Կը Յի­շեմ «պապենական տուն»ը

Մեր ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թիւ­նը սի­րած եմ, բայց նաեւ ժա­մա­նակ տրա­մադ­րած՝ փոր­ձե­լով կա­ռու­ցել այս­պէս ը­սած «ըն­տա­նե­կան ծա­ռը»­։ Եւ այս ոչ միայն ա­նուն­նե­րով, բայց նաեւ նկար­նե­րով­։ Եւ այս նկար­նե­րը ին­ծի հա­մար դար­ձած են հարս­տու­թիւն, ա­պա նաեւ ա­ւանդ եւ ժա­ռանգ­՝ ապ­րե­լու իմ (ու ըն­տա­նի­քիս) կեան­քը նոյն տես­լա­կա­նով…։

Բայց այս նկար­նե­րը կը խօ­սին…­։ Ա­նոնք պատ­մու­թիւն են, բայց նաեւ ա­ւե­լին…։ Նկա­րին մէջ իւ­րա­քան­չիւր հա­րա­զատ ապ­րած է իր կեան­քը Պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի մէջ, կեր­տած է տուն եւ ըն­տա­նե­կան բոյն, բե­րած է իր նպաս­տը հա­ւա­քա­կան ու ազ­գա­յին կեան­քին, բայց նաեւ «խմա­ծ» նա­հա­տա­կու­թեան դառն բա­ժա­կէն՝ ս­պան­նուե­լով եւ կամ անց­նե­լով ար­հա­ւիր­քէն՝ ­հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջու­թեան հետ­։ Իմ ըն­տա­նի­քիս այդ ար­հա­ւիր­քին մէջ պի­տի ըլ­լար ա­ւե­լի քան քսան­հինգ նա­հա­տակ՝ սկ­սե­լով 1909 թուա­կա­նի Ա­տա­նա­յի ­դէպքե­րէն ու ող­բեր­գու­թե­նէն, հաս­նե­լով մին­չեւ 1915-ը...։ Այս ըն­տա­նե­կան ծա­ռի մէջ են նաեւ իմ նա­հա­տակ հա­րա­զատ­նե­րուս նկար­նե­րը...։ Ա­մէն ան­գամ, որ կը բա­նամ ու կը նա­յիմ այդ նկար­նե­րուն­՝ ի­րենց աչ­քե­րէն այս յա­տուկ պատ­գա­մը կը կար­դամ. «Ե­թէ պի­տի յի­շես մեզ՝­ բայց նաեւ պի­տի պա­հան­ջես­…»։

Կ՚ար­ժէ մէկ-մէկ բա­նալ մեր ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թեան է­ջե­րը…։

Հօ­րե­նա­կան մեծհայրս ե­ղած է Այն­թա­պի ծնունդ, իսկ մեծմայրս՝ Հա­սան Պէյ­լիի։

Մեծհօրս հայ­րը՝­ Յով­հան­նէս ա­ղա Ճէ­պէ­ճեան, ե­ղած է Այն­թա­պի ե­րե­ւե­լի­նե­րէն։ Տասնի­նն տա­րե­կա­նին ըն­դու­նած է Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ դա­ւա­նան­քը­։ Ա­մուս­նա­ցած է Մեն­նուշ (Մա­նու­շակ) Գա­րա­մա­նու­կեա­նի հետ եւ կազ­մած բազ­ման­դամ ըն­տա­նիք­՝ իր զա­ւակ­նե­րուն ջամ­բե­լով ու­սում եւ զար­գա­ցում­։ Ան ե­ղած է պիս­տա­կի յա­ջող վա­ճա­ռա­կան. այս ըն­թաց­քին կրցած է ձեռք բե­րել վայ­րի պիս­տա­կի թու­փե­րու տա­րա­ծուն ան­տառ­ներ եւ զա­նոնք պատ­րաս­տե­լով ստա­նալ պիս­տա­կի ծա­ռեր­։ Ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին ձեռ­նար­կած է հա­սու­թա­բեր աշ­խա­տանք­նե­րու, սե­փա­կա­նա­տէ­րը ե­ղած է կա­լ-ւած­նե­րու։ Այդ կա­լուած­նե­րուն մէջ էր Այն­թա­պի իր քա­րա­շէն բնա­կա­րա­նը՝ ­մեծ բա­կով եւ ա­ւա­զա­նով­։ Եւ այդ բնա­կա­րա­նը դար­ձած էր մեր ըն­տա­նի­քին, ինչ­պէս ու­զած էին կո­չել, «Պա­պե­նա­կան տու­նը»…։

