ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Ոխակալութիւն» եւ «վրէժխնդրութիւն». ահաւասիկ երկու մոլութիւններ, որոնցմէ մարդ պէտք է հեռու մնայ։ Բայց բոլոր միւս մոլութիւններուն նման, որքան որ մարդ պէտք է հեռու մնայ անոնցմէ, ա՛լ աւելի կը մօտենայ եւ կարծես իր ամէնօրեայ կեանքին անբաժանելի տարրը՝ մտքին ու սրտին մէջ միշտ պատուոյ տեղը կու տայ անոնց։ Անկեղծ ըլլանք, սիրելինե՜ր. կա՞յ արդեօք մէկը, որ իր սրտին մէկ անկիւնը պահած չըլլայ ո՛խ մը մէկու մը հանդէպ, չունենայ ոխակալութեան այդ վատ զգացումը իր հոգիին մէջ։ Եւ դարձեալ, կը խորհի՞ք, թէ ըլլայ մէկը՝ որ իր միտքը զբաղեցուցած չըլլայ վրէժխնդրութեան անիմաստ հարցով մը։ Ո՜վ գիտէ, ոխի կամ վրէժխնդրութեան պատճառն իսկ մոռցուած է, եւ սակայն ոխը եւ վրէժխնդրութիւնը կը շարունակէ՜…։
Մարդիկ տարօրինակ են՝ բանի մը ետեւէն կ՚երթան, բայց պատճառը շատ անգամ իրենք ալ չեն յիշեր կամ չեն գիտեր։ «Ո՛խ», կ՚ըսեն, «ինչո՞ւ» կամ «ի՞նչ» եթէ հարցուի, պատասխան չեն կրնար տալ։
Եւ կարծեմ «մոլութիւն» ըսուածը այսպէս բան մըն է, պատճառը մէկ կողմ թողուած, միայն արդիւնքով ներկայացած երեւոյթ մը։ Վրէժխնդրութիւնն ալ նոյնն է. մարդ վրէժ լուծել կ՚ուզէ, բայց «ինչո՞ւ», «ի՞նչ» հարցումներուն պատասխանելու մէջ կը դժուարանայ։ Կարծեմ բոլոր մոլութիւններու հասարակաց կէտն է այս։ Զոր օրինակ, ծխելու մոլութիւն ունեցողի մը եթէ հարցնէք, թէ ինչո՞ւ կը ծխէ, վստահ եմ, որ որոշ պատասխան մը պիտի չկարենայ տալ։ Անոնց միակ պատասխանն է՝ «Ինչո՛ւ չեմ գիտեր, վարժութիւն եղեր է, սովորութիւն մը, որ կը շարունակուի», եւ այդքան։ Որովհետեւ, սիրելինե՜ր, մոլութիւնները որեւէ պատճառ չունին, ծածուկ կերպով կու գան ու կը գրաւեն միտքն ու սիրտը եւ դժբախտաբար գերի կը դարձնեն ենթական։ Մոլութիւնը, որեւէ բանի, գերութիւն է մտային ու հոգեկան, որմէ ազատիլ զօրաւոր կամք եւ նկարագիր կը պահանջէ։ Ուրեմն կարելի է ըսել, թէ մոլութիւններու գերի մարդիկ նկարագրով ընդհանրապէս տկա՛ր մարդիկ են, կամք ու կորով կը պակսի իրենցմէ եւ չեն կրնար փրկուիլ գերութենէ։
Այս իմաստով, ձեր դատումին կը թողում, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, ոխակալութիւնը եւ անոր համընթաց վրէժխնդրութիւնը մոլութիւն կարելի չէ՞ համարել։ Բան մը՝ որ վնասակար է նախ իրեն, յետոյ իր շրջանակին, ընկերութեան եւ մարդկութեան, ապա ուրեմն չթողուլ զայն, ինքն իրեն գերութիւն չէ՞…։
Եկէ՛ք սիրելիներ, այս խորհրդածութիւններու լոյսին տակ, տեսնենք, թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կ՚ըսէ վրէժխնդրութեան մասին։ Իր ընդհանուր գիծերով՝ ան հակառա՛կ է ամէն բարոյագիտական սկզբունքներու։
Եւ դարձեալ բացայայտ կերպով կը տեսնուի, որ ան արգիլուած է կրօնական տրամադրութիւններով։
«Վրէժ մի՛ առներ եւ քու ժողովուրդիդ որդիներուն դէմ ոխ մի՛ պահեր, հապա քու ընկերդ քու անձիդ պէս սիրէ՛։ Ես եմ Տէրը» (ՂԵՒՏ. ԺԹ 18)։ Հոս պահ մը անդրադառնանք սա կարեւոր տարբերութեան. արդար իրաւունք մը պաշտպանել ուրիշ բան է՝ ոխակալ ըլլալ եւ վրէժ լուծելու վրայ կեդրոնանալ բոլորովին տարբեր բան, եւ երբ այս հարցով կը զբաղինք, այդ երկու արարքները պէ՛տք է բծախնդրութեամբ զատել իրարմէ, մին արդարութեան հարց է, իսկ միւսը՝ մոլութեան։ Եւ այս ընդմիջումէն յետոյ շարունակենք հետեւիլ Սուրբ Գիրքի զանազան տրամադրութիւններուն։ Տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըսէ.
