ՌԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Լաթվիոյ մայրաքաղաքը՝ Ռիկայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովը։ Այս հաւաքը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Երեւանի տեսակէտէ, որովհետեւ ան կը ջանայ նոր ուղղութիւն մը տալ Եւրոմիութեան հետ իր համագործակցութեան։ Ռիկայի գագաթաժողովին կը մասնակցի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Սերժ Սարգսեան այսօր եւ վաղը աշխատանքային բնոյթով շփումներ կ՚ունենայ Ռիկայի մէջ։ ԵՄ-ի Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովին մասնակցելու առընթեր նոյն շրջագծով Սերժ Սարգսեան կ՚ունենայ երկկողմանի հանդիպումներ։ Բաց աստի, ան մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան գագաթաժողովին։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ռիկայի գագաթաժողովի օրակարգի գլխաւոր նիւթն է՝ Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրին մասնակից վեց երկիրներու հետ ԵՄ-ի երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին յստակեցումը։ ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Լաթվիոյ Վարչապետ Լայնտոթա Սթրաիւմա յայտնեց, թէ իւրաքանչիւր երկրի համար պիտի նախատեսուին հռչակագրի առանձին մաս եւ առանձին միջոցառումներ։ Այսպէսով ԵՄ կը փափաքի ցոյց տալ, որ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ այդ վեց պետութիւններու հետ համագործակցութեան նկատմամբ։
Արեւելեան գործընկերութեան ծրագրի առաւել աշխոյժ երկիրները կը համարուին Ուքրայնան ու Վրաստանը։ Յամենայնդէպս, ըստ մասնագէտներու կանխատեսումներուն, Ռիկայի ներկայ գագաթաժողովը գուցէ կրնայ հիասթափեցնել այդ երկու երկիրները, որովհետեւ ներկայիս Պրիւքսէլ պատրաստ չէ ընթացք տալու այն քայլերուն, որոնք իրմէ կ՚ակնկալուին Թիֆլիզի եւ Քիեւի կողմէ։ Արդարեւ, Ուքրայնա եւ Վրաստան կ՚ակնկալեն հնարաւորինս կարճ ժամանակի մէջ ԵՄ-ի հետ ազատիլ վիզայի դրութենէն, սակայն եւրոպացի առաջնորդները նուազ հաւանական կը համարեն Ռիկայի գագաթաժողովի ընթացքին նման փաստաթուղթի մը ստորագրումը։ Մոլտովա, որ Վրաստանի եւ Ուքրայնոյ նման ստորագրած է ԵՄ-ի հետ համարկման համաձայնագիրը, ի տարբերութիւն այդ երկու երկիրներէն՝ իրաւունք ստացած է առանց վիզայի դէպի Շէնկէնեան գօտի կարճաժամկէտ այցեր կատարելու համար։ Հետեւաբար, Քիշնեւի ղեկավարութեան սպասումները աւելի զուսպ են Ռիկայի գագաթաժողովէն։
Այսօրուան գագաթաժողովին Հայաստանի առընթեր Ուքրայնա եւ Մոլտովա եւս կը մասնակցին նախագահի մակարդակով։ Վրաստան կը ներկայացուի վարչապետին, իսկ Ատրպէյճան եւ Սպիտակ Ռուսիա կը ներկայացուին արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ։
Մօտաւոր անցեալին նոյնիսկ օրակարգի վրայ եկած էր Ռիկայի մէջ Սերժ Սարգսեանի եւ իր ազէրի պաշտօնակցին միջեւ հաւանական տեսակցութեան մը կազմակերպումը, սակայն արդէն Ալիեւի բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ չեն արդարացած այդ պնդումները։ Ալիեւի բացակայութիւնը կը մեկնաբանուի՝ վերջին շրջանին Արեւմուտքի կողմէ Ատրպէյճանի դէմ գործադրուող մեծ ճնշման լոյսին տակ։ Ռիկայի գագաթաժողովին ընթացքին չեն նախատեսուած Ատրպէյճանի եւ ԵՄ-ի միջեւ որեւէ փաստաթուղթի ստորագրումը։
