ՆՈՐ ՎԻՃԱԿԻ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄ
Համաշխարհային քաղաքականութեան կաճառի դասախօսներէն Փոլ Կոպըլ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ չի կրնար լուրջ փոխզիջումներու երթալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մէջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Փոլ Կոպըլ բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ «Ամերիկայի ձայնը»ին եւ այս առթիւ մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կապակցութեամբ։ Անցեալի մէջ ալ Փոլ Կոպըլ այս հակամարտութեան կարգաւորման առընչութեամբ կ՚արտայայտէր ուշագրաւ միտքեր, մանաւանդ որ օրակարգի վրայ բերած էր նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ Լաչինի վրայով, իսկ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ Զանգեզուրի վրայով միջանցքներ բանալու առաջարկը։
Խօսելով հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի ներկայ եւ անցեալ փուլերուն շուրջ՝ վերլուծաբանը ընդգծեց, թէ բանակցային գործընթացի այժմու հանգրուանը հիմնովին կը տարբերի տասնհինգ տարի առաջուան իրավիճակէն, երբ կը կարծուէր, թէ Քի Ուեստի կամ Փարիզի հանդիպումներու արդիւնքներով կողմերուն միջեւ կրնայ նոյնիսկ որեւէ փաստաթուղթ ստորագրուիլ։
Փոլ Կոպըլի համոզմամբ, գոյութիւն ունեցող կարեւոր տարբերութիւններէն մէկը Ատրպէյճանի նախկին նախագահն էր։ «Հաշուի առնելով իր եզակի դերը՝ Հայտար Ալիեւ Ատրպէյճանի մէջ կ՚ընկալուէր որպէս մարդ մը, որ միաւորած էր երկիրը եւ պետութիւն կառուցած։ Ան իսկապէս կրնար լուրջ փոխզիջման երթալ ղարաբաղեան հարցին մէջ, աւելին՝ ան այդ մասին կը յայտարարէր Քի Ուեստի եւ Փարիզի հանդիպումներուն ընթացքին», ըսաւ Կոպըլ։
Ի տարբերութիւն իր հօր՝ ներկայ նախագահ Իլհամ Ալիեւ շատ աւելի կախում ունի Ատրպէյճանի զանազան ուժային լծակներէ։ Վերլուծաբանը համոզուած չէ, որ Իլհամ Ալիեւ ունի փոխզիջման երթալու նոյնքան հնարաւորութիւն։ «Կը կարծեմ՝ Իլհամ Ալիեւ աւելի շատ կախուած է տարբեր ուժերու շահերէն եւ այս պատճառով չի կրնար դիւրութեամբ երթալ այն փոխզիջումներուն, որոնք հնարաւոր էին իր հօր համար», ըսաւ Փոլ Կոպըլ։
Միւս տարբերութիւնը, ըստ Փոլ Կոպըլի, այն է, որ խոշոր դերակատարներու ազդեցութեան աստիճանը վերջին շրջանին զգալիօրէն փոխուած է հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս։ Մասնաւորապէս, Ռուսաստան ինքզինք շատ աւելի հզօր կը զգայ եւ շատ աւելի մեծ հնարաւորութիւններ կը տեսնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի վրայ ազդելու համար։ «Գոյութիւն ունի առնուազն մէկ ուժ, որ չի փափաքիր, որպէսզի խնդիրը կարգաւորուի եւ կը շահի խնդրի կարգաւորուած չըլլալուն բերումով։ Սա Ռուսաստանի դաշնակցութիւնն է, որ կը շահի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան գոյութենէն», ըսաւ Փոլ Կոպըլ։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Փոլ Կոպըլ ընդգծեց, որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը այսօր կարգաւորուէր, Մոսկուայի ազդեցութիւնը Երեւանի եւ Պաքուի վրայ զգալիօրէն տկարացած պիտի ըլլար։ Ան շարունակեց. «Մոսկուայի համար Կովկասի մէջ Վրաստանը ուղին է, Հայաստանը՝ գործիքը, իսկ Ատրպէյճանը՝ շահումը, նաւթի եւ Ռուսաստանի ու Իրանի միջեւ ցամաքային սահման ապահովելու համար։ Այսինքն, եթէ Մոսկուա յաջողի ապահովել Պաքուի մէջ արմատական քաղաքական փոփոխութիւն եւ Ատրպէյճան եթէ ենթարկուի Ռուսաստանին, ապա Ռուսաստան պատրաստ է Հայաստանը զոհաբերելու յանուն այդ նպատակին»։
Նոյն հարցազրոյցին մէջ վերլուծաբանը ընդգծեց նաեւ անցեալի ու ներկայի միջեւ վերջին տարբերութիւն մը։ Արդարեւ, այսօր Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ վատթարացող յարաբերութիւններու պայմաններուն ներքեւ ի յայտ կու գան այլ խնդիրներ, որոնք խոշոր պետութիւններու համար աւելի կարեւոր են, քան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, որ այս պարագային կը դառնայ երկրորդական։