ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ

ԳԼՈՒԽ Զ.

ՅՈՐԴՈՐԱԿ ՊԱՏԱՐԱԳԻ

Դարձեալ՝ այդպիսիները չորս ոմանց նման են. նախ՝ նման են հրեաներուն, որոնց Քրիստոս հիւր գնաց ու չընդունեցին, ինչպէս Աւետարանը կ՚ըսէ. «Իր իսկ ստեղծած աշխարհը եկաւ, բայց Իր իսկ ստեղծած մարդիկը զԻնք չընդունեցին: Իսկ զԻնք ընդունողներուն եւ Իրեն հաւատացողներուն իշխանութիւն տուաւ Աստուծոյ որդիներ ըլլալու» (Յհ 1.11-12), նոյնպէս բարի հիւր եկած է երկինքէն, բայց չեն ընդունիր:

Երկրորդ՝ նման են գերգեսացիներուն, որոնք Քրիստոսին իրենց սահմաններէն հեռու երթալ ստիպեցին, նոյնպէս եւ անոնք զՔրիստոս կը հեռացնեն իրենց հոգիէն ու մարմինէն:

Երրորդ՝ նման են անոնց, որ թագաւորը սեղան պատրաստեց ու ղրկեց հրաւիրելու մեծ սեղանին, իսկ անոնք ծուլանալով պատճառաբանեցին ու չգացին. մէկը վաճառականութիւն, միւսը՝ ագարակ, եւ այլն, ու հոգեւոր սեղանէն զրկուեցան, ինչպէս Տէրը կ՚ըսէ. «Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, թէ ան Աստուծոյ Արքայութեան մէջ ճաշ պիտի չուտէ» (հմմտ. Ղկ 14.24):

Չորրորդ՝ նման են անոնց, երբ Քրիստոս հրամայեց. «Մարմինս ճշմարիտ կերակուր է» (Յհ 6.55), ըսին՝ «դժուար ընդունելի է խօսքդ» (Յհ 6.60), այսինքն՝ ծանր եւ դժուարին, ու հեռացան Քրիստոսէ, նոյնպէս անոնք դժուար կը համարէին խոստովանիլն ու հաղորդուիլը, ու որպէս յօտուած եւ խոցելի անդամ կը կտրուին ու կը բաժնուին գլուխէն: Արդ, ինչպէս հաղորդուողները Քրիստոսի անդամներ կ՚ըլլան, այդպէս ալ անոնք որոնք սրբութեամբ չեն հաղորդուիր Քրիստոսի, սատանայի անդամներ են: Հետեւաբար, պէտք է մաքուր, սուրբ խորհուրդով եւ ջերմ սիրով արժանի ըլլալ Խորհուրդին՝ մեր Քրիստոս Աստուծոյ Մարմինին եւ Արիւնին, ինչպէս Պօղոս կ՚ըսէ. «Հաւատքի մէջ եռանդուն եղէք, Տիրոջ ծառայեցէք» (հմմտ. Հռ 12.11), եւ ո՛չ միայն մինչեւ հաղորդուիլը սուրբ ըլլալ, այլ՝ հաղորդուելէն ետք սուրբ մնալ, քանի որ միապէս չար է նախքան հաղորդութիւնը եւ հաղորդութենէն ետք անսուրբ ըլլալ, որովհետեւ ի՞նչ օգուտ է մարդուն սրբութիւնը ստանալ եւ անսուրբ մեղքերուն մէջ շաղախել, կամ ի՞նչ օգուտ է հիւրը սիրով մեծարել ու անարգութեամբ ճանապարհել, քանի որ այդպիսիները հրեաներուն նման են, որոնք Քրիստոսի գալուստին ընդառաջ ելան Քրիստսի ու պատուով եւ ովսաննայով ընդունեցին զՔրիստոս Երուսաղէմի Սուրբ Տաճարին մէջ, սակայն վեց օր ետք անարգանքով խաչ հանցին զԻնք, հետեւաբար նախ պէտք է մենք մեզ մաքրենք բոլոր մեղքերէն՝ խոստովանութեամբ եւ ապաշխարութեամբ, ու ապա Սրբութեան հաղորդուիլ, եւ ետքէն անոր բնակութիւն սուրբ պահել, այսինքն՝ մեր հոգին ու մարմինը, քանի որ սա՛ է մարդկային ազգին մաքրութիւնը, որովհետեւ Քրիստոս ասով մեր մեղքերը մաքրեց: Սա՛ է ճանապարհը, որ երկինքի անկորուստ ճոխութեան կը տանի, ըստ այնմ. «Ե՛ս եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը եւ կեանքը» (Յհ 14.6): Սա՛ է դուռը, որ փափկութեան դրախտ կը մտցնէ, ըստ այնմ. «Ե՛ս եմ դուռը: Ով որ Ինձմէ մտնէ ու ելլէ, ճարակ պիտի գտնէ» (տե՛ս Յհ 10.9): Սա՛ է հոգեւոր նաւը, որ երկնաւոր նաւահանգիստ կը տանի՝ կենցաղային ծովէն ապրեցնելով զինք ընդունողները: Սա՛ է մեր յարութիւնն ու կեանքը, որ հրեղինաց դասուն երամակից կ՚ընէ մեզ: Սա՛ է, որ արժանի կ՚ընէ անմարմին Սուրբ Երրորդութեան տեսութեան եւ ընդունելութեան, որովհետեւ Աստուծոյ Որդիին Մարմինն ու Արիւնը տեսնելով, ատոնցմով Հայրը կը տեսնենք: Տակաւին, ընդունելով Քրիստոսի Սուրբ Մարմինը՝ մեզի կը միանայ, ու Անով Հայրն ու Հոգին մեր մէջ կը բնակին, ըստ այնմ. «Ինչպէս Դուն՝ Հա՛յր, Իմ մէջս ես, եւ Ես՝ Քու մէջդ, անոնք ալ մեր մէջ ըլլան» (հմմտ Յհ 14.20), որով արժանաւորապէս փառաւորենք Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն:

