԿԸ

Այ­սօր՝ 19 Մա­յի­սին, Աւստ­րիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Վիեն­նա­յի մէջ կը սկսի եւ­րո­պա­կան ա­մե­նան­շա­նա­ւոր եր­գի մրցոյ­թը՝ «Եւ­րո­տե­սի­լ­»ը (Eurovision Song Contest): Եր­գի մրցոյ­թը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Եւ­րո­պա­կան հե­ռար­ձա­կող­նե­րու միու­թեան (EBU) կազ­մին մէջ գտնուող եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է՝ Եւ­րո­պա­կան հե­ռար­ձա­կող­նե­րու միու­թիւ­նը աշ­խար­հի ազ­գա­յին հե­ռար­ձա­կո­ղա­յին միու­թիւն­նե­րէն ա­մե­նա­մեծն է, ա­նոր կեդ­րո­նը կը գտնուի Ժը­նեւ: Հա­յաս­տա­նը «Եւ­րո­տե­սի»լ եր­գի մրցոյ­թին կը մաս­նակ­ցի 2006 թուա­կա­նէն ի վեր, սա­կայն այդ ըն­թաց­քին տա­րի մը միայն՝ 2012 թուա­կա­նին չէ մաս­նակ­ցած մրցոյ­թին, ո­րով­հե­տեւ ան կա­յա­ցած է Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ: Հա­յաս­տա­նի մէջ մրցոյ­թը կը հե­ռար­ձա­կէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին հե­ռուս­տա-ըն­կե­րու­թիւ­նը, որ ան­դամ դար­ձած է Եւ­րո­պա­կան հե­ռար­ձա­կող­նե­րու միու­թեան:

ՆԱ­ԽԱ­ՊԱՏ­ՄՈՒ­ԹԻՒՆ

Հե­տաքրք­րա­կան նա­խա­պատ­մու­թիւն ու­նի «Եւ­րո­տե­սիլ» եր­գի մրցոյ­թը:

1950-ա­կան­նե­րուն, երբ Եւ­րո­պան տա­կա­ւին վե­րա­կա­ռուց­ման ըն­թաց­քի մէջ էր Բ. Աշ­խար­հա­մար­տի հե­տե­ւան­քով կրած վնաս­նե­րէն, Զուի­ցե­րիոյ մէջ հիմ­նուած Եւ­րո­պա­կան հե­ռար­ձա­կող­նե­րու միու­թիւն կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ո­րո­շում ա­ռաւ ստեղ­ծել հե­ռա­տե­սի­լա­յին շոու ծրա­գիր մը, ո­րու նպա­տակն էր եւ­րո­պա­ցի հա­սա­րա­կու­թիւ­նը հա­մախմ­բել ե­րաժշ­տու­թեան շուրջ։ 1955 թուա­կա­նի Յու­նուա­րին Մո­նա­քո­յի մէջ կա­յա­ցաւ հա­մա­ժո­ղով մը, ո­րու ըն­թաց­քին Զուի­ցե­րիոյ Հե­ռա­տե­սի­լա­յին յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Մար­սէլ Պե­զեն­սո­ն ո­րո­շեց ի­րա­կա­նաց­նել Եւ­րո­պա­կան հե­ռար­ձա­կող­նե­րու միու­թեան մէկ նա­խա­գի­ծը, եւ ստեղ­ծեց մրցոյթ մը, ո­ր նա­խա­պէս կո­չուած է Eurovision Grand Prix։

1956 թուա­կա­նի 24 Մա­յի­սին Զուի­ցե­րիոյ Լու­կա­նօ քա­ղա­քին մէջ կա­յա­ցաւ ա­ռա­ջին մրցոյ­թը, ո­րուն կը մաս­նակ­ցէին եօթ եր­կիր, եւ ա­մէն եր­կիր կը ներ­կա­յաց­նէր եր­կու երգ։ Ա­սի­կա միակ մրցոյթն էր, ո­րու ըն­թաց­քին եր­կիր­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին մէ­կէ ա­ւե­լի երգ, իսկ յա­ջորդ տա­րուը­նէ սկսեալ ար­դէն բո­լոր եր­կիր­նե­րը պար­տա­ւոր էին միայն մէկ երգ ու­ղար­կել։ Ա­ռա­ջին մրցոյ­թի դափ­նե­կի­րը դար­ձաւ Զուի­ցե­րիան ներ­կա­յաց­նող եր­գի­չը:

