ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ «ՄԱՔՐՕ»Ի ՀԱՄԱՐ, Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԵՆ «ՄԻՔՐՕ»ՆԵՐԸ
Աղէտը միայն MACRO, բազմապատկուած MICRO:
Լիբանանը աղիտալի վիճակի մէջ է, նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումը Պէյրութը աւերեց: Օժանդակութիւններ պիտի ըլլան, սկսած են: Անոնք պիտի հասնի՞ն իր բնակարանը կորսնցուցած մարդուն, ան պատսպարան մը պիտի ունենա՞յ, բնակարաններու նորոգութիւնը, երբ այդ կարելի է, ո՞վ պիտի հոգայ:
Երկրին յատկացուած միլիոններէն, յատկացում պիտի ըլլա՞յ համեստներուն, որպէսզի տուներու եւ վաճառատուներու ջարդուած ապակիները փոխարինեն: Անվճար դարմանում ստանան: Թէ՞ կրկին, անոնք որոնց միջոցաւ պիտի ըլլան յատկացումները, նախ իրենք պիտի առնեն առիւծի բաժինը: Մեծ առիւծներ, պզտիկ առիւծներ, աղուէսներ: Այս՝ ըստ սովորութեան, որ երկրին մէջ կը կոչուի «շաթարա», մեծերու եւ նուազ մեծերու ճարպիկութիւն: Ինչպէս քիչ մը ամէն տեղ:
Բացի պետութիւններու օժանդակութենէն, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ դրամահաւաք կը կազմակերպեն եւ պիտի օժանդակեն, ինչ որ առաջին հերթին հոգեկան բաւարարութիւն կու տայ նուիրատուին: Աղէտը ընդհանուր է եւ բարեսիրական ընթացիկ միջոցները կը նմանին մատնոցով ովկիանոսի ջուրը պարպելու: Այդպէս է Լիբանանի եւ ի հարկէ լիբանանահայութեան կարիքներու պարագան: Հայկական զոյգ պետութիւնները, նաեւ հայկական կազմակերպութիւնները, լծուած են օժանդակութեան գործին: Եթէ Լիբանանի վերակառուցման համար կը խօսուի միլեառներու մասին, հայկական համայնքի եւ անոր կառոյցներու կարիքները գնահատուա՞ծ են:
Հեռախօսային զրոյց մը ունեցայ Պէյրութի հայկական կազմակերպութիւններէն մէկուն պատասխանատուին հետ: Շէնքը, ուր կը գտնուին, (կը գտնուէին) տարբեր միութիւններ եւ հաստատութիւններ, աւերուած է, վերակառուցման համար կը նախատեսուի կէս միլիոն տոլարի ծախս: Այս մէկ պարագայ է: Երկրին վերակառուցման յատկացուելիք օժանդակութիւններու ցանկին վրայ կը գտնուի՞, պիտի գտնուի՞, հայկական համայնքային կառոյցներու վերականգնումը: Այսինքն անոնք պետական վերակառուցման ծրագրի ցանկին վրայ տեղ պիտի ունենա՞ն, թէ՞ պիտի ապաւինին հայկական համայնքներու եւ միութիւններու հանգանականութիւններու արդիւնքին եւ բարեսիրութիւններուն:
Պահանջը մէկ անգամ կէս միլիոն տոլար չէ… Բազմապատիկ է: Պիտի գիտնա՞նք այդ բազմապատիկի տարողութիւնը, չափը, որպէսզի կազմակերպութիւնները ըստ այնմ գործեն:
Միջազգային օժանդակութիւնը առաջին հերթին, եւ այդ բնական է, ուղղուած պիտի ըլլայ երկրի ենթակառոյցներու վերականգնումին, որ կը պահանջէ մեծ գումարներու յատկացում: Այս ՄԱՔՐՕ կարիքներու բաւարարումը առաջնահերթ անհրաժեշտութիւն է՝ երկրին համար, պետական չափանիշով:
Լաւատեսութեամբ, այս ՄԱՔՐՕ վերականգնումներէն ետք, եթէ դեռ հնարաւորութիւններ ըլլան, գումար մնայ, թերեւս յատկացումներ կ՚ըլլան ՄԻՔՐՕ կարիքաւորներու. թաղին անկիւնը գտնուող կրպակ-ճաշարանի ապակիներու վերահաստատման, անոր խոհանոցի քանդուած փուռին եւ սառնարանին փոխարինման, անգործութեան շաբաթներուն եւ թերեւս ալ ամիսներուն համար, արդէն դժուար ապրող մարդոց բնակարաններու պատերու եւ պատուհաններու վերաշինութեան:
Այս բոլորի կողքին, հայկական համայնքին վերաբերող երեք մեծ խնդիրներ կան, որոնց պատասխանը Հայաստանի եւ Արցախի պետութիւնները եւ հայկական համայնքները պիտի տան: Շատ պէտք չէ ակնկալել, որ ՄԱՔՐՕ կարիքներու բաւարարումէն ետք, շատ բան մնայ ուրիշ բաներու:
Առաջին հերթին մեր հնարաւորութիւններու առաւելագոյն չափով հայկական դպրոցներուն լայն օժանդակութիւն պէտք է ցուցաբերել, ի հարկէ որակաւոր վերաշինութեան համար, որպէսզի ոչ միայն համեստ ընտանիքներու զաւակները չհեռանան հայ դպրոցէն, այլ նաեւ բարեկեցիկներու զաւակները, նաեւ արդէն օտար վարժարաններու դռները ափ առածները վերադառնան, որպէսզի հայութեան ներքին շաղախը ամրանայ: Դպրոցական շէնքերը պէտք է որ վերականգնին լաւ պայմաններու մէջ ընդունելու համար աշակերտները, նաեւ ներդրում պէտք է ընել ուսուցչական կազմերու քանակի եւ որակի վրայ, հրաժարելով անոնց յաճախ ուղղուած զոհողութեան ճառէն: Պսակաձեւ ժահրի պարտադրած պայմաններուն բերումով, կիսով վճարուած եւ թերեւս նաեւ չվճարուած ուսուցչական թոշակները պէտք է վճարել, որպէսզի մարդիկ գիտնան, որ յարգուած են, անհրաժեշտ են, լաւ ապրելու իրաւունք ունին:
Անպայման կանգուն պէտք է պահել հայ մամուլը, ընելով այնպէս, որ ան հասնի իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, որպէսզի ան դառնայ հասարակ յայտարար, միացնող, գիտակցութեան ուղեցոյց: Նկատի ունենալով, որ արդէն հայ մամուլի տպաքանակը զգալիօրէն նուազած է ամէնուրեք, կարելիութիւն պէտք է ստեղծել, որ թերթը անվճար հասնի իւրաքանչիւրին: Կրնայ առարկուիլ, որ արդէն շատեր համացանցով անվճար կը կարդան հայկական թերթերը, բայց այլ բան է հայագիր եւ հայկական թերթին ներկայութիւնը տան մէջ: Ան պէտք է ըլլայ կեանքի պորտային կապ բոլորին միջեւ:
Երրորդ մեծ խնդիրը հայրենադարձութիւնն է, որ միշտ նպատակ պէտք է ըլլայ: Դէպքերու ճնշման տակ իրականացող հայրենադարձութիւնը, կամաւոր ընտրութիւն եւ յանձնառութիւն չըլլալով, արմատաւորում չի նախատեսեր, արմատաւորման չի տրամադրեր: Ազգային պարտութիւն է Հայաստան ապաստանիլ եւ այդ ապաստանը գործածել որպէս կամուրջ այլ տեղ երթալու համար: Հայրենական եւ սփիւռքեան ղեկավարութիւնները անմիջական հայրենադարձութեան արմատաւորուելու պայմանները պէտք է ստեղծեն. բնակարան, աշխատանք եւ այլ ապահովութիւններ: Հայրենադարձողը երբ վերստին գաղթական-սփիւռք կ՚ըլլայ, ընկերահոգեբանական ծանր հարուած կը հասցնէ նոյնինքն հայրենադարձութեան գաղափարախօսութեան, սփիւռք(ներ)ի գիտակից զանգուածներու երազին: Առաւել, հայրենի ժողովուրդին մօտ ալ աշխատանք պէտք է տանիլ, որպէսզի հայրենադարձողին չնայի որպէս օտար, տարբեր, տեղը նեղցնող: Այս բոլորը համատեղ կը կարօտին լայնածիր ազգային ճշմարիտ որակով, ազգային որակով քարոզչութեան եւ ընկերաքաղաքական դաստիարակութեան: Մանաւանդ, հապճեպ եւ խուճապային հայրենադարձութիւնը հիւրընկալ երկրի դժուարութեան օրերուն զայն լքելու բնոյթ պէտք չէ ունենայ:
Այս երեք մեծ խնդիրները կը կարօտին իսկական ղեկավարական կազմակերպութեան, ոչ թէ յաւելեալ դիրքի եւ իրաւունքի ձգտելով, այլ իրապէս յաւելեալ ապագայատես ծառայութեան:
Բայց ինչ որ ալ պատահի, բոլոր պարագաներու, իւրաքանչիւր հայ մասնակից պէտք է ըլլայ հայկական համայնքի անդամներու կարիքներու բաւարարման եւ անոնց կառոյցներու վերականգնումին, նոյնիսկ երբ կը կարծենք, թէ կան բացասականութիւններ, թերիներ, թերացումներ:
Հարկ է նախ վերականգնել, վերականգնիլ, ի հարկին չխուսափելով դէպի լաւը ձգտող կառուցողական քննադատութենէ, այն իմաստութեամբ, որ քննադատութիւնը սիրոյ արտայայտութիւն է, կ՚ուղղուի մերձաւորին: Չենք քննադատեր Քամչաթքայի եւ Կրէօնլէնտի կառավարիչները, անոնց հետ առընչութիւն չունինք: Կը տեսնենք մենք-մերոնքը, իր թերութիւններով եւ դրականով:
Իսկ լրագրողին պատասխանատուութիւնը մեծ է: Ան հաղորդագրութիւններու արձագանգողէ աւելին պէտք է ըլլայ, քարոզչութեան չծառայէ, լուր չհաղորդէ գրասեղանին ետին նստած, այլ երթայ դէպի մարդիկը, հաստատութիւնները, տեսնէ, վկայէ, ցոյց տայ թէ ո՞վ, որո՞ւն եւ ինչպէ՞ս կ՚օգնէ, տուժած նպարավաճառը, անաշխատ մարդը եւ քանդուած դուռ-պատուհաններու ետին գտնուող երէցները կ՚օգտուի՞ն նուիրատուութիւններէն: Այսինքն ուշագրաւ «ՄԱՔՐՕ»ներով չբաւարարուին, այլ իրենց ուշադրութեան կիզակէտին պահեն յուսահատութեան մատնուած «ՄԻՔՐՕ»ները:
Նախ պէտք է վերակագնել: Մնացեալը՝ յետոյ: Այս ազգային եւ ընկերային բարոյական է:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
«Էրեբունի Նիւզ»