ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳՈՐԳԻ ԿԱՅՔԷՋ

Հա­մա­ցան­ցի վրայ սկսաւ գոր­ծել «Հայ­կա­կան գորգ» ա­նուա­նեալ կայ­քէջ մը։ Հայ­կա­կան գոր­գա­րուես­տի եւ ա­նոր վառ նմոյշ­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հա­մա­ցան­ցա­յին թան­գա­րան մըն է այս մէ­կը։ Սար­տա­րա­պա­տի Ազ­գագրա­կան թան­գա­րա­նի, Հա­յաս­տա­նի Պատ­մու­թեան թան­գա­րա­նի եւ կարգ մը մաս­նա­ւոր ժո­ղո­վա­ծոնե­րու նմոյշ­նե­րը կը ցու­ցադ­րուին այս կայ­քէ­ջին մօտ, որ հաս­տա­տուած է Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան զօ­րակ­ցու­թեամբ։

Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ այս կայ­քէ­ջին շնոր­հան­դէ­սը, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի փոխ-նա­խա­րար Ա­րեւ Սա­մուէ­լեան։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2015