ՁԵ­ՒԱ­ՉԱՓ

Մրցոյ­թի ձե­ւա­չա­փը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կարգ մը փո­փո­խու­թիւն­ներ կրած է, սա­կայն կան հիմ­նա­կան կա­նոն­ներ, ո­րոնք միշտ ալ ե­ղած են եւ եր­բեք չեն փո­­խուած: Իւ­րա­քան­չիւր եր­կիր կը ներ­կա­յաց­նէ երգ մը, որ ու­ղիղ ե­թե­րով պէտք է կա­տա­րուի կեն­դա­նի հնչո­ղու­թեամբ։ Իւ­րա­քան­չիւր երկ­րի մէջ մրցոյ­թը կը հե­ռար­ձա­կէ միայն մէկ հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թիւն, ո­ր կը գտնուի Եւ­րո­պա­կան հե­ռար­ձա­կող­նե­րու միու­թեան կազ­մին մէջ։ Մրցոյ­թի մաս­նա­կից բո­լոր եր­կիր­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն ե­լոյթ­նե­րը ա­ւար­տե­լէ յե­տոյ կը սկսի քուէար­կու­թիւ­նը, ո­րու ար­դիւն­քին ա­մե­նա­շատ ձայ­նե­րը ստա­ցած եր­կի­րը կը դառ­նայ դափ­նե­կիր, եւ մրցոյ­թը յա­ջորդ տա­րի հիւ­րըն­կա­լե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կը տրուի այդ երկ­րին։

«Եւ­րո­տե­սի­լ­»ին կրնան մաս­նակ­ցիլ այն եր­կիր­նե­րը, ո­րոնք կը գտնուին Եւ­րո­պա աշ­խար­հա­մա­սի մէջ եւ Եւ­րո­պա­կան հե­ռար­ձա­կող­նե­րու միու­թեան ան­դամ են: Մրցոյ­թին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նին նաեւ այն­պի­սի եր­կիր­ներ, ո­րոնց տա­րած­քէն մաս մը կը գտնուի Ա­սիոյ մէջ։ 1980-ին մրցոյ­թին մաս­նակ­ցած է նոյ­նիսկ Մա­րոք, ո­ր կը գտնուի Ափ­րի­կէի հիւ­սի­սը:

Մին­չեւ այժմ մրցոյ­թին նուա­զա­գոյ­նը գո­նէ մէկ ան­գամ մաս­նակ­ցած են յի­սու­ներ­կու եր­կիր­ներ: Այս տա­րի մրցոյ­թին ա­ռա­ջին ան­գամ կը մաս­նակ­ցի նաեւ Աւըստրա­լիան։

ՏԱՐ­ԲԵ­ՐԱՆ­ՇԱ­ՆԸ ՁԵ­ՒԱ­ՒՈ­ՐՈՒԱԾ Է ԹՈՒՐ­ՔԻՈՅ ՄԷՋ

«Եւ­րո­տե­սիլ» մրցոյ­թի ներ­կա­յի տար­բե­րան­շա­նը (լո­կօ) ներ­կա­յա­ցուած է «Եւ­րո­տե­սիլ 2004»ին՝ Թուր­քիոյ մէջ: Հիմ­նա­կան տար­բե­րան­շա­նի տես­քը ձե­ռա­գիր տա­ռա­տե­սա­կով գրուած մրցոյ­թի ա­նունն է, ո­րու կեդ­րո­նը պատ­կե­րող հա­տուա­ծին մէջ ա­մէն տա­րի կը յայտ­նուի հիւ­րըն­կա­լող երկ­րի դրօ­շը։ Ա­մէն տա­րի մրցոյ­թը հիւ­րըն­կա­լող եր­կի­րը կը ստեղ­ծէ մրցոյ­թի իր նիւ­թը, ո­րու հի­ման վրայ ալ կը ստեղ­ծէ մէկ այլ տար­բե­րան­շան եւ կ՚ընտ­րէ կար­գա­խօս:

«ՄԵԾ ՔԱՌ­ԵԱԿ» ԿԱՄ «ՄԵԾ ՀՆԳԵԱԿ»

2000 թուա­կա­նին «Եւ­րո­տե­սի­լ­»ի շուրջ ստեղ­ծու­ցաւ «Մեծ քա­ռեա­կ», ո­րու կազ­մին մէջ կը գտնուին Գեր­մա­նիա, Սպա­նիա, Ֆրան­սան եւ Մեծն Բրի­տա­նիա։ «Մեծ քա­ռեա­կի» ան­դամ­նե­րուն կը տրուի հնա­րա­ւո­րու­թիւն՝ մէկ ան­գա­մէն հան­դէս գալ եզ­րա­փա­կիչ փու­լի մէջ՝ ա­ռանց կի­սաեզ­րա­փա­կի­չին մաս­նակ­ցե­լու, քա­նի որ այդ չորս եր­կիր­նե­րը ու­նե­ցած են նիւ­թա­կան մեծ ներդ­րում­ներ մրցոյթ­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Գեր­մա­նիան «Մեծ քա­ռեա­կ­»է­ն տա­կա­ւին միակ եր­կիրն է, ո­ր դափ­նե­կիր ե­ղած է մրցոյ­թին՝ 2000 թուա­կա­նին «Մեծ քա­ռեա­կ­»ի ստեղ­ծու­մէն յե­տոյ:

2010 թուա­կա­նի Դեկ­տեմ­բե­րին Ի­տա­լիան նոյն­պէս ընդգր­կուե­ցաւ «Մեծ քա­ռեա­կ­»ի կազ­մի մէջ եւ ան ա­նուա­նուե­ցաւ «Մեծ հնգեա­կ»։ Այս պա­րա­գա­յին յա­ռա­ջա­ցան հա­կա­սու­թիւն­նե­ր եւ այդ պատ­ճա­ռով Թուր­քիան հրա­ժա­րե­ցաւ մաս­նակ­ցիլ 2013 թուա­կա­նի մրցոյ­թին։

Մրցոյ­թի պատ­մու­թեան մէջ ա­մե­նա­շա­տ դափ­նե­կիր եղած է Իր­լան­տան՝ եօթ ան­գամ, ե­րեք ան­գամ այդ եր­կի­րը յաղ­թած է ա­նընդ­մէջ՝ 1992 թուա­կա­նին, 1993 թուա­կա­նին եւ 1994 թուա­կա­նին։ Ֆրան­սան, Լիւք­սեմ­պուր­կը, Մեծն Բրի­տա­նիան եւ Շուէ­տը երկ­րորդ ա­մե­նա­շատ յաղ­թա­նակ տօ­նած եր­կիր­ներն են՝ ա­նոնք դափ­նե­կիր ե­ղած են հինգ ան­գամ։

Մրցոյ­թի վաղ տա­րի­նե­րուն «ա­ւան­դա-­կա­ն» յաղ­թող­ներ կը նկա­տուէին Ֆրան­սան, Հո­լան­տան եւ Լիւք­սեմ­պուր­կը, սա­կայն այդ եր­կիր­նե­րու յա­ջո­ղու­թիւ­նը սկսած է նուա­զիլ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին։

21-րդ դա­րու ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն մրցոյ­թը ու­նե­ցած է կարգ մը նոր դափ­նե­կիր եր­կիր­ներ, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ այդ եր­կիր­նե­րէն քա­նի մը հա­տը ա­ռա­ջին ան­գամ կը մաս­նակ­ցէին։

2007 թուա­կա­նին Սեր­պիան որ­պէս ան­կախ պե­տու­թիւն ա­ռա­ջին իսկ մաս­նակ­ցու­թեան տա­րուան ըն­թաց­քին յաղ­թա­նակ տա­րած է, իսկ 2011 թուա­կա­նի մրցոյ­թին ա­ռա­ջին ան­գամ դափ­նե­կիր ե­ղած է Ատրպէ­ճա­նը, որ «Եւ­րո­տե­սիլ»ին ա­ռա­ջին ան­գամ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է 2008 թուա­կա­նին:

ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՄԱՍ­ՆԱԿ­ՑՈՒ­ԹԻՒ­ՆԸ

Մինչեւ այ­սօր Հա­յաս­տա­ն «Եւ­րո­տե­սիլ» եր­գի մրցոյ­թին ներ­կա­յա­ցու­ցած է ինն երգ, ո­րոնց­մէ վե­ցը ամ­բող­ջու­թեամբ անգ­լե­րէ­նով ե­ղած է, իսկ միւս ե­րե­քը՝ անգ­լե­րէն եւ հա­յե­րէն։ Հե­տաքր­քրա­կան դի­տար­կում մը կայ նաեւ կա­պուած եր­գե­րու լե­զուի հետ: Կա­նո­նը, ո­րով ա­մէն մէկ երկ­րէ կը պա­հան-ջըւէր եր­գել իր ազ­գա­յին լե­զուով, տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին փո­­խուած է այդ կա­նո­նը: 1956-1965 թուա­կա­ննե­րու մի­ջեւ եր­գե­րը կրնա­յին ըլ­լալ ո­րե­ւէ լե­զուով, սա­կայն 1966 թուա­կա­նի կա­նոն­նե­րը կը պա­հան­ջէին, որ եր­գե­րը ըլ­լան երկ­րի պաշ­տօ­նա­կան լե­զուով։ Լե­զու­նե­րու այս սահ­մա­նա­փա­կու­մը շա­րու­նա­կուե­ցաւ մին­չեւ 1973 թուա­կա­նը, որ­մէ ետք այս կա­նո­նը չե­ղեալ նկա­տուե­ցաւ, եւ կա­տա­րող­նե­րը կրկին հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նէին եր­գել ի­րենց ընտ­րած լե­զուով։

1977 թուա­կա­նին Եւ­րո­պա­կան հե­ռար­ձա­կող­նե­րու միու­թիւ­նը կրկին վե­րա­դար­ձաւ ազ­գա­յին լե­զուի սահ­մա­նա­փակ­մա­ն, եւ այդ ա­մէ­նը շա­րու­նա­կուե­ցաւ մին­չեւ 1999 թուա­կա­նը, երբ եր­կիր­նե­րուն կրկին հնա­րա­ւո­րու­թիւն տրուե­ցաւ եր­գել այն լեզուով, ո­րով ի­րենք կը փա­փա­քէին: Շնոր­հիւ այս ո­րոշ­ման՝ 2003 թուա­կա­նին Պել­ժի­ան ներ­կա­յա­ցուց երգ մը, ո­ր յօ­րի­նուած լե­զուով էր: Հե­տա­գա­յին այլ եր­կիր­ներ նոյն­պէս ի­րենց ազ­գա­յին լե­զու­նե­րու հետ միա­սին եր­գին մէջ յօ­րի­նուած լե­զուով բա­ռեր գոր­ծա­ծե­ցին:

Այս տա­րի Հա­յաս­տա­նը «Եւ­րո­տե­սի­լ» եր­գի մի­ջազ­գա­յին մրցոյ­թին կը ներ­կա­յա­նայ մաս­նա­ւո­րա­պէս «Եւ­րո­տե­սի­լ­»ին մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով ստեղ­ծուած «Genealo-gy» խում­բին մի­ջո­ցաւ, ո­ր կազ­մուած է վեց եր­գիչ­նե­րէ: Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան խում­բը, ո­գեշնչ­ուե­լով այս տա­րուան խորհր­դա­նիշ ան­մո­ռու­կի գա­ղա­փա­րով, ո­րո­շած է հա­մախմ­բել աշ­խար­հի հինգ ցա­մա­քա­մա­սե­րու վրայ (Եւ­րո­պա, Ա­սիա, Ա­մե­րի­կա, Ափ­րի­կէ, Աւստ­րա­լիա) սփռուած հայ ժո­ղո­վուր­դի նոր սե­րուն­դը: Խում­բին մաս կը կազ­մեն հայ ծա­գու­մով հինգ եր­գիչ­ներ, ո­րոնք կը զու­գակ­ցուին ան­մո­ռու­կի հինգ թեր­թիկ­նե­րուն հետ, իսկ Հա­յաս­տա­նէն ա­նոնց միա­ցած է մաս­նա­կից մը եւս, որ խորհր­դան­շա­կա­նօ­րէն կը հա­մախմ­բէ թեր­թիկ­նե­րը: Խում­բը այ­սօր Վիեն­նա­յի մէջ կ՚եր­գէ «Face the Shadow» («Ա­ռե­րե­սուէ՛ ստուե­րի­ն») անգ­լե­րէն եր­գը:

