ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Վանայ լճի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս պատմական հայկական սրբավայրը պետութեան կողմէ վերանորոգուած է ու կը գործէ թանգարանի կարգավիճակով։ Տարին անգամ մը այնտեղ Ս. Պատարագ կը մատուցուի յատուկ թոյլտուութեամբ։ Այս տարուան Ս. Պատարագը երէկ մատուցուեցաւ՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Արարողութիւնը թէեւ հանդիսաւոր էր, սակայն տեղի ունեցաւ առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան, քորոնաժահրի համաճարակի դէմ հաստատուած սահմանափակումներուն համապատասխան ձեւով։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ այլ հոգեւոր հայրեր։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութ, Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ գլխաւորութեամբ Էտվին Կարիպօղլուի։ Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցները լայնօրէն մեկնաբանեցին Ս. Պատարագը։ Հարկ է նշել, որ այս տարուանը արդէն 8-րդ Ս. Պատարագն էր։

Տէրունական աղօթքէն առաջ Նորին Սրբազնութիւնը քարոզեց «Զօրութիւն Ս. Խաչի Քո Քրիստոս» բնաբանով։

Ս. Հաղորդութենէն առաջ, հաւաքական խոստովանանք կատարեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ապա պատարագիչ տէր հայրը հաղորդութիւն տուաւ տաճարին մէջ գտնուողներուն։

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Աղթամարայ երբեմնի կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներուն։ Յիշատակուեցան Ս. Խաչ հայրապետանիստ տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի թագաւորը, տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ Վարդապետը, Աղթամար գահակալող ամենայն հայոց կաթողիկոսները, Մեծի Տանն Աղթամարայ կաթողիկոսները եւ համայն միաբանները Աղթամարի Աթոռոյն, Վանի երբեմնի թեմի եւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները։

Ապա հանդիսադիր սրբազան հօր տուած օրհնութեամբ իր աւարտին հասան հանդիսաւոր ու պատմական արարողութիւնները:

Մինչ այդ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Վանի կուսակալ Մեհմետ Էմին Պիլմէզին։ Կուսակալը բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր, շնորհաւորեց զինք պատրիարքական ընտրութեան առթիւ եւ կարողութիւն մաղթեց իր պաշտօնավարութեան մէջ։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ այս տարի կրկին առիթը կը ներկայանայ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանելու եւ մէկտեղուելու Վանի մէջ։ Պիլմէզ շեշտեց, թէ կարեւոր է, որ սոյն պատարագները անընդհատ շարունակուին։ Հետեւաբար, թէեւ առողջապահական առումով մթնոլորտը անյարմար էր, սակայն հաւատացեալներ հեռակայ դրութեամբ հաղորդ պիտի դառնային արարողութեանց։

Իր կարգին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ալ ըսաւ, որ եկած է գլխաւորելու ուխտագնացութիւնը, որու ընթացքին պարտականութիւն համարած է նահանգի պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչին քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց թէ՛ ընծայուած ընդունելութեան եւ թէ արարողութեան կատարման կապակցութեամբ ընձեռուած դիւրութեանց համար։ Իբր յիշատակ այս այցելութեան, կուսակալին նուիրեց փայտեայ փորագրուած պտղաման մը։ Իսկ Վանի կուսակալը Նորին Սրբազնութեան նուիրեց յախճապակեայ պնակ մը։

Միւս կողմէ, Նորին Ամենապատուութիւնը ուղեկցութեամբ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի այցելեց պատմական վայրեր: Պատրիարք Հայրը նախ այցելեց Պաշքալէ գաւառակի մէջ (պատմական՝ Աղբակ) գտնուող Ս. Բարթողոմէոսի տաճարը, ուր ըստ աւանդութեան կը գտնուի Ս. Բարթողոմէոս Առաքեալի նշխարները։ Տեղւոյն վրայ կատարուած ուխտի աղօթքէն ետք, Պատրիարք Սրբազանն ու ընկերակիցները անցան Սորատէրի շրջանը, ուր թաղուած են Արծրունեաց տոհմի անդամները եւ աղօթեցին տեղւոյն Ս. Էջմիածին մատրան մէջ, որ մեծաւ մասամբ կանգուն վիճակի մէջ կը գտնուի։

Նորին Սրբազնութիւնն ու ընկերակիցները նոյն երեկոյեան վերադարձան Իսթանպուլ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2020