ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ԱՀԱԶԱՆԳ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Պրիւքսէլի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոխորհուրդի Նախարարաց կոմիտէի 125-րդ նստաշրջանին, որուն ներկայ գտնուեցան Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտ, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Անն Պրասէօր, Եւրոխորհուրդի մարդու իրաւանց յանձնակատար Նիլս Միւժնիքս, ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիէր, Եւրոխորհուրդի անդամ երեսունվեց երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ եւ այլ անդամ պետութիւններէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան նըս-տաշրջանի ընթացքին հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Այս առթիւ ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին՝ Եւրոպայէ ներս մարդու իրաւանց իրավիճակին վերաբերեալ երկրորդ զեկոյցի պատրաստութեան համար։ Նախարարը նշեց, որ Հայաստան կը բաժնէ զեկոյցին մէջ տրուած գնահատականը առ այն, որ մարդու իրաւանց պաշտպանութիւնը, ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ իրաւական պետութեան ամրապնդումը կրնան աւելի նպաստել Եւրոպայի մէջ ժողովրդավարական անվտանգութեան ամրապնդման։
«Մենք համոզուած ենք, որ հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութիւնը պէտք չէ ու չի կրնար պայմանաւորուիլ կարգավիճակով այն տարածքին, ուր կ՚ապրին ժողովուրդները։ Խօսելով Մարդու իրաւանց համընդհանուր հռչակագրին լեզուով որեւէ անձ՝ անկախ իր բնակած երկրի կամ տարածքի քաղաքական, իրաւական կամ միջազգային կարգավիճակէն, չի կրնար ենթարկուիլ խտրականութեան։ Ուստի, խրախուսելի են ընդհանուր քարտուղարին ջանքերը՝ շարունակելու բացայայտել Եւրոխորհուրդի չափանիշներու կիրառումը կազմակերպութեան իրաւասութեան ամբողջ տարածքէն ներս», շեշտեց Եդուարդ Նալպանտեան, որ անդրադարձաւ նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին։ Այս կապակցութեամբ ան շարունակեց.
«Մայիսի 3-ին Արցախ կատարեց իր վեցերորդ խորհըր-դարանական ընտրութիւնները, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի՝ ժողովրդավարական զարգացման եւ մարդու իրաւանց հանդէպ յարգանքի հաւատարմութեան հերթական վկայութիւնն են։ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման միջազգային իրաւասութեան տէր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները շարունակաբար նշած են Արցախի իշխանութիւններու կողմէ ընտրութիւններու միջոցաւ իրենց բնակչութեան հանրային կեանքը ժողովրդավարական ճանապարհով կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը։ Վերջին ընտրութիւններուն վերաբերեալ իրենց յայտարարութեան մէջ համանախագահները վերահաստատեցին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դերը իր ապագան որոշելու գործին մէջ։ Դժբախտաբար, հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած։ Համանախագահները յստակ մատնանշած են լարուածութեան պատասխանատու կողմը։ Անոնք լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են Ատրպէյճանի՝ շփման գծի երկայնքով եւ Հայաստանի հետ սահմանի ներխուժումներուն կապակցութեամբ, ուղղակիօրէն կոչ ուղղած են Պաքուին, որպէսզի հաւատարիմ մնայ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման իր պարտաւորութիւններուն։ Համանախագահները մտահոգութիւն յայտնած են ընթացող բանակցային գործընթացի, Մինսքեան խմբակի համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ-ի դիտորդներու հասցէին Պաքուէն հնչող անհիմն քննադատութեան առընչութեամբ։ Ատրպէյճանական շարունակական սադրանքները կը զուգորդուին ռազմատենչ հռետորաբանութեամբ եւ հայատեացութեան քարոզով։ Աւելի՛ն, Ատրպէյճանի մէջ կը հետապնդուին ու ճաղերու ետին կը յայտնուին մտաւորականները, լրագրողները եւ քաղաքացիական հասարակութեան այն ներկայացուցիչները, որոնք խաղաղութեան եւ հաշտեցման ջատագովներ են։ Մարդու իրաւանց պաշտպանութեամբ զբաղող բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ, ներառեալ Եւրոխորհուրդը, ահազանգած են հայոց դէմ ատելութիւն սերմանող այդ քաղաքականութեան մասին»։
Պրիւքսէլի նստաշրջանին ընթացքին Նալպանտեան ներկայացուց նաեւ 2015-ի տարելիցի միջոցառումներուն խորհուրդը։ «Ծայրայեղութեան, բռնութեան եւ ահաբեկչութեան աճը այսօր մենք կը տեսնենք եւ սա մեծագոյն սպառնալիքներէն մին է, որուն մենք այսօր կը բախինք։ Ցեղապաշտութիւնը, այլատեացութիւնը, անհանդուրժողութիւնը կ՚ոտնահարեն մարդու արժանապատուութիւնը, հասարակութիւններէն ներս կը ստեղծեն թշնամիի կերպար, այդպէսով կը վտանգեն հասարակական ներդաշնակութիւնը։ Պատմութեան դառն փորձառութենէն մենք գիտենք, որ սա կրնայ տեղի տալ ատելութենէ դրդուած յանցագործութիւններու եւ նոյնիսկ՝ մարդկութեան դէմ ոճրագործութիւններու։ Որպէս ցեղասպանութեան սարսափի մէջով անցած ժողովուրդ՝ մենք բարոյական պատասխանատուութիւն կը զգանք՝ բարձրացնելու այս արհաւիրքին մասին իրազեկուածութիւնը եւ ընելու առաւելագոյնը՝ նպաստելու համար մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման։ Այս իսկ խորհուրդով աշխարհասփիւռ հայերը՝ միջազգային հանրութեան հետ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ յարգանքի տուրք կը մատուցեն մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակին ու միասնաբար կը բացագանչեն՝ այլեւս երբե՛ք», ըսաւ Նալպանտեան։
Աւելի վերջ Եդուարդ Նալպանտեան երախտագիտութիւն յայտնեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղարին եւ անդամ պետութիւններու ներկայացուցիչներուն՝ անցեալ Ապրիլին Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» կլոպալ ֆորումին բերուած մասնակցութեան եւ ներդրումին համար։