Գերմանական «Deutsche Wel-le» թերթը Ռիկայի գագաթաժողովին ընդառաջ գրեց, թէ Հայաստանի վերաբերեալ սպասումները տակաւին անորոշ են։ Ըստ թերթին, յայտնի չէ, թէ ի՛նչ բնոյթով փաստաթուղթ մը պիտի ստորագրուի Երեւանի եւ Պրիւքսէլի միջեւ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռիկայի մէջ ընդհանրապէս պիտի արտայայտէ այն միտքը, թէ Հայաստան չի պատրաստուիր Եւրոպայէն թեքելու իր երեսը՝ հակառակ Մոսկուայի նախաձեռնած Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան հետ հաստատած սերտ համագործակցութեան։
Ռիկայի գագաթաժողովին ընդառաջ, Եւրոյանձնաժողովը նախընթաց օր ընդունեց երաշխաւորել Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ իրաւական համաձայնագրի մը շուրջ բանակցութիւններու սկսիլը։ ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքական հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի համապատասխան յանձնարարականներ տուած է՝ համաձայնագրին շուրջ բանակցութիւններու ձեռնարկելու նպատակով։
2013 թուականի Նոյեմբերին, Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան միանալու որոշման զուգահեռ, Հայաստան ԵՄ-ի հետ համաձայնութեան հասած էր շարունակելու համար երկկողմանի հետաքրքրութեան առարկայ բոլոր ոլորտներէն ներս համագործակցութեան զարգացումը եւ ուժեղացնելու համար յանձնառութիւնը։ Մասնագէտները այս փուլին հաւանական կը նկատեն, որ Ռիկայի գագաթաժողովին ընթացքին ազդարարուի Հայաստան-ԵՄ բանակցութիւններու սկիզբին մասին։
Իր կարգին, Եւրոյանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով բանակցութիւններու յանձնակատար Եոհաննէս Հանն ալ Ռիկայի գագաթաժողովին ընդառաջ խօսեցաւ Երեւանի հետ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելու փափաքին մասին։ «The Parliament Magazine»ի մէջ լոյս տեսած իր յօդ-ւածին մէջ ան գրեց հետեւեալը. «Մեր համագործակցութիւնը նպատակ ունի կառուցել կայունութիւն՝ համարկման եւ ժողո-վըրդավարութեան նկատմամբ ԵՄ-ի մօտեցումներու ընդլայնման միջոցաւ։ Գագաթաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին ԵՄ-ի եւ անոր գործընկեր վեց պետութիւններու՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Սպիտակ Ռուսիոյ, Վրաստանի, Մոլտավիոյ եւ Ուքրայնոյ միջեւ յարաբերութիւնները, որոնք ուղղուած պիտի չըլլան երրորդ կողմի մը դէմ»։
Նոյն յօդուածին մէջ Հան յոյս յայտնեց նաեւ, որ Ռիկայի գագաթաժողովին ընթացքին կը քննարկուին այն ձեռքբերումները, որոնք արձանագրուած են ԵՄ-ի եւ իր Արեւելեան գործընկերներուն միջեւ յարաբերութիւններուն շրջագծով՝ 2013 թուականի Վիլնիուսի գագաթաժողովէն վերջ։ Եւրոպացի յանձնակատարը մատնանշած է, որ ԵՄ-ի մօտեցումը մշտապէս թափանցիկ եղած է Արեւելեան գործընկերութեան նկատմամբ ու կեդրոնացած՝ իր գործընկերներու շահերուն եւ հետաքրքրութիւններուն վրայ։
Միւս կողմէ, հարկ է նշել, որ Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ գտնուող Հանրապետական կուսակցութեան շրջանակներն ալ Ռիկայի գագաթաժողովին ընդառաջ արտայայտեցին դրական սպասումներ։ Այսպէս, Հայաստան կ՚ակնկալէ ԵՄ-ի հետ ստորագրել համագործակցութեան նոր փաստաթուղթ։