ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։  Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Հայաստանի կառավարութիւնը ձեռնարկած է կրթական բնագաւառի վերաբերեալ շարք մը բարեփոխումներու, որոնք հանրային կարծիքի եւ մասնագիտական շրջանակներու առընթեր պատճառ դարձած են նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վերապահութեան։ Այդ բարեփոխումները կը նախատեսեն դպրոցական ծրագրերէն դուրս թողել «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան, ինչ որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անհանգստութեան հիմնական դրդապատճառն է։ Կան նաեւ այլ հանգամանքներ Հայ գրականութեան եւ Հայոց պատմութեան առարկաներու բովանդակութեան վերաբերեալ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Վեհափառ Հայրապետի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման կը վերագրուի լուրջ իմաստ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած է տեսակցութիւնը, նախընթաց օր՝ 14 սեպտեմբերին։ Նորին Սրբութիւնը եւ նախարարը քննարկած են պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններուն առընչուած հարցեր։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան այս կապակցութեամբ ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկացուցած է հետեւեալը.

«Հանդիպման ընթացքին քննար-կըւեցան պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններուն առընչուած հարցեր, հանրակրթական ոլորտի բարեփոխումներն ու անոնց հետ կապուած Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առաջարկները։ Որոշուած է, որ յառաջիկային տեղի ունենայ կրթութեան հարցերով համապատասխան ենթախումբերու հանդիպումը, որու շրջանակներէն ներս անդրադարձ կ՚ըլլայ նշեալ նիւթերու»։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարար Արայիկ Յարութիւնեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Իսկ երէկ, Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի (ՔԴԿ) տարածքաշրջանային պատասխանատուներուն հետ։ ՔԴԿ-ը կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ եւ անոր գլուխը կը գտնուի Տ. Զաքարիա Ծ. Վրդ. Բաղումեան։ Երէկ, Նորին Սրբութեան ներկայացան ՔԴԿ-ի տարածքաշըր-ջանային 22 պատասխանատուներ, որոնք ուխտաւորաբար մեկնած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Անոնց խօսք ուղղելու ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան անցեալ տասնհինգ տարիներու ընթացքին իր հաստատուն ու կարեւոր տեղը ամրագրած է հանրակրթական դպրոցներու դասացուցակին վրայ։ Նորին Սրբութիւնը արձանագրեց, որ առարկան եկած է լրացնել խորհրդային աստուածամերժութեան տարիներու բացը՝ անհրաժեշտ գիտելիքներու մատուցմամբ։ Այդ առարկային շնորհիւ ոգի եւ դաստիարակութիւն ջամբուած է մատաղ սերունդին, որ ծանօթացած է Հայոց Եկեղեցւոյ առաքելութեան, պատմութեան, կերտած հարուստ ժառանգութեան, դաւանած հոգեւոր արժէքներուն, ծէսին ու բարեպաշտական սովորութիւններուն։ Ըստ Վեհափառ Հայրապետին, «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան ազգային նկարագիր եւ ինքնութիւն կերտած է՝ սերմանելով ազգային-հոգեւոր արժէքներ։ Արդարեւ, եկեղեցւոյ ճանաչումը, Աստուծոյ ճանաչումը, քրիստոնէական արժէքներու հետ հաղորդակցութիւնը կը նպաստեն անձի ձեւաւորման, հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան ոգիի զօրացման։

Վեհափառ Հայրապետը տեղեկացուց, որ յառաջիկային տեղի պիտի ունենայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարմնամարզի նախարարութեան կրթական հարցերով ենթայանձնախումբերու հանդիպումը։ Ան յոյս յայտնեց, թէ քննարկումներու արդիւնքով հնարաւոր պիտի ըլլայ շահեկան եզրայանգումի մը հասնիլ կրթական բարեփոխումներու, «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի վերաբերեալ բարձրաձայնուած մտահոգութիւններուն եւ առաջարկներուն շուրջ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020