ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէի Հան­րա­պե­տու­թեան նո­րան­շա­նակ դես­պան Քրիս­տիան Ալ­պեր­թուս Պաս­սո­նը, որ յանձ­նեց իր հա­ւա­տար­մա­գի­րը։ Սերժ Սարգ­սեան այս առ­թիւ ընդգ­ծեց, որ Հա­յաս­տան կը կա­րե­ւո­րէ Ափ­րի­կէի եր­կիր­նե­րու հետ, նե­րա­ռեալ Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, զար­գաց­նել բա­րե­կա­մա­կան ու փո­խա­դարձ շա­հա­ւէտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Զրու­ցա­կից­նե­րը հա­մա­կար­ծիք գտնուե­ցան, որ թէեւ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տուած են 1992 թուա­կա­նին, սա­կայն ա­նոնց ներ­կայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հե­ռու է փա­փա­քե­լի մա­կար­դա­կէն։ Սարգ­սեան գո­հու­նա­կու­թեամբ խօ­սե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու՝ յատ­կա­պէս ՄԱԿ-ի շրջա­նակ­նե­րէն ներս եր­կու եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մա­սին։ Ան կա­րե­ւո­րեց Հա­յաս­տա­նի տե­սա­կէ­տէ էա­կան նշա­նա­կու­թեամբ հար­ցե­րու գծով, մա­նա­ւանդ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին ա­ռըն­չու­թեամբ Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէի Հան­րա­պե­տու­թեան հա­ւա­սա­րակշ­ռուած դիր­քո­րո­շու­մը։

Միւս կող­մէ, Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ ստո­րագ­րեց հրա­մա­նա­գիր մը, ո­րու հի­ման վրայ Պեր­լի­նի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան նշա­նա­կուե­ցաւ Ա­շոտ Սմբա­տեան, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան պի­տի ձեռ­նար­կէ Գեր­մա­նիոյ մէջ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 20, 2015