Խօսք. «Ասիկա Կափառնաումի մէջ ըսաւ» (տե՛ս Յհ 6.59):

Մեկնութիւն. Նախ՝ ժամանակը ըսաւ, որ է վաղը հացի նշանէն ետք, այստեղ վայրը կ՚ըսէ՝ Կափառնաում:

Խօսք. «Աշակերտներէն շատերը» (Յհ 6.60):

Մեկնութիւն. Այս աշակերտները տասներկուքը կամ եօթանասունը չեն, այլ՝ անկատար աշակերտներն էին, որպէս այն, որ Զատիկի տօնին շատեր հաւատացին Անոր, իսկ Յիսուս անոնց անձին չէր հաւատար:

Խօսք. «Դժուար ընդունելի է ըսած խօսքդ» (Յհ 6.60):

Մեկնութիւն. Ըստ մարմինին կրկին կ՚ըսուի դժուարը. նախ՝ երբ կարծր ըլլայ եւ անգծելի: Երկրորդ՝ երբ դժուարին կ՚ըլլայ շօշափելիքներուն:

Այսպէս նաեւ հոգեւորի պարագային. նախ՝ դժուար է, երբ մեր հանճարը չի կրնար գործել ու ներս մտնել, երկրորդ՝ երբ անհաճելի կ՚ըլլայ մեր կամքին: Այսպէս, Քրիստոսի խօսքը դժուար է անոնց. նախ՝ քանի որ չէին գիտեր, երկրորդ՝ որովհետեւ Քրիստոսի խօսքը իրենց հաճելի չէր, որ մեծամեծ բաներ կ՚ըսէր Իր անձին մասին, կ՚ըսէին. «Դժուար ընդունելի է ըսած խօսքդ», այսինքն՝ դժուարին ու անհաւատալի:

Խօսք. «Յիսուս երբ գիտցաւ» (Յհ 6.61):

Մեկնութիւն. Անոնք ծածկաբար տրտնջացին, իսկ Քրիստոսի Աստուածութեան յատուկ է ծածուկները իմանալ:

Խօսք. «Ատիկա կը գայթակղեցնէ՞ ձեզ» (Յհ 6.61):

Մեկնութիւն. Ինչպէս մարմինը կը գայթակղի, միտքն ալ կ՚երկբայի ու կը թերանայ: Երկու բաներէ կը գայթակղէին. նախ՝ թէ ըսաւ. «Ես երկինքէն իջայ», երկրորդ՝ ըսաւ. «Մարմինս ուտողներուն կեանք կու տայ» (հմմտ. Յհ 6.54), եւ այլն, իսկ անոնք զԻնք աղքատ կնոջմէ ծնած գիտէին ու մահկանացու մարդ, եւ Քրիստոս կամեցաւ վերացնել անոնց գայթակղութիւնը: Առաջինին համար կ՚ըսէ. «Պիտի տեսնէք թէ ո՛ւր է նախապէս» (տե՛ս Յհ 6.62), իսկ երկրորդին համար կ՚ըսէ. «Հո՛գին է կենդանարար» (տե՛ս Յհ 6.63):