«Մի՛ ըսեր՝ անիկա ինծի ինչպէս որ ըրաւ, ես ալ անոր այնպէս պիտի ընեմ, այն մարդուն իր գործին համեմատ հատուցում պիտի ընեմ» (ԱՌԱԿ. ԻԴ 29)։ Եւ ահաւասիկ այս տողերը ցոյց կու տան «արդարութեան» տարբերութիւնը՝ ոխակալութենէն եւ վրէժխնդրութենէն։
«Չարութեան փոխարէն մէկո՛ւն չարութիւն մի՛ հատուցանէք. բոլոր մարդոց առջեւ բարի բաներ ընելու հոգ տարէ՛ք։ Որչափ կարելի է ձեզի՝ ամէն մարդու հետ խաղաղութիւն ունեցէ՛ք։ Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, այլ բարկութեան տեղի տուէ՛ք, վասնզի գրուած է.- Վրէժխնդրութիւնը Ի՛մս է, Ե՛ս պիտի հատուցանեմ, կ՚ըսէ Տէրը։ Ուստի եթէ քու թշնամիդ անօթեցեր է՝ հաց տուր անոր, քանի որ այս ընելով՝ անոր գլխուն վրայ կրակի կայծեր պիտի դիզես։ Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիով յաղթէ՛ չարին»։
Այսպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (ՀՌՈՄ. ԺԲ 17-21), եւ մանաւանդ երբ կ՚ըսէ՝ չարէն մի՛ յաղթուիր, յատկապէս կը մատնանշէ՝ ապաւինիլ արդարութեան, եւ ո՛չ թէ ոխակալութեան եւ վրէժխնդրութեան մոլորութիւններուն։
Ըսինք, որ ոխակալութիւնը եւ վրէժխնդրութեան ոգին, ամէն բանէ առաջ կը վնասէ ենթակային, եւ կարելի չէ՛ հասկնալ՝ մարդիկ ինչո՞ւ վնասակար բան մը կը շարունակեն կատարել, զոր օրինակ, ծխելու մոլութիւն ունեցողներ, հասկնալի չէ՛, թէ՝ գիտնալով ծխելու պատճառած վնասները թէ՛ իրենց եւ թէ շուրջիններուն, կը շարունակեն ծխել եւ վնաս հասցնել թէ՛ իրենց եւ թէ իրենց մերձաւորներուն…։ Եւ կարծեմ, կարգ մը հարցումներ կան՝ որոնց բանաւոր կերպով պատասխանել անկարելի է շատ անգամ։
Մենք դարձեալ շարունակենք Պօղոս առաքեալի խօսքերով, որոնք յստակ կերպով կը բացայայտեն ոխակալութեան եւ վրէժ-խընդրութեան անընդունելի արարքներ ըլլալը։ «Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մէկը չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանէ մէկուն. հապա ամէն ատեն բարիք ընելու ետեւէ եղէք թէ՛ իրարու եւ թէ ամէնուն» (Ա ԹԵՍԱՂ. Ե 15)։
Ընկերային խաղաղութիւնը բարիքով չէ՞ որ կարելի պիտի ըլլայ հաստատել. ապա ուրեմն ի՞նչ իմաստ ունի շարունակել ոխակալութեան եւ վրէժխնդրութեան ոգին։
Պետրոս առաքեալ ալ, իր Ընդհանրական Առաջին նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Չըլլայ որ չարութեան փոխարէն չարութիւն հատուցանէք կամ նախատինքի փոխարէն՝ նախատինք, այլ ընդհակառակն՝ օրհնեցէ՛ք, գիտնալով, որ այս բանին համար կանչուած էք, կանչուեցաք, որպէսզի օրհնութիւն ժառանգէք» (Ա ՊԵՏՐ. Գ 9)։ Ուրեմն՝ վրէժխնդրութիւնը երբե՛ք պէտք չէ նոյնացնել՝ արդար կերպով իրաւունք պահանջելու բանաւոր արարքին հետ։ Արդարեւ, Քրիստոս ի՛նք տիպար մը եղաւ եւ իր իսկ օրինակով ցոյց տուաւ, թէ պէտք է չարութեան փոխարինել բարիքով։