Բայց այդ տու­նը միայն քար չէր­։ Ան, իր մթնո­լոր­տով, ստեղ­ծած էր հայ­կա­կան ու քրիս­տո­նէա­կան հո­գի­՝ որ­ով կա­րե­լի ե­ղած էր ջամ­բել դաս­տիա­րա­կու­թիւն եւ մշա­կոյթ։ Տու­նը դար­ձած էր հիմք, ո­րուն վրայ կերտուած էր գեր­դաս­տա­նիս հայ­կա­կան նկա­րա­գի­րը եւ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին փո­խանցուած սե­րունդ­նէ սե­րունդ…։ Մին­չեւ այ­սօր Այն­թա­պի մեր «Պա­պե­նա­կան տու­նը» կան­գուն է եւ վե­րա­ծուած է ե­րա­խա­նե­րու հա­մար յա­տուկ խա­ղա­լիք­նե­րու թան­գա­րա­նի։

Հօ­րեղ­բայրս եւ հայրս ծնած են Այն­թապ՝ «Պա­պե­նա­կան տա­ն» մէջ։ 1915-ի ամ­րան հա­յե­րը Այն­թա­պէն տե­ղա­հան ը­նե­լու խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը սկսած էին տա­րածուիլ, թէեւ  կը փոր­ձէին հա­ւաս­տիաց­նել, թէ «պարզ տե­ղա­փո­խու­թիւն մըն էր ըլ­լա­լի­քը եւ թէ շու­տով պի­տի վե­րա­դառ­նան...»­։ Ար­դէն իսկ լու­րե­րը կը հաս­նէին տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ հա­յե­րու կրած տա­ռա­պանք­նե­րուն մա­սին, ինչ որ ա­ռա­ւել մեծ մտա­վա­խու­թիւն կը ստեղ­ծէր Այն­թա­պի հա­յու­թեան մօտ. ան տեղացիին նկատ­մամբ իր հա­ւատ­քը ամ­բող­ջո­վին սկսած էր կորսնց­նել։ Հա­յե­րը յստակ կը տես­նէին, թէ ի­րենց տե­ղա­փո­խու­թե­նէն ետք ի­րենց ու­նե­ցուած­քը թա­լա­նի պի­տի են­թար­կուէր...։ Ալ ի՞նչ խօսք ի­րենց կեան­քե­րուն մա­սին­։ Եւ սկսաւ խու­ճա­պը...։ Հա­յեր կը փոր­ձէին «ծա­խե­լ» այն ինչ, որ կը խոր­հէին թէ կրնա­յին...։ Գե­ղե­ցիկ պնա­կե­ղէն­ներ, գոր­գեր, կա­րա­սի, ժա­մա­ցոյ­ցեր ու տա­կա­ւին...։ Հա­զար ար­ժէ­քին՝­ տեղացին տա­սը կ՚ա­ռա­ջար­կէր­՝ եւ այդ ալ քմծի­ծա­ղով...։ Իսկ հա­յուն հա­մար կա­րե­ւո­րը քիչ մը դրամն էր, «ա­նո­րո­շ» այդ ճամ­բոր­դու­թեա­ն սկսե­լէ ա­ռաջ...։

Եւ ե­կաւ ժա­մը Այն­թա­պի հա­յու­թեան բռնա­գաղ­թին ու տե­ղա­հա­նու­թեա­ն։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ մեծհայրս սպայ էր Օս­մա­նեան բա­նա­կին մէջ, իր ըն­տա­նի­քին տե­ղա­հա­նու­մը ա­ւե­լի «մեղ­մա­ցուա­ծ» էր եւ հրա­հան­գուած էր, որ ան ըն­տա­նեօք Հա­լէպ փո­խադ­րուի։ Հօ­րեղ­բայրս՝­ Տքթ. Ռո­պէր Ճէ­պէ­ճեան այդ «մեղ­մա­ցուա­ծ» տե­ղա­հա­նու­մը այս­պէս կը նկա­րագ­րէ իր յու­շե­րուն մէջ. «Տխուր ա­ռա­ւօտ մը­։ Այս­պէս, գրաստ­նե­րու կա­րա­ւա­նով ճամ­բայ ել­լանք։­ Փոքր եղ­բայրս եւ ես քա­րիւ­ղի սնտուկ­նե­րու մէջ ծուա­րած, ա­ւա­նա­կի մը կող­մե­րը բեռ­ցուած էին­ք։­

