ԵՒ ԱՐԴԷՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ
Երէկ երեկոյեան, Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ «Եւրոտեսիլ-2015» համաեւրոպական երգի մրցոյթի առաջին փուլը՝ կիսաեզրափակիչը։ «Genealogy» խումբը, որ կը ներկայացնէ Հայաստանը, յաղթահարեց այս առաջին պատնէշը եւ արդէն բարձրացաւ եզրափակիչ փուլ։ «Առերեսուէ ստուերին» անգլերէն երգով այս յաջողութիւնը արձանագրեց Հայաստանը ներկայացնող «Genealogy» խումբը, որ այս շաբաթավերջին՝ Մայիսի 23-ին վրայ կեդրոնանալ սկսած է ներկայիս։ Շաբաթավերջի եզրափակիչին ընդառաջ, վաղը երեկոյեան նախատեսուած է երկրորդ կիսաեզրափակիչը, որու արդիւնքին վերջնականօրէն յայտնի պիտի դառնան խումբերը այն երկիրներուն, որոնք հանդէս պիտի գան «Եւրոտեսիլ-2015»ի ընթացքին։ Հարկ է նշել, որ այս տարուան «Եւրոտեսիլ»ը ունի նաեւ յոբելենական բնոյթ, որովհետեւ մրցոյթը կը կազմակերպուի արդէն 60-րդ անգամ։ «Կառուցելով կամուրջներ» նշանաբանով կազմակերպուած է այս տարուան մրցոյթը, ինչ որ կը խորհրդանշէ Եւրոպան, որ կը միաւորէ բոլորը։ Մրցոյթի կազմակերպիչները կը շեշտեն, որ «Եւրոտեսիլ»ի միջոցաւ կը համախմբուին մշակոյթներն ու լեզուները՝ կառուցելով կամուրջներ։
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, շաբաթավերջին կայանալիք եզրափակիչին ընթացքին «Genealogy» խումբը ելոյթ պիտի ունենայ երեկոյթի առաջին հատուածին ժամանակ։
Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Գոհար Գասպարեան Վիեննայի մէջ յայտարարեց, որ իրենց երգին պարփակած պատգամը երաժշտութեան միջոցաւ խաղաղութիւն ու սէր տարածելն է։ Իսկ խումբի մենակատարը՝ Վահէ Թիլպեան յայտնեց, թէ Աւստրիոյ մէջ կը զգան հոյակապ։