STREET WORKOUT-Ի ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆ

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն աշ­խար­հի մէջ ի­րո­ղու­թիւն մըն է նոր ձե­ւի մար­զա­կան շար­ժում մը, ո­ր կը կո­չուի Street Workout: Ան ար­դէն ու­նի իր մի­ջազ­գա­յին դաշ­նա­կցու­թիւ­նը (federation) եւ լայն տա­րա­ծում ու­նի աշ­խար­հի տա­րած­քին: Հա­յաս­տա­ն նոյն­պէս եր­կու տա­րի ա­ռաջ միա­ցած է Street Workout մի­ջազ­գա­յին շար­ժու­մին: Հա­յաս­տա­նի մէջ կը գոր­ծէ Street Workout Armenia կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, ո­ր մի­ջազ­գա­յին նոյ­նա­նուն դաշ­նա­կցու­թեան ան­դամ է: Ա­ւե­լի՛ն, իր ու­նե­ցած եր­կու տա­րի­նե­րու ար­դիւնք­նե­րու հի­ման վրայ Հա­յաս­տան ի­րա­ւունք ստա­ցած է Street Workout-ի 2015 թուա­կա­նի մի­ջազ­գա­յին ա­ռաջ­նու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պել Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ կը պատ­րաս­տուի ըն­դու­նիլ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մար­զիկ­նե­րը:

Այս մար­զա­ձե­ւի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը այն է, որ մար­զան­քի դի­մո­ղը իր պա­րապ­մունք­նե­րը կը կա­տա­րէ ոչ թէ մար­զաս­րա­հին կամ մաս­նա­գի­տա­ցուած մար­զա­կան ա­կում­բին մէջ, այլ դուր­սը՝ բա­կը, փո­ղո­ցը, այ­գին, պու­րա­կը: Հա­յաս­տան այս շար­ժու­մը ներ­մու­ծե­լու եւ ա­նոր մի­ջո­ցաւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը գրա­ւե­լու գա­ղա­փա­րը կը պատ­կա­նի Մոս­կուա եր­կար տա­րի­ներ բնա­կած հայ ե­րի­տա­սար­դի մը՝ Ղա­զար Յա­կո­բեա­նին: Ղա­զար Յա­կո­բեան Մոս­կուա­յի մէջ ներգ­րա­ւուած է մար­զա­կան աս­պա­րէ­զի կա­ռա­վար­ման մէջ, ու­նե­ցած է ար­հես­տա­վարժ մար­զա­կումբ­նե­րու եւ սրահ­նե­րու ցանց, մաս­նա­գի­տա­ցած է մար­զա­կան կեան­քի կազ­մա­կերպ­ման, զայն հա­սա­րա­կու­թեա­ն հա­սու դարձ­նե­լու գոր­ծէն ներս։ Երբ տե­սած է, որ Street Workout շար­ժու­մը թափ կ՚առ­նէ աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու մէջ, ո­րո­շած է նոյն ա­լի­քը տա­րա­ծել նաեւ Հա­յաս­տա­նէ ներս, ուր գո­յու­թիւն չու­նէր նման կազ­մա­կեր­պուած շար­ժում: Ղա­զար Յա­կո­բեան հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցաւ Հա­յաս­տա­նի մէջ գտած է հա­մա­խոհ­ներ: Ան տե­սած է, որ հա­մա­պա­տաս­խան տրա­մադ­րուա­ծու­թիւն մը կայ բազ­մա­թիւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մօտ, ո­րոնք պատ­րաստ են խում­բով մար­զում­ներ կա­տա­րել փո­ղո­ցը։ Ատ­կէ ետք ձգած է գոր­ծը ու փո­խադ­րուած Հա­յաս­տան:

