«ՄԵԾՆ ԱՄԵՐԻԿԱ»Ն ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ

Անցեալ մայիսին տեղի ունեցած ցնցիչ սպանութենէն ետք Ամերիկան «քուն ու դադար» չունի։

Խօսքը անշուշտ Ամերիկայի ափրիկեան արմատներով քաղաքացի Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեան մասին է, որ պատճառ կը դառնար տարողունակ բողոքի ցոյցերու, որոնք կարգ մը պարագաներու կը վերածուէին անօրէնութեան եւ նոյնիսկ բարբարոսական արարքներով լեցուն հաւաքներու։

Եթէ արագ հայեացք մը նետենք Ամերիկայի մէջ պատահած սպանութիւններուն, ապա անոնց մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ երկրի ոստիկանութեան կողմէ արձանագրուած դէպքերը, որոնց զոհը դարձած են առաւելաբար ափրիկեան արմատներով քաղաքացիներ։

Ցայսօր ալ կիրքերը չեն հանդարտած եւ ափրիկեան արմատներ ունեցող քաղաքացիներուն դէմ առկայ ցեղապաշտական զատողութիւնը կը շարունակէ հանդիսանալ Ամերիկայի մեծ, չըսելու համար մեծագոյն խնդիրներէն մին։

Անշուշտ, այս հարցը Ամերիկայի հզօր ուժը ջլատող եւ այդ «կայսրութեան» ապագային՝ «վայրաշարժ»ի անիւներուն առջեւ դրուած միակ լարուած ականը չէ։ Բայց եւ այնպէս, կացութիւնները աւելիով լարելու եւ նոյնիսկ քաղաքական-ընկերային հարթակներու վրայ նոր իրավիճակներ ստեղծելու կարողութեամբ հիմնախնդիր մըն է։ Խնդիր, որ ունի երկար տարիներու անցեալ եւ Ամերիկայի ընդհանուր կեանքին մէջ նետուած արմատներ։

Ամէն պարագայի եթէ բամակողմանի հայեացքով մը նայինք Ամերիկայի ընդհանուր իրականութեան, ապա պիտի նկատենք, որ աշխարհի առաջին գերհզօր ուժ համարուող երկիրը իրապէս կը տառապի մեծ հարցերով։

Այս առումով ալ ուշագրաւ է կարդալ՝ Ամերիկայի Փրինսթըն համալսարանի Պատմութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս Հերըլտ Ճէյմսի յօդուածը (գրուած՝ Syndicate հիմնարկին համար), որու մէջ յօդաուածագիրը կը փորձէ քննել Ամերիկայի ընդհանուր վիճակն ու ներկայ առկայ բարդութիւնները։ Յօդուածը առաջին անգամ հայերէնով (արեւելահայերէնով) հրապարակուած է «Մետիամաքս» կայքէջին մէջ։

ԱՄԵՐԻԿԱՆ ԿԸ ՆՄԱՆԻ ՓՈՒԼ ԵԿԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ. ՀԵՐԸԼՏ ՃԷՅՄՍ

Խորհրդային Միութիւնը բարենպաստ միջավայր էր ձեւաւորման համար «քաղաքական կատակներ»ու, որոնք նոյնքան առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէին այդ մշակոյթին մէջ, որքան ուշ գիշերային կատակերգութիւնները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Յայտնի մանրավէպերէն մէկուն համաձայն՝ երիտասարդը, որ Կարմիր հրապարակին վրայ գոռացած էր, թէ խարխլուող Խորհրդային Միութեան առաջնորդ՝ Լէոնիտ Պրեժնեւ ապուշ է, դատապարտուած էր քսանհինգուկէս տարուայ ազատազրկման, որուն վեց ամիսը՝ Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան նախագահը վիրաւորելու, իսկ քսանհինգ տարին՝ պետական գաղտնիքը բացայայտելու համար:

Թրամփի վարչակազմի կատաղի արձագանգը՝ ուղղուած ԱՄՆ-ի Ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական Ճոն Պոլթընի նոր գրքին, համանման իրավիճակ կը յիշեցնէ: Գիրքը վտանգաւոր կը համարուի ոչ այնքան Տանըլտ Թրամփը վիրաւորելու համար, որքան բացայայտելու համար, թէ նախագահը կատարեալ անիրազեկ եւ «շշմեցնող անտեղեակ» մըն է: Եթէ այդ դեռ ակնյայտ չէր, ապա այժմ արդէն ամբողջ աշխարհ գիտէ, թէ Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական յստակ կողմնորոշման կամ գործադիր միասնական առաջնորդութեան կարիքը ունի։

