ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՏԵՍԱԿԷՏՆԵՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Louisville համալսարանի դասախօս Փրոֆ. Ճասթին ՄաքՔարթի յայտարերեց, թէ հայոց կողմէ առաջադրուած ցեղասպանութեան պնդումներուն դէմ Թուրքիա պէտք է վարուի աւելի աշխոյժ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Ճասթին ՄաքՔարթի ըսաւ. «Երբեմն զօրաւոր ըլլալու առընթեր պէտք է նաեւ խօսիլ բարձրաձայն»։
Պատմաբան եւ բնակչութեան մասնագէտ ՄաքՔարթի ծանօթ է Օսմանեան պետութեան վերջին շրջանին վրայ կատարած աշխատանքներով։ Ան վերջերս հեղինակած է երկու գիրքեր, որոնք կը վերաբերին Ամերիկայի մէջ թուրքերու խորհրդանշած կերպարին եւ 1281-1923 թուականներու օսմանեան թուրքերուն։ Իր այս երկու գործերը թարգմանուած են նաեւ թրքերէնի եւ ՄաքՔարթի վերջերս Իսթանպուլ այցելեց իր գործերու թրքերէն թարգմանութեան շնորհանդէսին առթիւ։
Հաւաքոյթի ընթացքին Ճասթին ՄաքՔարթի յայտնեց, թէ ինչպէս անհատներու, այնպէս ալ հաւաքականութիւններու պարագային երբեմն դրական յատկութիւնները կըր-նան վերածուիլ ժխտական հանգամանքներու։ Ան բացատրեց, թէ թուրքերը զօրաւոր, արժանապատուութեան տէր եւ չգանգատող անձեր կ՚ըլլան։ «Եթէ թուրքը վիրաւորես, ապա երկու բան կ՚ընէ՝ կա՛մ կարեւորութիւն չի տար եւ կամ խստիւ կը փոխադարձէ։ Չի լար։ Սա թէեւ լաւ առաւելութիւն մըն է, սակայն վատ երեսակը այն է, որ դուրսի մարդոց լսած միակ բանը կ՚ըլլան լացողները։ Այս պատճառով թուրքերուն միշտ կը յանձնարարեմ ըլլալ աւելի աշխոյժ։ Պատմեցէք ապրուածներուն մասին», ըսաւ Ճասթին ՄաքՔարթի եւ աւելցուց, թէ աւանդաբար թուրքերու վերաբերեալ ամերիկեան եւ եւրոպական տեսակէտը կը բնորոշուի միակ բառով մը, որն է նախապաշարումը։
Միեւնոյն ժամանակ Ճասթին ՄաքՔարթի յայտնած է, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ նոյնիսկ դժուար է հայկական հարցին վերաբերեալ վիճաբանութիւն մը կատարել։ Քաղաքական գործիչները, նոյնիսկ ակադեմականները, չափէն աւելի համոզուած են, թէ թուրքերը կատարած են ցեղասպանութիւն մը։ ՄաքՔարթիի խօսքերով, թուրքերու վերաբերեալ նախապաշարումները ընդհանրապէս կը ծագին միջնադարէն եւ անոնց ազդեցութեամբ ամերիկացիները թուրքերը կ՚ընկալեն որպէս բնական մարդասպաններ։ Այս ընկալման մէջ կարեւոր ազդեցութիւն գործած են նաեւ օսմանեան տարածքէն ներս միսիոնարական գործունէութիւն ծաւալած ամերիկացիները, որոնք 1830-ական թուականներէն սկսեալ գրի առած են տեղեկագրեր։ ԱՄՆ-ի թուրքերու վերաբերեալ ժխտական ընկալումը ազդեցութիւն կը գործէ քաղաքական հարցերու վրայ, սակայն այնտեղ գաղթած թուրքերը չեն ազդուիր անհատական հարթութեան վրայ։
Ճասթին ՄաքՔարթի համոզուած է, թէ թուրքերը պէտք է սորվին իրենց պատմութիւնը, ու մանաւանդ թուրքերու եւ հայոց միջեւ ապրուածները։ Ըստ իրեն, Թուրքիոյ մէջ հայկական հարցին վերաբերեալ կը կազմակերպուին բազում գիտաժողովներ, որոնց ընթացքին կարելի է պաշտպանել ցեղասպանութեան տեսակէտը։ Սա կը նշանակէ, որ Թուրքիա ազատ երկիր մըն է։
Հարցումներու պատասխանելու ժամանակ Ճասթին ՄաքՔարթի պնդած է նաեւ, թէ ազգայնական հայերը ունին երեք նպատակ, որոնց առաջինն է ապահովել Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութիւն մը կատարուած ըլլալուն ճանաչումը։ Երկրորդ՝ կ՚ակնկալեն աւելի քան 80 միլիառ տոլար հատուցում եւ երրորդ՝ կը փափաքին, որ Թուրքիա Հայաստանին յանձնէ իր տարածքին մէկ մասը։