«Բայց կար նաեւ ա­նո­րո­շու­թիւ­նը եւ վա­խը։

«Չեմ գի­տեր, թէ ինչ­պէ՞ս հա­սանք Ա­ղա-Գո­յուն եր­կա­թու­ղա­յին կա­յա­րանը՝­ Հա­լէ­պի ճամ­բան, Ճա­րապ­լու­սին յա­ջոր­դող գիւ­ղը։ Գի­շեր էր սա­կայն­։ Այս­տեղ կա­րա­ւա­նը ցրուե­ցաւ չոր հո­ղա­տա­րած­քի վրայ­։ Օ­թե­ւան չկար, կը պատ­րաս­տուէինք բա­ցօ­թեայ գի­շե­րել։ Տխուր ամ­բոխ մը՝ ան­պաշտ­պան, եր­կիւ­ղած դէմ­քեր, ո­րոնք ե­րէկ տա­կա­ւին հան­գիստ բնա­կիչ­ներ էին պա­պե­նա­կան ի­րենց տու­նե­րուն մէ­ջ»։

Ան­պայ­մա­նօ­րէն կը սկսիս հարց տալ։ Ին­չո՞ւ այս ան­մեղ ժո­ղո­վուր­դը ար­մա­տա­խիլ պէտք էր ըլ­լար իր պա­պե­նա­կան տու­նե­րէն...։ Այն տու­նե­րէն, զորս շի­նած էր իր վաս­տա­կած ար­դար աշ­խա­տան­քով...։ Տե­ղա­հա­նու­մը կը շա­րու­նա­կուի...։ Յու­զու­մը եւ ող­բեր­գու­թիւ­նը չեն ու­շա­նար­։ Եւ հօ­րեղ­բայրս է դար­ձեալ իր յու­շե­րուն մէ­ջէն։

«Ա­ւագ ծնո­ղացս հետ մենք Հա­լէպ հա­սանք շո­գե­կառ­քով։­ Չեմ գի­տեր ի՞նչ ­պա­տա­հե­ցաւ կա­րա­ւա­նի մէ­ջի մնա­ցեալ ըն­տա­նիք­նե­րուն, ո­րոնց հետ հա­սած էինք Ա­ղա-Գո­յուն­։ Ա­ւե­լի ուշ ի­մա­ցանք, թէ հօ­րեղ­բօրս եւ հօ­րաք­րոջս ըն­տա­նիք­նե­րը քշուած էին հա­րաւ, Հա­մա­յէն ան­դին­։ Իսկ Նո­յե­մի հօ­րաք­րոջս ըն­տա­նի­քը, անն­ման իր հինգ զա­ւակ­նե­րով, հե­ռա­ւոր Խապ­սէ, Տէր Զօ­րի ճամ­բուն վրայ, ա­ւա՜ղ...։ Այդ ըն­տա­նի­քէն եւ ոչ մէ­կը պի­տի տես­նէինք կրկի­ն»։

Հա­լէ­պի մէջ սկսաւ իմ գեր­դաս­տա­նին «նո­ր» կեան­քը, այս ան­գամ սփիւռ­քեան ի­րա­կա­նու­թեա­ն մէջ։ Այս ի­րա­կա­նու­թեա­ն մէջ անհ­րա­ժեշտ էր ստեղ­ծել «նոր Տու­նը»­՝ որ­պէս շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւն «Պա­պե­նա­կա­նի­ն»­՝ որ ար­մա­տա­խիլ ե­ղած էր...։

Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին սկսայ ըմբռ­նել ու հասկ­նալ, թէ ին­չո՞ւ հա­մար հօ­րեղ­բայրս այն­քան կը շեշ­տէր «Պա­պե­նա­կան տու­ն» հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը։­ Հա­լէ­պի իր բնա­կա­րա­նը ա­նուա­նած էր «Պա­պե­նա­կա­ն», ինչ որ վե­րա­նուա­նումն էր Այն­թա­պի ըն­տա­նե­կան յար­կին։ Այդ «Պա­պե­նա­կան տա­ն» ո­գին եւ ջեր­մու­թիւ­նը կը փոր­ձէր ստեղ­ծել Հա­լէ­պի մէջ՝ մեր ըն­տա­նե­կան իւ­րա­քան­չիւր հան­դիպ­ման, յետ 1915-ի վե­րապ­րող եր­րորդ եւ չոր­րորդ սե­րունդ­նե­րուն մօտ։ Որ­պէս արհաւիրքի եր­րորդ եւ տա­կա­ւին չոր­րորդ վե­րապ­րող հայ սե­րունդ­ներ, տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին պի­տի ըն­կա­լէինք «Պա­պե­նա­կա­նի» հա­ղոր­դա­կա­նու­թիւ­նը եւ կա­մաց-կա­մաց պի­տի իւ­րաց­նէինք զայն որ­պէս ազ­գա­յին ու ըն­տա­նե­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւն։ Դաս­տիա­րա­կու­թիւն մը, որ սկսած էր Այն­թա­պէն եւ հա­սած Հա­լէպ­։ Ու տա­կա­ւին Պէյ­րութ, Եւ­րո­պա եւ ա­մե­րի­կան­ներ...։ Ե­թէ կրցան տե­ղա­հան ը­նել հա­յը, բայց ար­դեօք կրցա՞ն վե­րաց­նել նոյ­նինքն այս դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը...։

