ՄԱՆԿԱՆՑ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց բարձրագոյն յանձնակատարի գրասենեակի երախաներու վաճառքի, երախաներու մարմնավաճառութեան եւ մանկական պոռնկագրութեան հարցերով յատուկ զեկուցող Մոտտ Տը Պույէ-Պուքիքօ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Այս շրջագծով ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աշոտ Յովակիմեանի կողմէ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին յատուկ զեկուցողը ներկայացուց իր Հայաստան այցելութեան արդիւնքին երախաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտէն ներս նկատած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ օրէնսդրական բարեփոխումներու գործընթացին։
Ողջունելով հիւրը՝ Աշոտ Յովակիմեան նշեց, որ երախաներու պաշտպանութեան բնագաւառը, երախաներու նկատմամբ յատուկ վերաբերմունքով պայմանաւոր-ւած, մշտապէս կը գտնուի Հայաստանի կառավարութեան ուշադրութեան ներքեւ։ Աշոտ Յովակիմեան անդրադարձաւ այս ուղղութեամբ երկրէն ներս ձեռնարկուած աշխատանքներուն՝ կարեւորելով միջազգային պարտաւորութիւններու շրջականակներէն ներս իրականացուող գործողութիւնները։