ԱՅԼՈՑ ՀԱՄԱՐ ԳՈՐԾԵԼ
«Այլոց համար գործել» մարդկային ամենամեծ արժէքներէն մի՛ն է։ Ուրիշի համար զոհել ու զոհուիլ, ուրիշի պահանջքը գոհացնել այլասիրութիւն եւ անձնազոհութիւն, նուիրում կ՚ենթադրէ։ Այլոց համար գործելու անշահախնդիր ոգին՝ նկարագրի խորութիւն, հաստատութիւն եւ Քրիստոսանման քաղցրաբարոյութիւն կը պահանջէ, եւ խաղաղութիւն ու երջանկութիւն կը պարգեւէ զայն ստացողին։ Անոր տենչանքները կը բարձրանան։ Անտարբերութիւն, անհոգութիւն եւ եսականութիւն այլեւս իր սրտին մէջ տեղ չե՛ն ունենար։ Քրիստոնէական շնորհքները այսպէս ի գործ դնողները պիտի աճին ու զօրանան՝ Աստուծոյ ծառայութեանը մէջ գործելու համար։
Անոնք յստակ ու բացայայտ հոգեւոր ըմբռնումներ եւ հաստատուն ու յարաճուն հաւատք պիտի ունենան՝ եւ աղօթելու իրենց զօրութիւնը պիտի աւելնայ։ Աստուծոյ Հոգին՝ ներգործելով իրենց մտքին վրայ՝ հոգիին նուիրական ներդաշնակութիւնները կ՚արթնցնէ՝ աստուածային հպումին որպէս պատասխան։ Իրենց նմաններուն բարութեանը համար այսպէս անվերապահօրէն գործող ու աշխատողները՝ ամենէն ապահով կերպով կը գործեն իրենց անձերուն փրկութիւնը։
Շնորհներու մէջ աճելու միա՛կ միջոցն է անշահախնդիր կերպով կատարել բո՛ւն ան գործը, զոր Յիսուս մեզի պատուիրած է, այսինքն աշխատիլ՝ մեզի շնորհուած կարողութիւններու չափով՝ բարելաւութեանը անոնց, որոնք կը կարօտին օգնութեանը, զոր կրնանք տալ իրենց։
Իր լայն առումով՝ «ուժ»ը մարզանքով կը ստացուի. գործունէութիւնը բո՛ւն իսկ պայմանն է կեանքին։
Անոնք որ կը ջանան Քրիստոնէական կեանքը պահպանել կրաւորաբար ընդունելով շնորհներու միջոցով եկած օրհնութիւնները, ու ո՛չինչ ընելով Քրիստոսի համար, պարզապէս ապրիլ կը փորձեն՝ ուտելով, առանց աշխատելու։ Ու հոգեւոր, ինչպէս բնական աշխարհին մէջ՝ ատոր հետեւանքը կ՚ըլլայ այլասերում եւ ապականութի՛ւն։ Ուստի իր սրունքները մարզել ու զօրացնել չուզող մարդը շատ չանցած՝ զանոնք գործածելու կարողութիւնը պիտի կորսնցնէ…։
Նոյնպէս՝ իր աստուածատուր կարողութիւնները զարգացնել չուզող Քրիստոնեան՝ ո՛չ միայն չ՚աճիր Քրիստոսով, այլ՝ արդէն ունեցած զօրութիւնը կը կորսնցնէ։
Քրիստոսի Եկեղեցին՝ Աստուծմէ կարգուած գործի՛չն է մարդոց փրկութեանը համար։ Անոր գործն է տանիլ Աւետարանը աշխարհի ամէն կողմը։
Եւ այդ սրբազան պարտականութիւնը կը ծանրանայ բոլոր քրիստոնեաներուն վրայ՝ անխտի՛ր։
Ամէն ոք՝ իր տաղանդին ու պատեհութիւններուն չափով՝ պարտի կատարել Քրիստոսի յանձնարարութիւնները կեանքի մասին։ Մեզի յայտնուած Քրիստոսի սէրը մեզ պարտական կը կացուցանէ հանդէպ ամէն անոնց, որ զԱյն չեն ճանչնար։ Աստուած մեզի լո՛յս է տուած, բայց ո՛չ թէ լոկ մեզի համար, այլ որպէսզի անոնց հաղորդենք զայն։
Եթէ Քրիստոսի հետեւողները իրենց պարտականութիւններուն ու պատասխանա-տըւութեան քաջածանօթ ըլլային, հազարաւորներ պիտի ըլլային հոն՝ ուր հազիւ մի քանի հոգի կայ այսօր։ Եւ ամէն անոնք ալ, որ չէին կրնար անձնապէս ստանձնել այդ գործը, անոր պիտի աջակցէին իրենց նիւթական միջոցներովը, իրենց համակրութեամբ ու աղօթքներով։
Այդ գործին համար հեռո՜ւներ երթալու պէտք չկայ. կարելի է այդ գործը կատարել ընտանեկան շրջանակին մէջ իսկ, եկեղեցւոյ մէջ, եւ անոնց մէջ, որոնց հետ որեւէ ձեւով յարաբերութիւն կը մշակուի, կապ կը հաստատուի, ու աւելի եւս որոնց հետ առեւ-տըրական գործ կը կատարուի։
Յիսուս Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին մեծագոյն մասը անցաւ համբերատար աշխատութեամբ՝ ատաղձագործի համեստ խանութի մը մէջ՝ Նազարէթ քաղաքը։
Յիսուսի օրինակով, մենք, կեանքի ամենախոնարհ ու համեստ պարտականութիւններու եւ դիրքերու մէջ՝ կրնանք քալել ու գործել, գործակցիլ Յիսուսի հետ։
Առաքեալը իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ամէն մէկը ի՛նչ կոչումի մէջ որ կանչուեցաւ, թող անոր մէջ կենայ» (Ա ԿՈՐՆ. Է 24)։ Արդարեւ գործի մարդը կարո՛ղ է իր գործը այնպիսի կերպով վարել՝ որ անով իր Տէրը փառաւորէ՝ հաւատարմութեանը պատճառով։
Ճշմարիտ հաւատացեալը ա՛յն է, որ իր բոլոր գործերուն մէջ իր հաւատքը ի գործ կը դնէ եւ կ՚ապրի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 25, 2015, Իսթանպուլ