ԱՆ­ԴԱՄ­ՆԵ­ՐԸ

«Genealogy» խում­բին ան­դամ­նե­րը, զորս այ­սօր կը տես­նենք եւ­րո­տե­սի­լեան բե­մէն, հա­կա­ռակ ի­րենց ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին, ի­րենց եր­կիր­նե­րու մէջ յա­ջո­ղած ե­րի­տա­սարդ­ներ են, եւ ու­նին ե­րաժշ­տա­կան հե­տաքրք­րա­կան կեն­սագ­րու­թիւն­ներ: Խում­բի ան­դամ­ներն են Ե­սա­յի Ալ­թու­նեա­ն՝ Ֆրան­սա­յէն, Թա­մար Կապ­րիէ­լեա­ն՝ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Վա­հէ Թիլ­պեա­ն՝ Ե­թով­պիա­յէն, Ստե­ֆա­նի Թո­փա­լեա­ն՝ Ճա­բո­նէն, Մե­րի-Ճին Ա­նա­յիս Օ՚Տո­հեր­տի Պաս­մա-­ճեան՝ Աւստ­րա­լիա­յէն եւ Ին­կա Ար­շա­կեան՝ Հա­յաս­տա­նէն:

Ե­ՍԱ­ՅԻ ԱԼ­ԹՈՒ­ՆԵԱՆ

Ե­սա­յի Ալ­թու­նեա­ն ֆ­րան­սա­հայ եր­գիչ, եր­գա­հան, դաշ­նա­կա­հար եւ դե­րա­սան է, ծնած է 1980 թուա­կա­նին։ Տաս­ներ­կու տա­րե­կա­նին Ե­սա­յին գրած է իր ա­ռա­ջին եր­գը, իսկ տաս­նինն տա­րե­կա­նին պայ­մա­նա­գիր ստո­րագ­րած է Sony France-ի հետ, որ­պէս «Ideal-3» քա­ղա­քա­յին փոփ խում­բի հիմ­նա­կան կա­տա­րող։ Ընդգր­կուե­լով «Pardonne-moi»ի լա­ւա­գոյն տաս­նեա­կին մէջ, խում­բի եր­գե­րը կը հնչէին ֆրան­սա­կան բո­լոր յա­ռա­ջա­տար ռա­տիօ­կա­յան­նե­րէն. ինչ­պէս՝ NRJ-ն եւ Fun Radio-ն։ Խում­բը հա­մեր­գա­յին հիւ­րա­խա­ղե­րով ճամ­բոր­դած է ժա­մա­նա­կի բո­լոր խո­շոր տա­րածք­նե­րով։ Երբ Ե­սա­յին ար­դէն քսան­մէկ տա­րե­կան էր, լքած է խում­բը ու պայ­մա­նա­գիր ստո­րագ­րած՝ Mercury Universal-ի հետ։ Որ­պէս մե­նա­կա­տար ան սկսած է ա­ռա­ջարկ­ներ եւ հրա­ւէր­ներ ստա­նալ հե­ռուս­տա­տե­սա­յին հա­ղոր­դում­նե­րէ, ինչ­պէս նաեւ հրա­ւէր­ներ ստա­ցած է ա­ջակ­ցե­լու հա­մար այլ եր­գիչ­նե­րու: Ե­սա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցած է Jenifer-ի հետ եւ ա­նոր ձայ­նե­րի­զին հա­մար գրած է եր­գեր, ո­րոնք ար­ժա­նա­ցած են Diamond Plaque մրցա­նա­կին։ Յայտ­նուե­լով Gerard Presgurvic-ի ե­րաժշ­տա­կան «Romeo and Juliet» կա­տա­կեր­գու­թեան Count Paris-ի դե­րին մէջ, հա­յազ­գի դե­րա­սան Ե­սա­յի Ալ­թու­նեան գե­րած է բազ­մա­թիւ հան­դի­սա­կան­նե­րու սրտե­րը Ֆրան­սա­յի, Պել­ժի­ո­յ եւ Զուիե­ցե­րիոյ մէջ։ Շոուի ձայ­նե­րի­զը վա-­ճա­ռուած է ա­ւե­լի քան եր­կու մի­լիոն օ­րի­նա­կով։ Շու­տով Ֆրան­սա­յի ա­ռա­ջին տի­կի­նը՝ Պեռ­նա­տէթ Շի­րակ, խնդրած է ա­նկէ ստեղ­ծել «Un peu de moi»ն, ո­ր կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ մե­ծա­քա­նակ վա­ճառ­քի ար­դիւն­քին դար­ձած է Golden Record: Իր ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը Ե­սա­յի Ալ­թու­նեան այժմ կը շա­րու­նա­կէ Ֆրան­սա­յի մէջ:

ԹԱ­ՄԱՐ ԿԱՊ­ՐԻԷ­ԼԵԱՆ

Թա­մար Մար­տի­րո­սեա­ն, ծա­նօթ որ­պէս՝ Թա­մար Կապ­րիէ­լեան, ծնած է 1986 թուա­կա­նին, Սքոթս­տէյլ, Ա­րի­զո­նա, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ բնա­կող հայ ծնող­նե­րէ, բայց մեծ­ցած է Ճոր­ճիա եւ Գա­լի­ֆոր­նիա նա­հանգ­նե­րուն մէջ։ Կապ­րիէ­լեա­ն երգ­չու­հիի մօր օ­րիոր­դա­կան մա­կա­նունն է, որ երգ­չու­հին ընտ­րած է ի պա­տիւ իր մեծ­հօր, որ մա­հա­ցած է ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին: Թա­մա­ր Կապ­րիէ­լեան ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լիօ­րէն հպարտ է իր ծա­գու­մով եւ կը փա­փա­քի, որ ա­մէն մարդ գիտ­նայ իր հայ ըլ­լա­լուն մա­սին։ Ա­նոր մեծ­հայ­րերն ու մեծ­մայ­րե­րը Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ հա­ստա­տուած են Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէն: Ու­նի հինգ ձայ­նագ­րուած ալ­պոմ:

ՎԱ­ՀԷ ԹԻԼ­ՊԵԱՆ

Ե­րի­տա­սարդ այս եր­գի­չը ծնած է 1980 թուա­կա­նին, Ե­թով­պիա, Ա­տիս Ա­պե­պա։ Հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով ե­թով­պիա­ցի եր­գիչ, ե­րա­ժիշտ, պա­րող է, որ ու­սա­նած է Գա­նա­տա, ու վե­րա­դառ­նա­լով Ե­թով­պիա, ե­րաժշ­տա­կան բազ­մա­ժանր գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ Ա­տիս Ա­պե­պա­յի մէջ: Վա­հէ Թիլ­պեան ե­րաժշ­տու­թեամբ լրջօ­րէն սկսած է զբա­ղիլ 2008 թուա­կա­նէն ի վեր։ Ու­նի ձայ­նագ­րուած ալ­պոմ­ներ:

ՍՏԵ­ՖԱ­ՆԻ ԹՈ­ՓԱ­ԼԵԱՆ

«Genealogy» խում­բի ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րէն Ստե­ֆա­նի Թո­փա­լեան ծնած է 1987 թուա­կա­նին, Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ։ Ա­նոր հայ­րը հայ է, իսկ մայ­րը՝ ճա­բո­նու­հի: Եր­գել սկսած է տաս­նե­րեք տա­րե­կա­նին։ Ստե­ֆա­նիի եր­գե­րը լայն ար­ձա­գանգ գտած են ճա­բո­նա­կան «Ա­նի­մէ» շար­ժա­պատ­կեր­նե­րուն մէջ: Որ­պէս դե­րա­սա­նու­հի՝ Ստե­ֆա­նի Թո­փա­լեան իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րը ա­ռած է «Pride» շար­ժան­կա­րին մէջ՝ 2009 թուա­կա­նին: Ստե­ֆա­նի Թո­փա­լեան ծնած է 1987 թուա­կա­նին, Լոս Ան­ճե­լըս քա­ղա­քին մէջ, այժմ ան կը բնա­կի Ճա­բո­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Թո­քիօ: Հա­կա­ռակ, որ Ստե­ֆա­նին այժմ կը բնա­կի հա­յու­թե­նէն հե­ռու, բայց ան հա­ւա­տա­րիմ է հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րուն եւ շատ կա­պուած է իր մեծ­մօ­րը հետ, որ հա­յու­հի մըն է: Ճա­բո­նա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր ե­րաժշ­տա­կան «Japan records awards» 49-րդ մր­ցա­նա­կա­բաշ­խու­թեան ժա­մա­նակ ան ստա­ցած է «Լա­ւա­գոյն նո­րա­յայտ ա­րուես­տա­գէ­տ» մրցան­ա­կը եւ 2007 թուա­կա­նին թո­ղար­կած է եր­կու ալ­պոմ:

ՄԵ­ՐԻ-ՃԻՆ ՊԱՍ­ՄԱ­ՃԵԱՆ

Այս երգ­չու­հիի ամ­բող­ջա­կան ա­նունն է Մե­րի-Ճին Ա­նա­յիս Օ՚­Տո­հեր­տի Պաս­մա­ճեան, որ ծնած է 1982 թուա­կա­նին։ Ան կը նկա­տուի ա­մե­րի­կա­ցի օ­փե­րա­յի երգ­չու­հի՝ աւստ­րա­լա­կան եւ հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով։ «Եւ­րո­տե­սի­լ­»ի մրցոյ­թին ընտ­րուած է իբ­րեւ Աւստ­րա­լիո­յ մաս­նա­կից:

2013 թուա­կա­նին երգ­չու­հին դափ­նե­կիր ե­ղած է Ֆրան­սա­յի մէջ կա­յա­ցած «Փա­րի­զի օ­փե­րա­յին մրցա­նա­կա­բաշ­խու­թեա­ն» ժա­մա­նակ (Paris Opera Awards):

ԻՆ­ԿԱ ԱՐ­ՇԱ­ԿԵԱՆ

Ին­կա Ար­շա­կեան ծնած է Ե­րե­ւան, 1982 թուա­կա­նին: Ան իր քրոջ՝ Ա­նուշ Ար­շա­կեա­նի հետ ան­գամ մը եւս զու­գեր­գով մաս­նակ­ցած է «Եւ­րո­տե­սիլ» մրցոյ­թին՝ 2009 թուա­կա­նին, Մոս­կուա­յի մէջ, ներ­կա­յաց­նե­լով Հա­յաս­տա­նը: Այս տա­րի Ին­կա Ար­շա­կեան ընտ­րուած է իբ­րեւ «Genealogy» խում­բի հա­յաս­տա­նեան ան­դամ: Երգ­չու­հին Հա­յաս­տա­նի վաս­տա­կա­ւոր ար­թիսթ կո­չու­մը ու­նի եւ իր կա­տա­րում­նե­րով բա­ւա­կան ծա­նօթ է թէ՛ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Սփիւռ­քի մէջ: Ստա­ցած է ե­րաժշ­տա­կան բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւն:

Այս վեց եր­գիչ­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի ինք­նու­րոյն ճա­նա­պարհ, բայց այ­սօր ա­նոնք կը ներ­կա­յա­նան միա­սին, ներ­կա­յաց­նե­լով մէկ պատ­մու­թիւն:

«Եւ­րո­տե­սի­լ­»ի միւս ե­րեք մրցում­նե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան 21 եւ 23 Մա­յի­սին: Հայ­կա­կան խում­բի մաս­նակ­ցու­թեա­ն հե­տե­ւող կազ­մա­կեր­պիչ խում­բը ամ­բողջ աշ­խար­հի հա­յե­րուն կոչ կ՚ը­նէ քուէար­կել յօ­գուտ հայ­կա­կան խում­բին՝ ակն­կա­լե­լով, որ հայ­կա­կան մաս­նակ­ցու­թիւ­նը այս տա­րի ըլ­լայ հնա­րա­ւո­րինս ընդգր­կուն մա­կար­դա­կով եւ Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յաց­նող խում­բը տօ­նէ յաղ­թա­նակ:

 ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015