ՀԱՐՍԱՆԻՔ ԼԵՌՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

Մա­յի­սեան ե­ռա­տօ­նե­րու ներ­կայ շրջա­նին, Շու­շիի ա­զա­տագր­ման տա­րե­դար­ձին շար­ժա­ռի­թով, «Հար­սա­նիք լեռ­նե­րուն մէջ» խո­րագ­րեալ զի­նուո­րա­կան ծրա­գի­րը ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին մաս­նա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը յանձ­նուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի «Մայր Հա­յաս­տան» թան­գա­րա­նին, որ կը գոր­ծէ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ծրա­գի­րը թան­գա­րա­նին յանձ­նեց զօ­րա­վար Ար­քա­տի Տէր-Թա­դէո­սեան, որ ղե­կա­վա­րած էր Շու­շիի ա­զա­տագր­ման գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։

«Հար­սա­նիք լեռ­նե­րու մէջ» խո­րագ­րեալ ծրագ­րի մար­տա­վա­րա­կան քար­տէ­սը թան­գա­րա­նին յանձ­նե­լու ժա­մա­նակ Ար­քա­տի Տէր-Թա­դէո­սեան լրագ­րող­նե­րուն յայտ­նեց, թէ այդ ծրագ­րին վրայ աշ­խա­տած են իր հա­րիւ­րա­ւոր մար­տա­կան ըն­կեր­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, այդ ծրա­գի­րը պի­տի մնայ պատ­մու­թեան մէջ՝ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։

Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­մը Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պա­տե­րազ­մին ժա­մա­նակ ճա­կա­տագ­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցած էր հայ­կա­կան կող­մին հա­մար։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015