Հինգշաբթի 28, Նոյեմբեր 2024
ՃԱՆԱՊԱՐՀԱՇԻՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՓՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Հայաստանի մէջ ճանապարհաշինութեան աշխատանքները կը շարունակուին թափով։ Այս ամբողջին մէջ առաւել կարեւորութիւն կը վերագրուի Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի շինութեան։ Վերջին տարիներուն կառավարութիւնը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ սոյն նախագիծը կեանքի կոչելու առաջադրութեամբ։ Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի Երեւան-Աշտարակ հատուածը բաւական մօտեցած է իր վերջնական տեսքին։ Հետեւաբար, այդ հատուածը աստիճանաբար բացուած է նաեւ երթեւեկութեան։
Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015