Ղա­զար Յա­կո­բեան ծնած է Հա­յաս­տան, սա­կայն պզտիկ տա­րի­քին իր ըն­տա­նի­քին հետ նախ Ուք­րա­յնա, ա­պա Ռու­սաս­տան տե­ղա­փո­խո­ւած է: Հա­յաս­տա­նի մէջ ան Street Workout Armenia շար­ժու­մը հիմ­նած է հա­յաս­տան­ցի ե­րի­տա­սար­դի մը՝ Ար­թուր Յով­հան­նի­սեա­նի հետ, որ նա­խա­պէս ծա­նօթ էր աշ­խար­հի տա­րած­քին այդ շարժ­ման տա­րած­մա­ն։ Ան հա­մա­ձայ­նած է օգ­նել Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ա­ռողջ ապ­րե­լա­կերպ քա­րո­զող մար­զա­ձե­ւը ծա­նօ­թաց­նե­լու աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Այ­սօր ար­դէն հա­զա­րա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­ներ այս կազ­մա­կեր­պու­թեան մի­ջո­ցով նա­խա­պէս յայ­տա­րա­րուած ժա­մուն կը հա­ւա­քուին եւ մարզ­ի­չի մը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ կամ ա­ռան­ձին, կը կա­տա­րեն մար­զանք: Ա­նոնք կը նկա­տուին «փո­ղո­ցա­յին մար­զիկ­նե­ր», բայց փո­ղո­ցը կա­տա­րուող մար­զան­քի մէկ նպա­տակն ալ այն է, որ ա­ւե­լի շատ թի­ւով մար­դիկ ա­կա­նա­տես ըլ­լան մար­զան­քին եւ ի­րենք ալ քա­ջա­լե­րուե­լով՝ գոր­ծօն եւ շար­ժուն կեանք վա­րեն:

Վեր­ջերս Ղա­զար Յա­կո­բեան Ե­րե­ւա­նի ԼՕՖԹ քննար­կում­նե­րու եւ հան­դի­պում­նե­րու նո­րա­բաց ա­կում­բին մէջ ներ­կա­յա­ցուց Street Workout Armenia շարժ­ման եր­կու­քու­կէս տա­րի­նե­րու աշ­խա­տանք­ներն ու յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը: ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ նոյն­պէս ներ­կայ էր այդ հան­դիպ­մա­ն, որ­մէ ետք հար­ցազը-րոյց մը կա­տա­րե­ցինք Ղա­զար Յա­կո­բեա­նին հետ: Ղա­զար Յա­կո­բեան ը­սաւ, որ իր վե­րա­դար­ձը Հա­յաս­տան ե­ղած է՝ քա­ջալերուե­լով «Վե­րա­դարձ Հա­յաս­տա­ն» հիմ­նադ­րա­մի կա­տա­րած գոր­ծու­նէու­թե­նէն:

-Ղա­զար, նախ կը խնդրէի պատ­մես, թէ ինչ­պէ՞ս ե­ղաւ Ձեր Հա­յաս­տան գա­լը եւ հոս բնա­կու­թիւն հաս­տա­տե­լը:

-Միշտ մտ­­քիս մէջ Հա­յաս­տան վե­րա­դառ­նա­լու ծրա­գիր մը կար: Ես հոս ծնած եմ, եւ կա­րօ­տը ու­նէի իմ ման­կու­թեան, ապ­րած վայ­րե­րուն, մար­դոց հան­դէպ:

