ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆԻ Ի ՊԱՏԻՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Երէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ի պա­տիւ սփիւռ­քա­հայ մտա­ւո­րա­կան, գրա­կա­նա­գէտ ու հրա­պա­րա­կա­գիր Ե­րուանդ Ա­զա­տեա­նի։ Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու տան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ձեռ­նար­կը, որ ձօ­նուած էր Ա­զա­տեա­նի ծննդեան 80-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին։ Հա­ւա­քոյ­թը բնո­րո­շուե­ցաւ պար­գեւ­նե­րով, շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քե­րով, դրուա­տիք­նե­րով ու շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րով։ Ե­րուանդ Ա­զա­տեան ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տուե­ցաւ իր 80-ա­մեա­կին առ­թիւ, ինչ որ հեր­թա­կան ա­ռիթ մըն էր ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար իր ան­ցած ու­ղին, ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թիւնն ու ար­ձա­նագ­րած ձեռք­բե­րում­նե­րը։ Հա­ւա­քոյ­թի սկիզ­բին ըն­թեր­ցուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ ու­ղար­կուած շնոր­հա­ւո­րա­կան պատ­գա­մը՝ յո­բե­լեա­րի 80-ա­մեա­կին կա­պակ­ցու­թեամբ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Ե­դուարդ Մի­լի­տո­նեան նշեց, թէ Ե­րուանդ Ա­զա­տեա­նի գի­րը թա­թա­խուած է հայ­րե­նի­քի ցա­ւով։ Մի­լի­տո­նեան մատ­նան­շեց, թէ Ա­զա­տեան տար­բե­րու­թիւն չի դներ Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի գրա­կա­նու­թեան մի­ջեւ։ Նա­խա­գա­հը յի­շե­ցուց, որ յո­բե­լեա­րը ար­ժա­նա­ցած է Հա­յաս­տա­նի Գրող­նե­րու միու­թեան բո­լոր մե­տայլ­նե­րուն։

Մի­լի­տո­նեա­նէն վերջ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ Ռա­դիկ Մար­տի­րո­սեան, որ կանգ ա­ռաւ զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րէ ներս Ա­զա­տեա­նի ու­նե­ցած մեծ ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Մար­տի­րո­սեան հա­մո­զուած է, թէ յո­բե­լեա­րի վաս­տակն ու մեծ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը պէտք է նշուին ա­մէնու­րեք։ «Ա­զա­տեան ու­նի շատ սուր աչք, կը յա­ջո­ղի դուր­սէն տես­նել մեր երկ­րին խնդիր­նե­րը, ար­տա­յայ­տել ա­նոնց վե­րա­բե­րեալ ան­կողմ­նա­կալ կար­ծիք», ը­սաւ Մար­տի­րո­սեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ ա­մե­րի­կա­հայ գոր­ծի­չին հետ ծա­նօ­թու­թիւն ու­նի 1990-ա­կան թուա­կան­նե­րու սկիզ­բէն ի վեր։ Ա­զա­տեան, որ աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն կը ծա­ւա­լէ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ հետ, ե­րէկ Ռա­դիկ Մար­տի­րո­սեա­նի կող­մէ պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ կա­ռոյ­ցի «Յով­սէփ Օր­բե­լի» յու­շա­մե­տայ­լով։

Գրող­նե­րու տան հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի փոխ-նա­խա­րար Ար­թուր Պօ­ղո­սեան, որ ընդգ­ծեց, թէ կա­րե­լի է եր­կար խօ­սիլ Ե­րուանդ Ա­զա­տեա­նի գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց յո­բե­լեա­րի աշ­խոյժ մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար ու զին­քը պար­գե­ւատ­րեց նա­խա­րա­րու­թեան «Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցի» յու­շա­մե­տայ­լով։

Իր կար­գին, Հա­յաս­տա­նի Լրագ­րող­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ Աստ­ղիկ Գէոր­գեանն ալ Ե­րուանդ Ա­զա­տեա­նին յանձ­նեց «Հա­ւա­տա­րիմ մաս­նա­գի­տու­թեան» ոս­կէ յու­շա­մե­տայ­լը։

Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին սրտի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Երուանդ Ա­զա­տեան, որ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նեց ներ­կա­նե­րու դրուա­տա­լից ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ «Կեղծ հա­մես­տու­թիւն չեմ ը­ներ. կը հա­ւա­տամ՝ այն խօս­քե­րը, ո­րոնք ը­սուե­ցան այ­սօր, իմ գոր­ծըն­կեր­նե­րուս սրտէն բխած են, ինծի գո­հու­նա­կու­թիւն կու տան, որ­պէս­զի իմ ներշն­չու­մը Հա­յաս­տա­նէն տա­նիմ ու վե­րա­դառ­նամ ով­կիա­նո­սի միւս ա­փը», նշեց Ե­րուանդ Ա­զա­տեան։

Ե­րուանդ Ա­զա­տեան ծնած է 1935 թուա­կա­նին, Պէյ­րու­թի մէջ։ Ու­սու­մը Լի­բա­նա­նի եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ ստա­ցած է։ Մի­ջոց մը ապ­րած ու գոր­ծած է Ե­գիպ­տոս։ Ա­ւե­լի վերջ հաս­տա­տուե­լով ԱՄՆ-ի մէջ շուրջ քսանհինգ տա­րի ե­ղած է Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) պա­տուա­կալ նա­խա­գահ Ա­լէք Մա­նու­կեա­նի ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կից­նե­րէն մին։ Հե­ղի­նա­կած է շարք մը գիր­քեր։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի կող­մէ պար­գե­ւատ­րուած է «Ս. Սա­հակ-Ս. Մես­րոպ» շքան­շա­նով։

 

 

 

 

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2015