ՀԱԿԱՕԴԱՅԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ

 Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան փոխ-նա­խա­րար, Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան նիւ­թա­թեք­նիկ ա­պա­հով­ման բա­ժան­մուն­քի պետ Ա­լիք Միր­զա­բէկեան յայ­տա­րա­րեց, թէ հայ­կա­կան զի­նեալ ու­ժե­րուն մօտ ներ­կա­յիս կ՚օգ­տա­գոր­ծուին ա­նօ­դա­չու թռչող սար­քեր, ո­րոնք կը լուծ­են շարք մը խնդիր­ներ։ Յա­ռա­ջի­կա­յին կը նա­խա­տե­սուի ռազ­մաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թեան ինք­նա­գործ հա­մա­կար­գի մը ստեղ­ծու­մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դու­մնե­րով, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցան «Նո­րա­րա­րա­կան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը Հա­յաս­տա­նի զի­նեալ ու­ժե­րուն մէջ» նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ լսում­ներ։ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պաշտ­պա­նու­թեան, ազ­գա­յին անվտան­գու­թեան եւ ներ­քին գոր­ծոց մշտա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած այս խորհր­դա­րա­նա­կան լսում­նե­րուն ըն­թաց­քին ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Ա­լիք Միր­զա­բէկեան, ո­րու փո­խան­ցած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով՝ հայ­կա­կան բա­նա­կը այ­սօր մար­տու­նակ է ու պատ­րաստ՝ կա­տա­րե­լու ո­րե­ւէ ա­ռա­ջադ­րանք՝ նուա­զա­գոյն կո­րուստ­նե­րով։ Անդ­րա­դառ­նա­լով ռազ­մաար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ստեղծ­ման ու զար­գաց­ման խնդիր­նե­րուն՝ Միր­զա­բէկեան նշեց, որ այս ուղ­ղու­թեամբ կա­տա­րուած է զի­նեալ ու­ժե­րու սպա­ռա­զի­նու­թեան ըն­թա­ցիկ եւ եր­կա­րա­ժամ­կէտ ծրագ­րե­րու հա­մա­լիր մշա­կու­մը։

Փոխ-նա­խա­րա­րի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան բա­րե­փո­խում­նե­րու 2010-2015 թուա­կան­նե­րու զար­գաց­ման հա­յե­ցա­կար­գով սահ­մա­նուած են գե­րա­կայ ուղ­ղու­թիւն­նե­րը՝ անհ­րա­ժեշտ հզօ­րու­թիւն­նե­րու ստեղ­ծու­մը, գո­յու­թիւն ու­նե­ցող սպա­ռա­զի­նու­թեան ար­դիա­կա­նա­ցու­մը, պայ­թու­ցիկ նիւ­թե­րու ար­տադ­րու­թեան նպա­տա­կով ռազ­մա­կան քի­միա­յի եւ տար­րա­կան նե­րու­ժի վե­րա­կանգ­նու­մը, նոր տե­սա­կի զի­նամ­թեր­քի ստեղ­ծու­մը, հա­կաօ­դա­յին պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ե­ւայլն։ Ա­լիք Միր­զա­բէկեան շեշ­տեց, որ Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ են եր­կու հիմ­նախն­դիր­ներ։ Ա­ռա­ջինն է՝ ար­դիւ­նա­բե­րա­կան գոր­ծա­րան­նե­րու ար­դիա­կա­նա­ցումն ու հա­մա­պա­տաս­խա­նե­ցու­մը ար­դի պա­հանջ­նե­րուն։ Երկ­րոր­դը՝ մաս­նա­գէտ­նե­րու պատ­րաս­տումն է, ո­րով­հե­տեւ մաս­նա­գէտ­նե­րը հա­սած են 65-70 տա­րե­կա­նի սահ­մա­նին։

Աւելի վերջ փոխ-նախարարը պա-տասխանեց կարգ մը հարցումներու, ո-րոնք կը վերաբերէին բանակի համար արեւու ուժանիւթի օգտագործման եւ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի ներթափանց-ման յարձակումներու կանխուելուն։

 

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015