Օր մը Մոս­կուա­յի մէջ «Վե­րա­դարձ Հա­յաս­տա­ն» հիմ­նադ­րա­մը կազ­մա­կեր­պեց իր ծրագ­րե­րուն մա­սին հան­դի­պում մը, ո­րուն ներ­կայ էին Ռու­սաս­տան բնա­կող բազ­մա­թիւ հա­յեր: Ես տե­սայ, որ տաս­նեակ ե­րի­տա­սարդ հա­յեր, ո­րոնք տա­րի­նե­րով դուր­սը ապ­րած են, պատ­րաստ են վե­րա­դառ­նալ եւ ի­րենց փոր­ձը, գի­տե­լիք­նե­րը իբ­րեւ նո­րու­թիւն ի­րենց հետ տա­նիլ Հա­յաս­տան: Իսկ հիմ­նադ­րա­մը միայն կը քա­ջա­լե­րէ նման մար­դի­կը, ճիշդ ի­րա­ւա­բա­նա­կան ու փաս­տաթղ­թա­յին խորհր­դա­տուու­թիւն կը տրա­մադ­րէ: Հիմ­նադ­րա­մը կ՚օգ­նէ Հա­յաս­տան վե­րա­դառ­նալ փա­փա­քող այն մար­դուն, ո­ր ծա­նօթ չէ երկ­րի օ­րէնք­նե­րուն, եր­կար տա­րի­ներ բա­ցա­կա­յած է երկ­րէն կամ ընդ­հան­րա­պէս չէ ապ­րած, չի գի­տեր, թէ ո՛ր մէկ հիմ­նար­կէն սկսի իր գոր­ծին, ի՛նչ թուղ­թե­րու պէտք ու­նի ե­ւայլն: Շատ կ՚ըլ­լան սխալ մար­դոց հան­դի­պող­ներ, ո­րոնք ան­յա­ջող գոր­ծե­րու պատ­ճա­ռաւ նո­րէն կը ձգեն եր­կի­րը եւ դուր­սը թիւր կար­ծիք­ներ կը տա­րա­ծեն Հա­յաս­տա­նի մա­սին: Այս հիմ­նադ­րա­մը այդ պատ­նէշ­նե­րը յաղ­թա­հա­րող եւ ճամ­բայ մը ցոյց տուող հիմ­նարկն է, եւ ի պա­տիւ հիմ­նադ­րա­մի, պէտք է ը­սել, որ յա­ջո­ղած է: Շատ մար­դիկ գի­տեմ, որ Հա­յաս­տան կ­­ու գան ապ­րե­լու կամ գործ մը ը­նե­լու ի­րենց մի­ջո­ցաւ:

Ես սկիզ­բը ե­կայ ա­ռան­ձինս, ար­դէն ին­ծի միա­ցան քոյրս եւ մայրս, շու­տով եղ­բայրս ու հայրս ալ կու գան: Ե­րե­ւա­նի մօտ գտնուող գիւ­ղի մը մէջ ու­նէինք տուն մը, զոր կը շի­նէինք, բայց երբ դժուար տա­րի­նե­րը հա­սան, զայն կի­սատ ձգե­ցինք ու գա­ցինք: Հի­մա ես այդ կի­սատ մնա­ցած տու­նը կը շի­նեմ:

-Դուք Մոս­կուա­յի մէջ յա­ջող գործ ու­նէիք, ձգած, ե­կած էք, ա­ռանց նա­խա­պէս գիտ­նա­լու, թէ ի՞նչ ար­դիւնք­ներ կ՚ու­նե­նաք Հա­յաս­տա­նի մէջ, քիչ մը հա­մար­ձակ քայլ մը չէ՞ր:

-Հա­մար­ձակ էր այն ա­ռու­մով, որ դուր­սէն հա­յեր հիմ­նա­կա­նը կը վե­րա­դառ­նան ա­ռեւտ­րա­կան գոր­ծի մը ձեռ­նար­կե­լու, ներդ­րում մը կա­տա­րե­լու, կամ կազ­մա­կեր­պու­թեան մը մէջ բարձր ամ­սա­կա­նով աշ­խա­տե­լու հա­մար։ Բայց ես սկիզ­բէն այդ տե­սակ նպա­տակ­նե­րով չե­կայ: Մեծ փա­փաք ու­նիմ, որ Հա­յաս­տա­նի նոր սե­րուն­դը ա­ռողջ ըլ­լայ, եւ այն, ինչ որ կ՚ը­նեմ այ­սօր, վստահ եմ, որ ա­սի­կա ալ ներդ­րում մըն է, բայց ան ներդ­րում է ա­պա­գա­յի հաշ­ւոյն: Այ­սինքն մեր կա­տա­րած գոր­ծի ար­դիւն­քը ա­պա­գա­յին պի­տի քա­ղենք, ո­րով­հե­տեւ Street Workout շարժ­ման հիմ­քին մէջ կայ մար­դու ա­ռող­ջու­թեան պահ­պա­նու­մը, կեան­քի բա­րե­լա­ւու­մը, իսկ ա­տի­կա մէկ օ­րէն միւ­սը չ՚ըլ­լար:

Այ­սինքն մենք կ՚աշ­խա­տինք ոչ թէ ա­ռեւտ­րա­կան շա­հոյթ­ներ ստա­նա­լու դաշ­տին մէջ, այլ՝ մեր աշ­խա­տան­քը մար­դոց մտա­ծո­ղու­թեան փո­փո­խու­թեան հետ է։ Միայն մեր եր­կու­քու­կէս տա­րուան աշ­խա­տան­քը ար­դէն իր ար­դիւնք­նե­րը տուած է, բայց մենք շունչ ա­ռած ենք եր­կար ճա­նա­պար­հի մը հա­մար:

-Ձեր խօս­քին մէջ ը­սիք, որ այս շար­ժու­մը նո­րու­թիւն էր Հա­յաս­տա­նի մէջ: Բայց Հա­յաս­տա­նի մէջ, ինչ­պէս այլ եր­կիր­նե­րու, մար­դիկ սո­վոր են դուր­սը մար­զանք ը­նելու, քա­լելու, վա­զելու, հե­ծա­նիւ քշելու։ Այ­սինքն ի՞նչ է Ձեր կա­տա­րած աշ­խա­տան­քի տար­բե­րու­թիւ­նը այդ մար­դոց ը­րա­ծէն:

-Ա­յո, բայց այդ մար­դոց թի­ւը քիչ է: Մենք նպա­տակ ու­նինք փո­ղոց բե­րել ա­ւե­լի շատ մար­դիկ, որ­պէս­զի սո­վո­րու­թիւն դարձ­նեն բա­ցօ­թեայ մար­զանք ը­նե­լը, ա­ռանց ամչ­նա­լու։ Նպա­տակ ու­նինք, որ դուր­սը մար­զանք ը­նո­ղը իր օ­րի­նա­կով քա­ջա­լե­րէ իր դրա­ցին, իր բա­րե­կա­մը: Դուր­սը մար­զանք ը­նող­ներ կան, բայց ա­նոնք զի­րար չեն ճանչ­նար, իսկ մեր մար­զիկ­նե­րը խում­բեր կը կազ­մեն եւ միա­սին կը կա­տա­րեն մար­զան­քը։ Ա­նոնք ու­նին մաս­նա­ւոր հա­ւա­քուե­լու տե­ղեր, ժա­մեր, ի­րենց փոր­ձը կը փո­խա­նա­կեն: Իսկ ա­մե­նա­կա­րե­ւոր գոր­ծը, զոր մենք կը կա­տա­րենք, ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հետ է: Շատ կա­րե­ւոր է, որ այ­սօ­րուան հայ ե­րի­տա­սար­դը հա­ւա­տայ մար­զան­քի եւ ա­ռողջ ապ­րե­լա­կեր­պի ու­ժին: Ա­տի­կա այ­սօր հա­սա­րա­կա­կան մտա­ծո­ղու­թիւն փո­խե­լու ձեւ մըն է:

Մենք մար­դի­կը կը մղենք անվ­ճար մար­զան­քի: Ա­մէն մարդ ի վի­ճա­կի չէ բա­ժա­նորդ դառ­նա­լու մար­զա­կան ա­կումբ­նե­րու, բայց մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան մար­զիչ­նե­րը պատ­րաստ են ժա­մե­րով անվ­ճար պա­րա­պիլ, զրու­ցել փա­փա­քո­ղին հետ: Այս շարժ­ման գա­ղա­փար­նե­րէն մէկն ալ օգ­նելն է այն մար­դոց, ո­րոնք մար­զան­քի փա­փաք ու­նին, բայց ա­կում­բի տոմս գնե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նին: Շար­ժու­մը ճիշդ այդ սկզբուն­քով ալ սկիզբ ա­ռած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ. քա­նի մը ե­րի­տա­սարդ միա­ւո­րուած եւ ստեղ­ծած են ա­ռա­ջին փո­ղո­ցա­յին մար­զան­քի ա­կումբ­նե­րը:

Շար­ժու­մը ձե­ւով մը նո­րու­թիւն էր Հա­յաս­տա­նի մէջ, եւ, ինչ­պէս ա­մէն մէկ նո­րու­թիւն, սկիզ­բը ան­սո­վոր ըն­դու­նուե­ցաւ, բայց յե­տոյ լաւ օ­րի­նակ­նե­րը տա­րա­ծուե­ցան: Վստա­հօ­րէն կրնամ ը­սել, որ այ­սօր ա­ռողջ ու ժա­մա­նա­կա­կից մտա­ծող ե­րի­տա­սար­դու­թեան մօտ ար­դէն Street Workout Armenia-ն ա­մե­նա­ծա­նօթ շար­ժում­նե­րէն մէկն է, ո­րուն մէջ ա­նոնք ժա­մա­նա­կի շուն­չը կը տես­նեն: Ա­մէն օր մե­զի ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի շատ թի­ւով ե­րի­տա­սարդ­ներ կը միա­նան՝ ո՛չ միայն Ե­րե­ւա­նի, այ­լեւ՝ մար­զե­րու, Ար­ցա­խի մէջ: Շրջան­նե­րու մէջ ու­նինք մաս­նա­ճիւ­ղեր:

-Ի՞նչ դժուա­րու­թիւն­նե­րու եւ ար­գելք­նե­րու կը հան­դի­պիք։

-Ա­մե­նա­մեծ դժուա­րու­թիւ­նը ե­ղած է եւ այ­սօր ալ կայ, կարծ­րա­տի­պե­րը քան­դե­լը։ Այս ուղ­ղու­թեամբ մենք մեծ մա­սամբ յա­ջո­ղած ենք, սա­կայն տա­կա­ւին ու­նինք ը­նե­լիք­ներ։ Ա­մէն մարդ դիւ­րու­թեամբ չի հա­մո­զուիր դուր­սը մար­զանք ը­նե­լու։ Ա­մէն մէ­կը տար­բեր պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն մը ու­նի. մէ­կը զբա­ղած է, մէ­կը գէր է, մէ­կը նի­հար է, մէ­կը ծա­նօթ տեղ մը կ՚աշ­խա­տի եւ քիչ մը կ՚ամչ­նայ… Բայց երբ տե­ւա­կան աշ­խա­տանք կը տա­նիս մար­դոց հետ՝ կը զրու­ցես, տե­սա­հո­լո­վակ­ներ ցոյց կու տաս, օ­րի­նակ­ներ կը մատ­նան­շես, ա­նոնք կը հասկ­նան, թէ ին­չու հա­մար է այդ ա­մէն ին­չը, կը տես­նեն, որ ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին մի­լիո­նա­ւոր ե­րի­տա­սարդ­ներ, մե­ծա­հա­սակ­ներ, պզտիկ­ներ, գէ­րեր, նի­հար­ներ ի­րենց ժա­մա­նա­կը կ՚ան­ցը­նեն բա­ցօ­թեայ մար­զան­քով զբա­ղե­լով, կը հա­մո­զուին։ Ի վեր­ջոյ, կրնան մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան հետ ալ չմար­զուիլ, բայց կա­րե­ւո­րը հա­մո­զուին եւ շար­ժին:

Հա­յաս­տա­նի մէջ խորհր­դա­յին տա­րի­նե­րուն շատ տա­րա­ծուն ե­ղած է զան­գուա­ծա­յին մար­զան­քը: Մար­զան­քի քա­րոզ­չու­թիւ­նը այդ հա­սա­րա­կար­գի հիմ­նա­կան դրոյթ­նե­րէն ե­ղած է, այ­սինքն, հայ մարդն ալ այդ հա­սա­րա­կար­գէն ե­կած է, ու­րեմն այս գա­ղա­փա­րը ան­ծա­նօթ չէ հա­յե­րուն: Շէն­քե­րու բա­կե­րուն եւ այլ վայ­րե­րու մէջ, ե­թէ նկա­տէք, պահ­պա­նուած են պտտղա­ձո­ղեր, ո­րոնց վրայ մեր տղա­մար­դիկ ժա­մա­նա­կին անվ­ճար, ա­զատ ժա­մե­րուն մար­զուած են։ Բայց այդ պտտղա­ձո­ղե­րը քիչ են, մենք կ՚ա­ւելց­նենք, տա­կա­ւին շատ ա­ւե­լիին պէտք ու­նինք: Այ­սօր մեր խնդիր­նե­րէն մէ­կը պտտա­ձո­ղե­րը եւ այլ մար­զա­կան յար­մա­րա­ւէ­տու­թիւն­ներն են, ո­րոնք բո­լոր բա­կե­րու մէջ չկան։ Նպա­տակ ու­նինք Հա­յաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին ստեղ­ծել փոք­րիկ մար­զա­կան հրա­պա­րակ­ներ, ուր մար­դիկ կը հա­ւա­քուին միայն մար­զուե­լու հա­մար։ Ա­նոնք կ՚ըլ­լան բա­ցա­ռիկ վայ­րեր, ո­րոնց մի­ջա­վայ­րը վա­րա­կիչ կը դառ­նայ, եւ նոյ­նիսկ պա­տա­հա­կան ան­ցոր­դը, տես­նե­լով, որ այն­տեղ կը մար­զուին, ճա­նա­պար­հէն կը շե­ղի ու կը միա­նայ։ Փո­ղո­ցա­յին մար­զան­քի շարժ­ման գա­ղա­փա­րը, որ աշ­խար­հի տա­րած­քին կայ­ծակ­նա­յին ա­րա­գու­թեամբ կը տա­րա­ծուի, ա­տի­կա է՝ վա­րա­կել մար­դի­կը, ներ­քա­շել, փո­փո­խել ա­նոնց կարծ­րա­ցած ա­ռօ­րեան, օգ­նել որ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը քիչ­նան։ Ա­ռայժմ այդ­պի­սի վա­րա­կիչ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նին մեր կի­րակ­նօ­րեայ մար­զում­նե­րը, զորս կ՚ի­րա­կա­նաց­նենք Հան­րա­պե­տա­կան հի­ւան­դա­նո­ցի պար­տէ­զին մէջ, ու­նինք մար­զա­յին շրջա­գա­յու­թիւն­ներ, մրցա­շա­րքե­ր, ո­րոնք նոյն­պէս բա­ցօ­թեայ են:

Մենք շատ մեծ կա­րիք ու­նինք ա­ջա­կից­նե­րու։ Իսկ մեր ա­մե­նա­մեծ նպա­տա­կը այն է, որ Street Workout Armenia-ն որ­դեգ­րուի կա­ռա­վա­րա­կան մա­կար­դա­կով, եւ զայն դառ­նայ Հա­յաս­տա­նի դէմ­քը ներ­կա­յաց­նող շար­ժում­նե­րէն մէ­կը։ Եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ պե­տու­թիւ­նը կը միա­նայ այս­պի­սի կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու։ Ուք­րայ­նան, Ռու­սաս­տա­նը շատ յա­ռա­ջա­տար են այս հար­ցին մէջ։ Երբ մենք կը հան­դի­պէինք Հա­յաս­տա­նի Մարմ­նա­մար­զի նա­խա­րա­րին ու վար­չա­պե­տին հետ, կը ներ­կա­յաց­նէինք մեր ծրագ­րե­րը։ Ա­նոնք կը զար­մա­նա­յին, որ փոքր, չնչին մի­ջոց­նե­րով կա­րե­լի է հաս­նիլ մեծ ար­դիւնք­նե­րու։ Իսկ մենք վստահ ենք, որ Հա­յաս­տա­նը բո­լոր նա­խադ­րեալ­նե­րը ու­նի փո­ղո­ցա­յին մար­զան­քի զար­գաց­ման հա­մար, միայն պէտք է մարդ­կանց գի­տակ­ցու­թեան մէջ հաս­տա­տուի ա­նոր անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։