Իրականութեան մէջ, ԱՄՆ-ի ներկայ «սարսափելի տարուայ» (annus horribilis) կարգ մը դրուագները կը յիշեցնեն Խորհրդային Միութեան վերջին տարիները։ Խորհրդային Միութեան պարագային, երկար ժամանակ զսպուած ցեղային բախումներն ու մրցակցային ազգային նկրտումները արագօրէն ջուրի երես դուրս եկան, երկիրը մղելով բռնութիւններու, պառակտման եւ կազմալուծման: Միացեալ Նահանգներու պարագային, ցեղապաշտութեան, ոստիկանութեան դաժանութեան եւ անհաւասարութեան դէմ ուղղուած համաժողովրդական բողոքի ցոյցերուն Թրամփի պատասխանը աւելի խորացուց երկրի պատմական ցեղական բաժանումը: Եւ ինչպէս Խորհրդային կայսրութեան փլուզման ժամանակ Լենինի արձանները, այնպէս ալ ԱՄՆ-ի առաջնորդներու արձանները գրեթէ ամէնուր կը տապալուին։

Յաջորդ զուգահեռականը կը վերաբերի տնտեսութեան։ Խորհրդային Միութիւնը ունէր ներուժի ծրագրման ու բաշխման բարդ մեքենականութիւն, որ կը ներգրաւէր հասարակութեան ամենալաւ կրթուած հատուածը, տալով անոնց անարդիւնաւէտ եւ յաճախ կործանարար առաջադրանքներ: Միացեալ Նահանգներն ալ Ուոլ Սթրիթ ունի: Բնականաբար, ԱՄՆ-ի գանձատրման ծառայութիւններու հսկայածաւալ ոլորտը Պետական նախագիծի (Խորհրդային Միութեան պետական նախագիծի յանձնաժողով) համարժէքը չէ, սակայն անիկա աւելի յաճախ օգուտներ կը քաղէ, քան կը ստեղծէ, այդպէսով դառնալով նիւթական աղբիւրներու ներուժի բաշխման վերաբերեալ որեւէ քննարկման անբաժանելի մաս:

Ընդհուպ մինչեւ Խորհրդային համակարգի փլուզման պահը, շատ քիչեր կը կարծէին, որ իրականութեան մէջ այդ կարող է տեղի ունենալ: Ամերիկեան համակարգի վիճակը գնահատելու համար անհրաժեշտ է յիշել, որ տնտեսագէտները այնքան ալ լաւ կանխատեսողներ չեն: Ամբողջ կարգն ու կանոնը կը հիմնուի ժամանակակից պայմաններու մէջ խնդիր մը անուղղակի կերպով լուծելու  վրայ, ենթադրելով, որ վերլուծութեան հիմքը կազմող տարրերը չեն փոխուիր: Լիովին գիտակցելով, որ այս անիրատեսական եւ անհեթեթ ենթադրութիւն մըն է, տնտեսագէտները յաճախ կ՚ընդօրինակեն միջնադարեան աստուածաբանները՝ իրենց կանխատեսումները ներկայացնելով առեղծուածային եւ ռամիկ լեզուով: Ընդ որում, պարտադիր չէ լատիներէն իմանալ՝ ceteris paribus-ը («մնացած բոլոր պայմանները կը պահուին կայուն») որպէս կանխատեսման նախապայման վկայակոչելու համար։

Հաշուի առնելով այս չափանիշային կիրառումները, պէտք է մեծ ուշադրութիւն դարձնենք երկարաժամկէտ անտրամաբանական կանխատեսումներուն, որոնք գործնականօրէն կ՚իրականանան: 1960-ականներու վերջերը, տնտեսագէտ՝ Ռապըրթ Ա. Մենտել երեք կանխատեսում ըրաւ. Խորհրդային Միութիւնը պիտի կազմալուծուի, Եւրոպան միասնական արժոյթ պիտի ընդունի եւ տոլարը պիտի պահպանէ գերիշխող միջազգային արժոյթի իր կարգավիճակը: Հաշուի առնելով, որ անոնցմէ անմիջապէս ետք անուանական արժէքային համակարգը (ոսկիի չափանիշը) անկումի ենթարկուեցաւ՝ յանգեցնելով տոլարի արժեզրկման, այս կանխատեսումները խելայեղ թուեցան: Յետագային պարզուեցաւ, որ Մենտել ճիշդ էր իր երեք կանխատեսումներու հարցով:

Սակայն այն հանգամանքները, որոնց շնորհիւ տոլարը կը պահպանէ իր երկարատեւ գերիշխանութիւնը, այժմ կը փոխուին: COVID-19 համավարակի պայմաններուն, ի յայտ կու գայ համաշխարհայնացման աւելի թուայնացուած ձեւը: Մինչ մարդոց եւ ապրանքներու միջսահմանային տեղաշարժը կտրուկ անկում կ՚ապրի, տեղեկատուութիւնը կը փոխանցուի աւելի արագ, քան երբեւէ, մուտք գործելով աւելի ու աւելի անկշիռ տնտեսութեան մը մէջ։