Ուստի Պետրոս առաքեալ կը վկայէ, թէ ի՛նչպէս Քրիստոս ամէն չարութիւն փոխարինեց բարիքով. «Ան մեղք չգործեց ու իր բերնին մէջ նենգութիւն չգտնուեցաւ։ Բայց կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէ՛ր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէ՛ր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր» (Ա ՊԵՏՐ. Բ 22-23)։ Այս տողերէն ալ կը հասկցուի, որ հատուցումի պահանջքը ո՛չ թէ վրէժխնդրութեամբ, այլ արդարութեամբ ըլլալու է։
Եւ Քրիստոս վրէժով հատուցանել ուզողները խիստ կերպով կը յանդիմանէ, ինչպէս կը վկայէ Ղուկաս Աւետարանիչ. «Երբ իր աշակերտները, Յակոբոս ու Յովհաննէս, իմացան, ըսին անոր.- Տէ՛ր, կ՚ուզե՞ս որ ըսենք եւ երկնքէն կրակ իջնէ ու սատկեցնէ զանոնք, ինչպէս Եղիան ալ ըրաւ։ Յիսուս դարձաւ, յանդիմանեց զանոնք, ըսելով.- Չէք գիտեր, թէ ի՛նչ հոգիի տէր էք դուք։ Վասնզի Մարդու Որդին չեկաւ մարդոց հոգիները կորսնցնելու, հապա փրկելո՛ւ» (ՂՈՒԿ. Թ 54-56)։ Արդարեւ քրիստոնէութեան ոգիին եւ ընդհանուր վարդապետութեան ներհակ է վրէժխնդրութեան ոգին։ Վրէժխնդրութեան ոգին յառաջ կու գայ քինախնդիր սրտէ, ինչպէս կը վկայէ Մարգարէն. «Տէր Աստուած այսպէս կ՚ըսէ.- Որովհետեւ փղշտացիները վրէժխնդրութեամբ վարուեցան ու հոգիի արհամարհանքով վրէժ առին՝ հին օրերու ատելութեամբ աւերելով» (ԵԶԵԿԻԷԼ ԻԵ 15)։ Ուստի փոխանակ վրէժխնդրութեան ոգիով վարուելու՝ պէ՛տք է Աստուծոյ ապաւինիլ, աստուածային արդարութեան վստահիլ։ Վրէժխնդրութեան ոգին երբեք չի համեմատիր արդարութեան ճշմարիտ ոգիին։ Առակախօսը այս մասին կ՚ըսէ. «Չարութեան փոխարէնը պիտի հատուցանեմ, մի՛ ըսեր, Տէրոջը սպասէ ու Անիկա քեզի պիտի օգնէ» (ԱՌԱԿ. Ի 22)։ Իսկ Պօղոս առաքեալ հռովմայեցիներու գրած իր նամակին մէջ կը պատուիրէ՝ վրէժխնդրութիւն չընել։
«Սիրելինե՛ր, վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար, հապա բարկութեան տեղի տուէ՛ք, քանի որ գրուած է.- Վրէժխնդրութիւնը Ի՛մս է, Ե՛ս պիտի հատուցանեմ…» (ՀՌՈՄ. ԺԲ 19)։ Գործնականի մէջ ո՜րքան դժուար է մարդուս համար չարիքին բարիով փոխարինել, բայց առաքինութիւնը ա՛յդ կը պահանջէ, եւ կարեւորը դժուարը կարենալ կատարե՛լն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 4, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024