-Ը­սիք, որ մար­զիկ­ներ ու­նիք, ով­քե՞ր են ա­նոնք:

-Ա­նոնք պարզ մար­դիկ են, ո­րոնք մե­զի հետ մար­զուած եւ դար­ձած են մար­զիկ­ներ:

Մեր շարժ­ման մար­զիկ­նե­րը, ո­րոնք այ­սօր մի­ջազ­գա­յին մրցա­շա­րքե­րու մէջ ար­դիւնք­նե­րու կը հաս­նին, մար­զուած են ըն­դա­մէ­նը բա­կե­րու մէջ։ Նա­րեկ Յով­հան­նի­սեա­նը Բիւ­րա­կա­նէն սո­վո­րա­կան քա­ղա­քա­ցի մըն է, ան ե­կաւ, մե­զի հետ մար­զուե­լով բա­կե­րու պտտա­ձո­ղե­րու վրայ, Հա­յաս­տա­նը փայ­լուն կեր­պով ներ­կա­յա­ցուց Մոս­կուա­յի Street Workout մրցոյ­թին։ Մեր դաշ­նա­կցու­թեան ան­դամ ու­րիշ մար­զի­կի մը՝ Սէր­կէյ Թե­ւո­սեա­նի մար­զու­մը Եու­Թու­պի մէջ 2 մի­լիոն 700 հա­զար դի­տում ու­նե­ցած է: Հի­մա Սէր­կէյ Թե­ւո­սեան բա­նա­կի մէջ կը ծա­ռա­յէ, վե­րա­դառ­նա­լով, պի­տի շա­րու­նա­կէ մե­զի հետ:

-Այս մար­զա­ձե­ւի վար­ժու­թիւն­նե­րը իւ­րա­յա­տո՞ւկ են:

-Ե­թէ ա­ռօ­րեայ, պարզ մար­զանք պի­տի ը­նէ մէ­կը, ոչ, սո­վո­րա­կան շար­ժում է, վազք է, ա­րագ քայլք է, իսկ ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րը կրնան պա­րա­նով ցատ­կել, օ­ղակ դարձ­նել, ա­ւե­լի թե­թեւ վար­ժու­թիւն­ներ ը­նել, իսկ տղա­մար­դիկ գետ­նէն հրում, պտտա­ձո­ղե­րու վրայ եւ այլ վար­ժու­թիւն­ներ կը կա­տա­րեն, իսկ ե­թէ մի­ջազ­գա­յին մրցա­շա­րքե­րու պի­տի մաս­նակ­ցին, ա­պա մաս­նա­ւոր վար­ժանք­ներ պի­տի կա­տա­րեն:

Փո­ղո­ցա­յին մար­զա­ձե­ւի ո­րոշ վար­ժու­թիւն­ներ յօ­րի­նած են հա­յաս­տան­ցի մար­զիկ­նե­րը: Այդ վար­ժու­թիւն­նե­րը շատ ա­րագ կը տա­րա­ծուին եւ կի­րա­ռու­թեան մէջ կը մտնեն։ Մենք այլ եր­կիր­նե­րէ մար­զիկ­ներ եւ մար­զիչ­ներ կը հիւ­րըն­կա­լենք, վար­պե­տու­թեան դա­սեր կ՚ի­րա­կա­նաց­նենք, կամ մենք կ՚այ­ցե­լենք: Երբ նոր տե­սա­հո­լո­վակ մը կը զե­տե­ղենք հա­մա­ցան­ցին մէջ, ա­պա ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ այս մար­զա­ձե­ւի հե­տե­ւորդ­նե­րը կը սկսին հե­տե­ւիլ մեր վար­ժանք­նե­րուն, մենք ալ ի­րենց մար­զում­նե­րուն մէջ նո­րու­թիւն­ներ կը փնտռենք:

-Ի՞նչ են Street Workout-ի մի­ջազ­գա­յին ա­ռաջ­նու­թիւն­նե­րը, եւ ար­դեօք Հա­յաս­տա­ն պատ­րա՞ստ է միշտ մաս­նակ­ցե­լու այդ մրցա­շա­րքե­րուն:

-Մրցա­շա­րքե­րը ա­մէն տա­րի երկ­րի մը մէջ կը կա­յա­նան։ Նա­խորդ եր­կու տա­րի­նե­րուն մենք մաս­նակ­ցած ենք Street Workout-ի մի­ջազ­գա­յին ա­ռաջ­նու­թիւն­նե­րուն եւ մեր ու­նե­ցած ար­դիւնք­նե­րու հի­ման վրայ ի­րա­ւունք ստա­ցած ենք 2015 թուա­կա­նի Street Workout-ի մի­ջազ­գա­յին ա­ռաջ­նու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պել Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Հի­մա այդ ուղ­ղու­թեամբ մեծ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք կը տա­նինք, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նանք պատ­շաճ կեր­պով ըն­դու­նիլ: Ծրա­գիր ու­նինք՝ այս տարուան ըն­թաց­քին ա­մէն մէկ քա­ղա­քի մէջ գո­նէ եր­կու մար­զահ­րա­պա­րակ կա­ռու­ցել։ Կրնամ ը­սել, թէ հա­կա­ռակ ա­նոր, որ այս շար­ժու­մը ար­տա­սահ­մա­նեան է, եւ բազ­մա­թիւ եր­կիր­ներ մեզ­մէ ա­ւե­լի զար­գա­ցած են փո­ղո­ցա­յին մար­զան­քի ա­ռու­մով, բայց Հա­յաս­տա­նի մէջ կայ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն մը, որ ու­րիշ ոչ մէկ տեղ կայ. այդ մէ­կը մար­զիկ­նե­րու ա­րագ հա­մախմ­բուիլն է եւ այն ջեր­մու­թիւ­նը, որ կայ մար­զում­նե­րու ըն­թաց­քին:

Street Workout-ը շար­ժում մըն է, ո­րու մի­ջո­ցաւ մենք ո՛չ միայն կը մար­զենք ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, այ­լեւ կը լու­ծենք բազ­մա­թիւ այլ խնդիր­ներ, ո­րոնք կան մեր հա­սա­րա­կու­թեան մէջ. օ­րի­նակ, ծխե­լու դէմ պայ­քար կը տա­նինք, կը քա­րո­զենք ա­ռողջ սնուն­դը, հա­մախմ­բուա­ծու­թիւ­նը, ի­րա­րու օգ­նե­լը։ Աշ­խա­տանք կը տա­նինք նա­խա­զօ­րա­կո­չա­յին տա­րի­քի ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հետ, կը զբա­ղինք ա­նոնց ֆի­զի­քա­կան ու հո­գե­կան ա­ռող­ջու­թեամբ։ Ու­նինք ար­դէն շուրջ հա­րիւր մար­զիկ, ո­րոնք կը պատ­րաս­տուին ծա­ռա­յել բա­նա­կի մէջ։ Վստահ եմ, որ ա­նոնց դիւ­րին ծա­ռա­յու­թիւն կը սպա­սէ բո­լոր ա­ռում­նե­րով։ Կան ար­դէն ծա­ռա­յող­ներ, կապ կը պա­հենք ա­նոնց հետ, կը հե­տե­ւինք: Ես շատ կը կա­րե­ւո­րեմ մար­զե­րու մէջ մեր շարժ­ման տա­րա­ծու­մը, ար­դէն շատ քա­ղաք­ներ միա­ցած են, մար­զե­րու մէջ մա­նա­ւանդ լաւ մարզուող­ներ ու­նինք:

Մենք կ՚ու­զենք ստեղ­ծել նոր Հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը՝ ա­ռողջ, հո­գիով եւ մարմ­ի­նով կո­փուած։

Լաւ տղա­մար­դու կեր­պա­րը, ցա­ւօք սրտի, այ­սօր քիչ մը տար­բեր է Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ ան ու­տող, խմող, վա­յե­լող, շուայտ կեան­քի ձգտող տղա­մար­դու կեր­պարն է։ Մենք կը ստեղ­ծենք այդ կեր­պա­րի հա­կա­պատ­կե­րը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

 

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2015