Աւելի՛ն. անցնող երեքուկէս տարիներու ընթացքին Թրամփի վարչակազմի կողմէ տոլարը քաղաքական նպատակներու համար որպէս զէնք օգտագործելը՝ յանգեցուցած է մեծ դժգոհութեան։ Գանձատրական եւ երկրորդական պատժամիջոցները չափազանց արդիւնաւէտ էին իրենց նախնական տեսքով, երբ ուղղուած էին փոքր եւ մեկուսացուած վատ խաղացողներու դէմ, ինչպիսին էր՝ Հիւսիսային Քորէան: Սակայն այդ պատժամիջոցներու լայն տարածումը Իրանի, Ռուսաստանի եւ չինական ընկերութիւններուն դէմ հակառակ արդիւնք ունեցաւ։ Ռուսաստանէն ու Չինաստանէն բացի, Եւրոպան եւս արագօրէն սկսաւ քայլեր ձեռնարկել միջազգային վճարումներու եւ հաշուարկներու այլընտրանքային մեքենականութիւններ մշակելու համար: Ոչ-պետական թուային վճարումներու համակարգերը նոյնպէս արագօրէն կը զարգանան, մասնաւորապէս այն տեղերը, ուր պետութիւնը թոյլ է կամ վստահութիւն չի վայելեր: Վճարումներու հետ կապուած յեղափոխութիւնը, ըստ ամենայնի, ամենաարագը տեղի կ՚ունենայ աղքատ երկիրներու մէջ. օրինակ՝ Ափրիկէի կամ յետխորհրդային կարգ մը հանրապետութիւններու մէջ: Թուային նոր արհեստագիտութիւնները այս հասարակութիւններուն արդէն իսկ կ՚առաջարկեն աղքատութենէն եւ հաստատութենական թերզարգացումէն դէպի հաստատութենական բարդ համակարգեր տեղափոխուելու միջոցներ, ինչպէս նաեւ նորարարութիւններու եւ բարգաւաճման հնարաւորութեան ընձեռում։

Տոլարի երկարատեւ հանգուցային դերը կը վկայէ չափազանց գումարային եւ ապահով արժէթուղթի պահանջարկի մասին։ Սակայն այդ պայմանը կը վերանայ, երբ այլընտրանքային անվտանգ արժէթուղթեր ձեւաւորուին, մասնաւորապէս, եթէ անոնք վայելեն ոչ-պետական մատակարարներու աջակցութիւնը: Աւելի՛ն, միջազգային գանձատրական համակարգին մէջ, տոլարի երկարատեւ գերիշխանութիւնը պայմանաւորուած էր անով, որ ԱՄՆ կը շարունակէր մնալ տնտեսապէս կայուն, գանձատրապէս վստահելի եւ մշակութային առումով բաց: Այժմ, երբ ի յայտ կու գան ամերիկեան համակարգի խնդրայարոյց կողմերը, չի բացառուիր, որ աշխարհի մնացած հատուածը սկսի կասկածի տակ առնել անոր տարրական կարողութիւնն ու պետութեան արդիւնաւէտութիւնը:

COVID-19-ի ճգնաժամը անոր վառ օրինակն է։ Վարակի հաստատուած պարագաներու, մահերու թիւի, ինչպէս նաեւ համավարակի դէմ պայքարի արդիւնաւէտութեան տեսանկիւնէն, ԱՄՆ երկիրներու մեծ մասին եւ զարգացած բոլոր երկիրներուն համեմատ վատ ցուցանիշներ արձանագրած է։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան օրօք Ամերիկան միջազգային խայտառակութեան առարկայ դարձած է:

Այս պայմաններուն մէջ, տոլարը միջազգային ասպարէզին վրայ չի կրնար այնքան գնողունակութիւն ունենալ, որքան նախապէս, եւ նոյնիսկ կրնայ սկսիլ հին սովետական ռուբլիին նմանիլ, նոյնիսկ եթէ ղեկավարութիւնն ու ռազմավարութիւնը կտրուկ փոխուին: Ի վերջոյ, Միխայիլ Կորպաչով անմիջապէս չփոխարինեց Պրեժնեւը, եւ այն ժամանակ, երբ ան իշխանութեան եկաւ եւ «վերակառուցում» սկսաւ, շատ ուշ էր: Հիւանդութիւնը արդէն մահացու էր։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 7, 2020