Հա­րա­զատ­նե­րուս նկար­նե­րուն մէջ կը կար­դամ նաեւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան պատ­գամ։ Մէ­կիկ-մէ­կիկ կը նա­յիմ իւ­րա­քան­չիւր նկա­րի­։ Այն­տեղ են նաեւ բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք նա­հա­տա­կուե­ցան, բայց նաեւ ա­նոնք, ո­րոնք ան­ցան տա­րագ­րու­թեան ար­հա­ւիր­քէն...։ Կանգ կ՚առ­նեմ Նո­յե­մի մեծ հօ­րաք­րոջս ու ա­նոր ըն­տա­նի­քին նկա­րին դի­մաց...։ Նո­յե­միէն մե­զի մնա­ցած է եր­կար նա­մակ մը՝ ղր­կուած ա­նա­պա­տի այդ ճամ­բա­յէն։­ Հա­յա­տառ թրքե­րէ­նով եւ մա­տի­տով գրուած։ Ան իր ծնող­քին կ՚ի­մաց­նէ, թէ ա­մու­սի­նը տա­րագ­րու­թեան ճամ­բան թի­ֆիւ­զէ վա­րա­կուե­լով մա­հա­ցած է եւ կը խնդրէ նիւ­թա­կան օգ­նու­թիւն.։ Նո­յե­մին կ՚ու­զէր ապ­րիլ, բայց...։ Իր ըն­տա­նիքն ալ չկրցաւ օգ­նու­թեան փու­թալ ի­րեն։ Նո­յե­մին, իր ա­մու­սի­նը եւ հինգ զա­ւակ­նե­րը ի­րենց աչ­քե­րը փա­կե­ցին տա­րագ­րու­թեան մէջ՝ հե­ռու «Պա­պե­նա­կան տու­նէ­ն»…։ Ա­նոր կա­րօ­տով…։

Ե­թէ իմ ըն­տա­նի­քէս ին­ծի մնաց «նկա­ր» մը, բայց այս նկա­րը ան­շարժ թուղ­թի կտոր մը չէ պար­զա­պէս­։ Ան կը խօ­սի, ե­թէ ոչ լե­զուով, ա­պա գէթ իւ­րա­քան­չիւ­րին աչ­քե­րուն մէ­ջէն կայ ցո­լա­ցող պատ­գա­մով…։

Եւ պատ­գա­մը «կա­րօտ­ն» է…։­ Կա­րօ­տը իւ­րա­քան­չիւր հա­յոր­դիին, որ ան­մե­ղօ­րէն նա­հա­տա­կուե­ցաւ։ Բայց նաեւ կա­րօ­տը տան՝ «Պա­պե­նա­կա­ն»ին։ Այն տան, ո­րով հա­յը շի­նեց ըն­տա­նիք, կեր­տեց սե­րունդ, բայց նաեւ պատ­մու­թիւն եւ մշա­կոյթ։ Այս պատ­մու­թիւ­նը այ­սօր կեն­դա­նի է եւ աշ­խոյժ…։

Այս աշ­խոյժ պատ­մու­թեան կա­րօտն է, որ մենք պի­տի տա­նինք դէ­պի ա­պա­գայ։ Պի­տի տա­նինք զայն՝­ մէկ կող­մէ յի­շե­լով՝­ բայց նաեւ պա­հան­ջե­լով… «Պա­պե­նա­կան տու­նը»։

Նո­յե­մին եւ բո­լոր մեր նա­հա­տակ­նե­րը մեզ կը փո­խան­ցեն պատ­գամ մը, թէ ա­նոնք կա­րօտ­ցած են «Պա­պե­նա­կան տու­նը»…։­ Բայց նաեւ ա­ւե­լի՛ն…­։ Ա­նոնք կը յոր­դո­րեն մեզ՝­ թէ «Պա­պե­նա­կան տա­ն» կա­րօ­տը պէտք է յի­շենք, բայց նաեւ պա­հան­ջենք…։

Եւ այս հա­յուն Ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թիւնն է…։

Կա­րօ­տը միշտ վառ պա­հել։

Կա­րօ­տը՝ ուր «Պա­պե­նա­կան տու­նը» պի­տի յի­շենք եւ պա­հան­ջենք­…։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015