Խօսք. «Եթէ տեսնէք, որ Մարդու Որդին կ՚ելլէ հոն՝ ուր էր նախապէս» (Յհ 6.62):

Մեկնութիւն. Այստեղ ո՛չ թէ երկբայութեան համար կ՚ըսէ, այլ՝ ստուգութեան եւ ճշմարտութեան համար, որովհետեւ աշակերտներէն շատերը տեսան Անոր երկինք համբառնալը: Կ՚ըսէ. «Մի՛ զարմանաք, որ ըսի թէ երկինքէն իջած եմ, քանի որ ըստ Աստուածութեան կ՚ըսուի թէ նախապէս երկինքի մէջ էր ու միշտ է եւ բոլոր տեղերուն մէջ, իսկ մարդկութեամբ կ՚ըսուի երկինք ելած, ուր էր նախապէս», այսինքն՝ բնականապէս է, որ իւրաքանչիւր իր իր տեղը դառնայ, ուստի յայտնի է, թէ երկինքէն իջած էր ու երկինքն էր Անոր տեղն ու բնակութիւնը:

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՄԻԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Տե՛ս Բանին եւ մարմինին միաւորութեան խօսքը, ինչպէս կ՚ըսէ. «Մարդու Որդին, ուր էր նախապէս» (տե՛ս Յհ 6.62), նոյնպէս Նիկոդէմոսին ալ կ՚ըսէր. «Ո՛չ ոք երկինք ելաւ՝ բացի Մարդու Որդիէն, որ երկինքէն իջաւ, եւ որ երկինքի մէջ է» (Յհ 3.13), որովհետեւ յատուկ բաժանմամբ Մարդու Որդին եւ ելաւը մարմինին կը պատշաճի, որ Կոյսէն է, եւ Աստուծոյ Որդի ու իջնելը միայն Բանին կը յարմարի, որ Հօրմէն է: Արդ, Բանին անորոշելի միութեան եւ մարմինին համար իջած կ՚ըսուի Մարդու Որդին, եւ ելած՝ Աստուծոյ Որդին, քանի որ միեւնոյնն է Աստուծոյ Որդին եւ Մարդու Որդին՝ մարմնացեալ եւ մարդացեալ Աստուածը: Եւ տե՛ս, դարձեալ, որ կ՚ըսէ. «Ո՞ւր են անոնք, որոնք մէ՛կ Քրիստոսը երկու բնութիւններու կը բաժնեն, որովհետեւ մէ՛կ է Քրիստոս, եւ մէ՛կ Տէր, եւ մէ՛կ Որդի», իսկ երկու բնութիւններու բաժնելը չարափառներուն ու երկաբնակներուն [յատուկ] է, իսկ՝ երկու բնութիւններէ մէ՛կ ըսել Որդին եւ մէ՛կ Քրիստոսը, ուղղափառներու դաւանութիւնն է, քանի որ երկու բնութիւններէ ի միութիւն ժողովեցաւ Քրիստոս, եւ այն է մարդեղութիւն: Իսկ եթէ երկաբնակը ըսէ, մենք անձը մէկ կ՚ըսենք, իսկ բնութիւնը՝ երկու, կ՚ըսենք, թէ Բանն Աստուածը բնութիւնը Կոյսէն առաւ եւ Իրեն խառնելով անձնաւորեց զԻնք, իսկ յատուկ անձ չառաւ: Արդ, դուք ո՛չ չառածը մէկ կ՚ըսէք, եւ ո՛չ ալ առածը, որովհետեւ առած մարդկութիւնը կը բաժնէք ու չառած անձն ալ մէկ կ՚ըսէք: Եւ դարձեալ, առածը Աստուած չէք ըսեր, այլ՝ չառածը, քանի որ անձին Աստուած կ՚ըսէք, որ յաւիտեաններէն էր, եւ ոչ՝ բնութիւնը, որ ժամանակեայ էր: Ապա յայտնի է, թէ Աստուածը Աստուած կ՚ըսէք եւ մարդը՝ մարդ, եւ նոյնպէս երկու բնութիւնները զատելով, կ՚որոշուի երկու անձ եւ երկու դէմք, ու նեստորականներ կ՚ըլլանք, ապա մէ՛կ անձ ըսել, յայտնի է, թէ միայն կոչումը մէկ կ՚ըսէք եւ անունը, իսկ իրը կը բաժնէք:

Այսքանը այս մասին:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 66

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020