ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք՝ նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի։ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս կատարուած արարողութեան ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Հայաստան եւ Արցախ աշխարհի խաղաղութեան եւ անսասանութեան համար։ Միաբաններու մասնակցութեամբ կատարուած մաղթանքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը աշխարհասփիւռ հայութեան փոխանցեց իր պատգամը։ Հանրապետական մաղթանքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը ներկաները հրաւիրեց վերստին միասնաբար աղօթելու Հայաստանի խաղաղութեան ու անվտանգութեան, հայ ժողովուրդի ապահով կեանքի ու բարօրութեան, նաեւ յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան զոհուած ազգի հերոս զաւակներու հոգիներու խաղաղութեան ու հանգստութեան համար։ Վեհափառ Հայրապետը պատգամին մէջ ըսաւ հետեւեալը.

Այսօր, սրբազան այս տաճարի նուիրական կամարներու ներքեւ համախմբուած ենք մեր հոգեւոր դասու եւ հաւատացեալներու հետ՝ աղօթք առ Աստուած բարձրացնելու մեր հայրենիքի խաղաղութեան ու անվտանգութեան եւ մեր ժողովուրդի ապահով կեանքին համար։

Արցախ աշխարհի ազատութիւնն ու անկախութիւնը, խաղաղ ու ստեղծագործ կեանքը մեր սրբազան արժէքները պահպանելու գոյամարտը վերստին կը մղենք այս օրերուն, նորօրեայ մեր պատմութեան այս վճռական պահուն։

Անկախ ու ազատ ապրելու իրաւունքը աստուածապարգեւ շնորհ մըն է, անվիճելի եւ անձեռնմխելի։ Այդ իրաւունքի պաշտպանութեան համար մեր ժողովուրդը վճռական է ու հաստատակամ։ Ինչպէս յաճախ մեր պատմութեան ընթացքին, այսօր ալ ազգս հայոց այլընտրանք չունի՝ քան զինուած դիմակայութեամբ արժանապատուօրէն պաշտպանելու իր կեանքն ու ազատութիւնը։ Մենք մեր ժողովուրդի հետ խստօրէն կը դատապարտենք Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւնները Արցախի Հանրապետութեան դէմ, ինչպէս նաեւ ոտնձգութիւնները Հայաստանի սահմաններուն դէմ։ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները, որոնք կ՚ընթանան Թուրքիոյ անվերապահ աջակցութեամբ, կը կասեցուին աննկուն ոգիով եւ աստուածապաւինութեամբ հայոց քաջարի բանակի մեր խիզախ զօրականներու եւ զինուորներու։ Արդարեւ, «Տէրն է մեր օգնականն ու փրկութիւնը… Եւ Տէրն է խորտակում պատերազմները» (հմմտ. Ելից 15.2-3)։

Սիրելիներ, ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը մեր կողմն են եւ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործը Աստուծոյ օգնականութեամբ եւ ամբողջ հայութեան միասնականութեամբ վերստին պիտի պսակենք յաղթանակով։ Մեզ կ՚ոգեշնչէ հայրենասիրական յաղթական այն ոգին, որով մեր ժողովուրդի զաւակները կը շտապեն լրացնել հայրենիքի պաշտպաններու շարքերը եւ միաւորել ուժերն ու հնարաւորութիւնները՝ ի խնդիր անշրջելի յաղթանակի։ Այսօր պահն է, որպէսզի ազգովին անվեհեր պայքարով մեր հայրենիքը պաշտպանենք եւ վկայենք մեր միասնականութեան ուժն ու ոգիի անպարտելիութիւնը։ Մեր հերոսական մաքառումները՝ արձանագրուած հայոց պատմութեան փառաւոր էջերուն, ապացուցանած են, թէ ազգային համախմբումն ու միասնականութիւնը յաղթանակներ կը կերտեն եւ կը պարզեն լուսաւոր հորիզոնները մեր գալիքի։

Սիրելի զաւակներ մեր, Հայրապետիս յորդորն ու պատգամն է՝ ամուր պահել հայրենանուիրումի եւ ազգանուիրումի ոգին, համախմբել համազգային մեր ամբողջ ներուժը՝ պաշտպանելու մեր հայրենիքը եւ թոյլ չտալու ոտնահարումը մեր ազգային արժանապատուութեան, թանկ գնով ձեռք բերուած մեր ազատութեան ու անկախութեան եւ ազգային մեր իրաւունքներուն։

Մեր ժողովուրդի առջեւ յառնած այս փորձութեան յանդիման մենք ուղերձներ յղած ենք պետութիւններու ղեկավարներու, մեր քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներու, կրօնապետներու եւ միջեկեղեցական զանազան կազմակերպութիւններու ղեկավարներու։ Ատրպէյճանի բռնատիրական ու յարձակողական ընթացքներու դէմ կարեւոր են քաղաքակիրթ աշխարհի ջանքերը՝ տարածքաշրջանէ ներս իրավիճակի կայունացման, խաղաղութեան եւ ստեղծագործ ու ապահով կեանքի վերահաստատման համար։ Մարդկային կեանքերը սուրբ են ու աստուածապարգեւ եւ անոնց դէմ ոտնձգութիւնը՝ աստուածամերժութիւն։ Խորապէս կը ցաւինք մեր ամէն մէկ զոհի եւ վիրաւորի համար։ Կորով ու քաջասրտութիւն կը մաղթենք մեր զինուորներու ծնողներուն, շուտափոյթ ապաքինում բոլոր վիրաւորներուն, Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւն՝ զոհուածներու հարազատներուն։

Ի խորոց սրտի կը հայցենք Աստուծոյ Ս. Աջի հովանին ու զօրակցութիւնը։ Մեր բանակի քաջարի զինուորներուն, արցախահայ մեր խրոխտ զաւակներուն, աշխարհասփիւռ մեր ողջ ժողովուրդին։ Թող Տիրոջ պահպանութիւնն ու օրհնութիւնը տարածեալ ըլլան մեր հայրենեաց եւ համայն հայութեան վրայ։

ՇՐՋԱԲԵՐԱԿԱՆ

Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը այս առաւօտ հաղորդեց, որ Վեհափառ Հայրապետը շրջաբերական նամակներ ուղարկած է Հայ Եկեղեցւոյ թեմերուն եւ համայնքներուն՝ Արցախի մէջ վերջին օրերուն ստեղծը-ւած պատերազմով պայմանաւորուած։ Մասնաւոր յանձնարարական տրուած է Հայկական զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդին, ներքին թեմերու առաջնորդներուն եւ եկեղեցական բոլոր կառոյցներուն՝ սատար հանդիսանալ զինուորներուն եւ հնարաւոր օժանդակութիւնը ցուցաբերել Արցախի ժողովուրդին։

Նորին Սրբութիւնը նաեւ յորդոր ուղղած է աշխարհասփիւռ թեմերուն եւ համայնքներուն՝ որպէսզի հանգանակութիւններ կազմակերպուին եւ հաւաք-ւած միջոցները ծառայեցուին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ ձեռնարկուած «Մենք ենք, մեր սահմանները» ծրագրին՝ ի նպաստ երկրի առջեւ ծառացած դժուարութիւններու յաղթահարման։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2020